Միացեալ Նահանգներ «ՕՓԵՔ+»-ի երկիրներուն հետ պիտի չհամակարգէ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատումը, որովհետեւ ամերիկեան քարիւղի ընկերութիւնները արդէն կրճատած են քարիւղի արդիւնահանումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Չեմ կարծեր: Մենք արդէն կրճատած ենք: Եթէ ուսումնասիրէք Թեքսասի, Հիւսիսային Տաքոթայի, որոշ այլ նահանգներու գործունէութիւնը, պիտի տեսնէք, որ անոնք արդէն կրճատած են», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Աղբիւրներ երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսիան համաձայնութիւն գոյացուցած են քարիւղի արդիւնաբերութեան մեծ կրճատումի շուրջ»: