Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եւրոպական Միութիւնը Կանգնած Է Դարակազմիկ Մարտահրաւէրի Առջեւ, Որմէ Կախեալ Է Ոչ Միայն Իր, Այլ Նաեւ Ամբողջ Աշխարհին Ապագան»

April 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Զատկուան պատարագին յաջորդած ուղերձին մէջ նախազգուշացուցած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ զերծ մնալու «եսասիրութենէն»` Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղելով` համերաշխութիւն դրսեւորելու ճգնաժամային ներկայ իրավիճակի մէջ: Այս մասին կը գրէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Կիրակի, 12 ապրիլին, Ս. Զատիկի առիթով պապը Ս. պատարագ մատուցեց դատարկ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ: Պատարագին յաջորդած «Յանուն քաղաքի եւ ամբողջ աշխարհի» ուղերձին մէջ կաթողիկէներու հոգեւոր պետը նշեց, որ իր միտքը նախ եւ առաջ «Քորոնա» ժահրէն անմիջականօրէն տառապողներուն» հետ է:

Ան քաղաքական ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` «աշխուժ կերպով աշխատելու համընդհանուր բարօրութեան համար»` նշելով, որ «Եւրոպական Միութիւնը կանգնած է դարակազմիկ մարտահրաւէրի առջեւ, որմէ կախեալ է ոչ միայն իր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին ապագան»:

«Քորոնա» ժահրով վարակուած աշխարհի բազմաթիւ շրջաններէն ես յատկապէս կ’առանձնացնեմ Եւրոպան: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք այս սիրելի ցամաքամասը համերաշխութեան ոգիի շնորհիւ կարողացաւ դարձեալ բարձրանալ, ինչ որ անոր արտօնեց յաղթահարել անցեալի մրցակցութիւնը: Աւելի քան երբեւէ, յատկապէս ներկայիս, անհրաժեշտ է, որ այդ մրցակցութիւնը չվերականգնէ իր ուժը, եւ որ բոլորը զիրար ճանչնան իբրեւ միասնական ընտանիքի մաս եւ աջակցին իրարու: Եկէք, սակայն, չլքենք մեր համերաշխութիւնը, եւ անգամ մը եւս այդ մէկը ապացուցելու հնարաւորութիւնը: Միակ այլընտրանքը որոշ շահերու եսասիրութիւնն է եւ դէպի անցեալ վերադառնալու գայթակղութիւնը, որ լուրջ վնաս պիտի հասցնէ խաղաղ գոյակցութեան եւ ապագայ սերունդներու զարգացման», շեշտեց պապը:

Բրիտանական օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Եւրոպական Միութիւնը տարբեր առիթներով քննադատուած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին մէջ համերաշխութեան եւ մասնաւորաբար` տնտեսական ոլորտին մէջ պատասխան քայլերու համակարգման բացակայութեան համար:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ. «Քորոնա» Ժահրը Երկար Ատեն Կրնայ Հետապնդել Մարդկութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.