Աֆղանական Թալեպան շարժումի քաղաքական բանբեր Սուհէյլ Շահին յայտարարեց. «Շարժումը պիտի դադրեցնէ բանտարկեալներու փոխանակման վերաբերեալ աֆղանական կառավարութեան հետ ամուլ բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը»:
Ան Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի վարչակազմը մեղադրեց բանտարկեալներու ազատ արձակումը «այս կամ այն պատրուակով» ուշացնելու յանցանքով: «Ուստի մեր թեքնիք խումբը վաղուընէ սկսեալ պիտի չմասնակցի առնչակից կողմերուն հետ ամուլ հանդիպումներուն», ըսաւ Շահին:
Նշենք, որ երկու կողմերը անցեալ շաբթուընէ ի վեր Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ բանակցութիւններ կը վարէին վերջին դասաւորումները կատարելու բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ, որ պէտք էր տեղի ունենար 10 մարտին:
Կառավարութեան պատուիրակութեան անդամներէն Մեթին Պիք յայտնեց, որ բանտարկեալներու ազատ արձակումը ուշացած է, որովհետեւ թալեպանները կը պահանջեն ազատ արձակել 15 «բարձրաստիճան ղեկավարներ: Եւ մենք չենք կրնար ազատ արձակել մեր ժողովուրդը սպաննողները»:
«Չենք ուզեր, որ անոնք ճակատամարտի դաշտ վերադառնան եւ ամբողջ նահանգի մը տիրեն», ըսաւ ան:
Պիք յայտենց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է, իբրեւ բարի կամեցողութեան քայլ, ազատ արձակելու ղեկավար չեղող շուրջ 400 թալեպան բանտարկեալներ` բռնարարքներու «մեծ» նուազումի մը դիմաց, սակայն Թալեպան շարժումը մերժեց առաջարկը:



