«Թուիթըր»-ի ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի առնչուած 32 հազար օգտահաշիւ արգելափակած է: Ըստ բացատրութեան, ատոնք կիրարկուած են «այդ երկիրի իշխանութիւններուն համար շահաւէտ քաղաքական տեղեկատուութեան տարածման համար»:
Ընկերային ցանցի կայքին վրայ տեղադրուած բացատրութեան համաձայն, օգտահաշիւներու մեծ մասը պատկանած է Չինաստանէն օգտատէրերու` 23.750, 1152-ը արձանագրուած եղած են Ռուսիոյ մէջ, առնչուած են «Արդիական քաղաքականութիւն» կայքի հետ, որ «քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ` ի պաշտպանութիւն Մոսկուայի»:
Փակուած են նաեւ Թուրքիոյ առնչուած 7340 օգտահաշիւներ, որոնք կապուած են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երիտասարդական թեւին:
Անոնք մասնաւորաբար աշխուժ կերպով աշխատած են ապատեղեկատուութեան տարածմամբ եւ 37 միլիոն գրառումներով գովերգած են իշխող կուսակցութեան անդամ քաղաքագէտները եւ քննադատած ընդդիմադիրները: