Մերքել. «Եւրոպական Միութիւնը Իր Ստեղծումէն Մինչեւ Օրս Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Կը Դիմագրաւէ»
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տագնապը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, զոր Եւրոպական Միութիւնը կը դիմագրաւէ իր ստեղծումէն ի վեր: Մերքելը երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը պէտք է աշխատին, որ Եւրոպան այս ուժեղ տագնապէն դուրս գայ: Ասիկա առաջին հերթին կը ներառէ եւրոյի գօտիի երկիրները, եւ Գերմանիան այս պայմաններուն մէջ պիտի կարողանայ յաջողիլ երկար ժամկէտի վրայ, միայն եթէ...




















