Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Կառավարութիւնը Յայտարարեց, Թէ Անկարող Է «Քորոնա»¬ի Դէմ Պայքարելու. Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Պիտի Շնչէ Արհեստական Շնչառական Սարքով

Ապրիլ 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, երէկ շտապ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, որովհետեւ կարիք ունեցաւ արհեստական շնչառութեան սարքի օժանդակութեան: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Բրիտանիոյ առողջապահութեան ազգային համակարգի ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրին:

Բրիտանիոյ վարչապետը երէկ յայտարարեց, որ բարձր տրամադրութեան մէջ է եւ իր կառավարութեան նախարարներուն հետ կը կապուի մնայուն կերպով:

Մէկ օր առաջ վարչապետին բանբերը յայտնած էր, որ Ճոնսըն, որուն առողջական խնդիրները` բարձր ջերմութիւնն ու հազը տակաւին կային, բուժող բժիշկին խորհուրդով տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Կաունինք Սթրիթէն հաւաստած են` վարչապետը կը շարունակէ գլխաւորել կառավարութիւնը եւ կապի մէջ է նախարարներու խորհուրդին հետ:

Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լէօֆվեն երէկ խոստովանեցաւ, որ իր կառավարութիւնը անկարող է պայքարիլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ` աւելցնելով, որ հազարաւորներ պիտի մահանան համաճարակին պատճառով:

Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտնեց, որ կառավարութիւնը նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ հակաճգնաժամային քայլերու շարքին ծրագրած է նուազեցնել բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աշխատավարձը:

«Համաձայնութիւն գոյացուցած ենք, որ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը նուազեցուին, փոխտնօրէնէն սկսած մինչեւ հանրապետութեան նախագահ, որոնց պարգեւավճարները պիտի ջնջուին», աւելցուցած է Լոփես Օպրատոր:

Մեքսիքայի նախագահը չէ նշած, որ որքան ժամանակով պիտի սառեցուին վճարումները եւ ջնջուին պարգեւավճարները` ընդգծելով, որ իր ընտրուելէն ետք կառավարութեան որդեգրած ազգային զարգացման ծրագիրը պիտի չփոխուի քարիւղի շուկային մէջ ճգնաժամի եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքներուն պատճառով, եւ անիկա պիտի ուղղուի երկրին մէջ հասարակութեան ամէնէն աղքատ եւ առաւել խոցելի խաւերուն:

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ փորձագէտները կը զգուշացնեն, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը Բրիտանիոյ տնտեսութեան օրական 2,4 միլիառ սթերլինկի վնաս կը հասցնէ:

Զեկուցումի համաձայն, միլիոնաւոր աշխատակիցներու տուն մնալու հրաման տրուելէն ետք, երկրին մէջ արտադրութեան մակարդակը 31 առ հարիւրի անկում կրած է:

Ամէնէն աւելի վնասուած են արդիւնաբերական գործարանները, խանութները, ճաշարանները, պանդոկներն ու շինարարական ոլորտը, որովհետեւ անոնց աշխատակիցները չեն կրնար տունէն աշխատիլ:

Կառավարութեան խորհրդական փրոֆ. Կրահամ Մետլի, իր կարգին, զգուշացուցած է, որ սահմանափակումները հարուած պիտի հասցնեն պիւտճէին այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին գումարի շարունակական հոսքին շնորհիւ:

Ըստ հաշուարկներու, երկրին մէջ շինարարական ոլորտը օրական 237 միլիոն սթերլինկ վնաս կը կրէ, իսկ մանրածախ վաճառողները` 156 միլիոն սթերլինկ:

Օրաթերթի աղբիւրներէն մէկը նշած է, որ սահմանափակումները պէտք չէ շարունակուին ապրիլ ամսուան աւարտէն ետք, որովհետեւ երկրի տնտեսութիւնը որոշ ժամանակ մը կրնայ այս կացութիւնը տանիլ, սակայն ատիկա չի կրնար անվերջ շարունակուիլ:

Գերմանական վարակիչ հիւանդութիւններու «Ռապըրթ Քոխ» հիմնարկը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ մէջ չորրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւի անկում արձանագրուած է: Վերջին քսանչորս ժամուան ընթացքին երկրին մէջ վարակուած են 3677 անձեր. կիրակի օր այդ թիւը 59.36 էր: Վարակուածներուն թիւը հասած է 95.391¬ի, իսկ մահացածներուն թիւը աւելցած է 92¬ով եւ հասած` 1434¬ի:

Իսրայէլի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8611¬ի, իսկ մահացածներունը` 55¬ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 10.284¬ի, իսկ մահացածներունը` 186¬ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 4067¬ի, իսկ մահացածներունը` 109¬ի: Ուքրանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1319¬ի, իսկ մահացածներունը` 38¬ի:

Ըստ Ազրպէյճանի կառավարութեան կից գործող աշխատանքային շտապին, Ազրպէյճանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 57 անձեր վարակուած են «Քորոնա» ժահրով եւ այդպիսով երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 641¬ի, իսկ մահացածներուն թիւը 7 է: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 60.500¬ի, իսկ մահացածներունը`3739: Սէուտական Արաբիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2523¬ի, իսկ մահացածներունը` 38¬ի:

Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան 954 անձեր եւ երկրին մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 6343¬ի: Վրաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 188¬ի, Օմանի մէջ` 331¬ի:

 

 

 

Նախորդը

Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Քորոնա»¬էն Մահացածներուն Մասին Փեքինի Հրապարակած Թիւերը «Ցաւալի Կատակ» Կ՛որակէ. Չինաստանի Դեսպանը Կը Պատասխանէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2020)

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?