Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը, Բրիտանիան, Ուքրանիան եւ Վրաստանը արգելակած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Ռուսիոյ առաջարկած բանաձեւին որդեգրումը:
Բանաձեւը կ’առաջարկէր ջնջել միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք կը խանգարեն պայքարիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան:
Ռուսիան Ընդհանուր ժողովին առաջարկած էր հռչակագիր որդեգրել «Քորոնա» ժահրին դէմ միացեալ պայքարի մասին: Փաստաթուղթը կ’ընդունէր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յառաջատար դերը համաճարակի դէմ պայքարին մէջ:
Փաստաթուղթի բնագիրին համաձայն, պետութիւնները կը համաձայնին իրարու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համագործակցիլ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ բուժման մեթոտներու ստեղծման հարցին շուրջ:
Բացի ատկէ, փաստաթուղթը կոչ կ’ուղղէր օգնութիւն ցուցաբերելու համաճարակէն ամէնէն շատ վնասուած երկիրներուն, յատկապէս զարգացող երկիրներուն, հրաժարելու շուկայական պատերազմներէն եւ միակողմանի պատժամիջոցներէն:
Ռուսիոյ կողքին ՄԱԿ-ի 28 երկիրներ դարձած էին այս հռչակագիրի համահեղինակ:
«Ինչպէս յայտնի է, մեր ներկայացուցած փաստաթուղթի համախոհական ընդունումը չյաջողեցաւ: Ատոր խանգարած են Ուքրանիան, Վրաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը: Կը ցաւինք, որ պատժամիջոցային քաղաքականութեան սատարող շարք մը երկիրներ պատրաստ չէին արձագանգելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կոչին եւ հրաժարելու իրենց քաղաքական մօտեցումներէն ու շահերէն: Իբրեւ հետեւանք նոր համաճարակին համաշխարհային ուժեղ հարուած տալը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ: Մեծաթիւ մարդիկ կրնան տուժել, մանաւանդ զարգացող երկիրներու մէջ», նշուած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան մեկնաբանութեան մէջ:
Մեկնաբանութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Մոսկուա պիտի չուզէր գրաւոր տեսքով տեսնել եւ լսել իր հռչակագիրի արգելակման տրամաբանութիւնն ու հիմնաւորումները Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ կողմէ:
«Միեւնոյն ժամանակ մենք պիտի ուզէինք Ուքրանիան ու Վրաստանը ազատել այդպիսի ջանքերէն, որովհետեւ անոնց հիմնաւորումները սովորաբար ամբարտաւան եւ քաղաքականացուած են եւ ոչինչ կու տան բազմաթիւ անդամ պետութիւններուն` պատճառները հասկնալու համար» նշած է Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութիւնը:
Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ առաջարկած հռչակագիրը արգելակուած է պետութիւններու փոքր խումբի մը կողմէ, Ռուսիան պիտի շարունակէ իր աջակիցներուն հետ համակարգել այս հարցով քայլերը եւ յոյս ունի, որ բոլոր շահագրգիռ երկիրները պիտի միանան իրենց:



