Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ Արգելքները Մեղմացնելէն

April 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորվեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով երկրին մէջ գործող արգելքներու որոշ մասը պիտի ջնջեն: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Այս գծով Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկ նշած է. «Միասին յաջողեցանք վերահսկողութեան տակ առնել ժահրը, հետեւաբար քայլ առ քայլ կրնանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին»:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ 20 ապրիլէն սկսեալ երկրին մէջ պիտի վերաբացուին մանկապարտէզները, իսկ 27 ապրիլէն` նախակրթարանները: Այդ օր կը նախատեսուի նաեւ մասնակի կերպով վերսկսիլ աշխատանքի ծառայութիւններու ոլորտի մէջ, օրինակ` վարսայարդարներ, ճաշարաններ եւ այլն:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակը, սակայն, յայտարարեց, որ, հակառակ կարգ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող «դրական ցուցանիշերուն», տակաւին կանուխ է ժահրը վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով հաստատուած արգելքները մեղմացնելու:

Կազմակերպութիւնը շեշտեց, որ այժմ պահը «հասարակութեան ամբողջական աջակցութեամբ համաճարակին դէմ պայքարելու ուղղութեամբ մեր հաւաքական ջանքերը կրկնապատկելունը կամ եռապատկելունն է»:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Հանս Քլիւկըն` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պիւտճէին աջակցութեան դադրեցման վերաբերող մտադրութիւնը, յայտնեց, որ աշխարհը ներկայիս կը գտնուի «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի վճռական փուլին մէջ, եւ այս օրերուն կարելի չէ կրճատել Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տրամադրուող ֆինանսաւորումը:

«Իբրեւ շրջանային տնօրէն` ես կը պատասխանեմ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ 53 անդամներու անունով, եւ կ’ըսեմ` ո՛չ: Մենք տակաւին այդ համաճարակի վճռական փուլին մէջ ենք, այնպէս որ, հիմա ֆինանսաւորման կրճատման ժամանակը չէ»:

Թրամփ նախապէս քննադատած էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, որ, ըստ անոր, կը ֆինանսաւորուի հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, սակայն կեդրոնացած է Չինաստանի վրայ: Աւելի ուշ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Սպիտակ տան ղեկավարը չէր բացառած, որ Ուաշինկթըն պիտի դադրեցնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նաեւ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէան այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, ուր «Քորնա» ժահր գոյութիւն չունի:

Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնեց, թէ «Քորոնա»-ի համաճարակը շուրջ 195 միլիոն լիաժամ պաշտօն կը վտանգէ եւ նախատեսեց, որ այս տարի 25 միլիոն աշխատատեղի կորսուի:

«Փակման ամբողջական կամ մասնակի քայլեր այժմ կ’ազդեն շուրջ 2,7 միլիառ աշխատաւորի կամ համաշխարհային աշխատուժի շուրջ 81 առ հարիւրին վրայ», ըսաւ կազմակերպութիւնը` նշելով. «Պանդոկներու, սննդեղէնի, ապրանքներու արտադրութեան եւ փոքրաքանակ առուծախի նման մեծապէս վնասուած ծառայութիւններու ոլորտներու մէջ շուրջ 1,25 միլիառ աշխատաւոր կը գործէ»:

Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ճէյ Ռայտըր նշեց. «Այս տուեալները խօսուն են. աշխատանքի աշխարհը արտասովոր նահանջէ կը տառապի»:

Ֆրանսական կառավարութեան առողջապահական հարցերով խորհրդականը երէկ յայտնեց. «Շուրջ 17 միլիոն ֆրանսացիներ կրնան տարիքի կամ երկարատեւ հիւանդութիւններու պատճառով վարակուիլ «Քորոնա» ժահրով»:

«Ճոն Հոփքինզ» համալսարանը հաղորդեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով 1939 անձեր մահացած են` մահերուն թիւը բարձրացնելով 12.722-ի: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ վարակուածներու թիւով աշխարհի վրայ առաջին դիրքի վրայ է, անոր կը հետեւին Իտալիան եւ Սպանիան:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 3892 անձեր վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով` այդպիսով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 34.109-ի: Երկրին մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին նաեւ 76 մահ արձանագրուեցաւ, եւ մահացածներուն թիւը հասաւ 725-ի:

Ազրպէյճանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 76 անձեր վարակուեցան «Քորոնա»-ով: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 717-ի, իսկ մահացածներունը 8 է:

Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1175-ով եւ հասաւ 8672-ի: Մահացածներուն թիւը 68 է:

Իսրայէլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա»-ով վարակուեցան 156 անձեր` ընդհանուր թիւը հասաւ 9404-ի: Մահացածներուն թիւը 66 է:

Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 4003 անձեր վարակուեցան ժահրով, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 103.228-ի: Նոյն ժամերուն 254 մահ արձանագրուեցաւ, եւ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 1861-ի:

Զուիցերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 22 հազարի, իսկ մահացածներունը հասաւ 705-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը 10.384 է, մահացածներունը` 200: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 5194 է, մահացածներունը` 149: Մեքսիքայի մէջ վարակուածներուն թիւը 2785 է, իսկ մահացածներունը` 141:

Թունուզի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 623 է, իսկ Օմանի մէջ` 419:

 

 

Նախորդը

Չարին Խափանումը Այլակերպութեամբ

Յաջորդը

Ռոնալտինիօ Բանտէն Դուրս Եկաւ,Բայց Կը Մնայ Կալանքի Տակ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.