Միջազգային

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Անգարա. «Ֆրանսան Լիպիոյ Մէջ Մութ Գործերով Զբաղած Է»

Փարիզ. «ՕԹԱՆ Պէտք Է Լուծէ Եւ Ոչ Թէ Անտեսէ Թրքական Խնդիրը» Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան` Լիպիոյ ներքին գործերուն միջամտելուն համար Թուրքիոյ ուղղած մեղադրանքներուն` յայտարարելով, որ Ֆրանսան Լիպիոյ մէջ մութ գործերով զբաղած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանը Փարիզ այցելած Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հարցումին մեր...

Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ  Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը  Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արաբական հարցերուն մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնը եւ զինեալներ ու ահաբեկիչներ լիպիական հողեր փոխադրելը արաբական գետնի վրայ մերժելի եւ դատապարտելի են: Ան նշեց, որ Թուրքիան Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ իր համաձայնութեան ետին կը թաքնուի տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական շահեր իրագործելու համար: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի...

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ` Լաւրով-Զարիֆ Հանդիպում

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Զարիֆ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ զարգացումներով` մատնանշելով «Դամասկոսի վրայ յաւելեալ տնտեսական ճնշումներ բանեցնելու Ուաշինկթընի» փորձերը եւ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն ամէն ինչ ըրաւ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայելու համար»: Ան հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք` Ռուսիան...

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

Թուրքիան Օդային Հարուածներ Հասցուցած Է Իրաքի Եզիտիական Տարածքներուն

Թուրքիան շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն: Օդային հարուածները հասցուած են Սինժար լերան վրայ գտնուող տարածքի մը, ուր կը բնակի եզիտիներու փոքրամասնութիւնը, եւ ուր 2014 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուած է եզիտիներու ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Տարածքը կարելի չէ եղած վերականգնել` թրքական օդուժի մնայուն սպառնալիքներու եւ զինեալ խումբերու, ապստամբներու եւ...

Լիպիոյ Մէջ ՄԱԿ-ի Հովանաւորած Հոլովոյթը Ամրապնդելու Կարեւորութեան Շուրջ` Մերքել-Էրտողան Համաձայնութիւն

Լիպիոյ Մէջ ՄԱԿ-ի Հովանաւորած Հոլովոյթը Ամրապնդելու Կարեւորութեան Շուրջ` Մերքել-Էրտողան Համաձայնութիւն

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է տեսաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Լիպիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը: «Մերքել եւ Էրտողան համաձայնեցան Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծման հասնելու ՄԱԿ-ի հովանաւորած խաղաղութեան հոլովոյթը ամրապնդելու կարեւորութեան շուրջ», նշեց ան: Մինչ այդ` Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմար Չելիք յայտնեց. «Թուրքիան կը կանգնի Ֆայեզ...

Հիւսիսային Քորէան Կը Սպառնայ Զօրք Մտցնել Թերակղզիի Ապառազմականացած Գօտի

Հիւսիսային Քորէան Կը Սպառնայ Զօրք Մտցնել Թերակղզիի Ապառազմականացած Գօտի

Հիւսիսային Քորէայի բանակի սպայակոյտը յայտարարած է, թէ կրնայ զօրք մտցնել քորէական թերակղզիի ապառազմականացած համարուող տարածքներ, որոնք այդպիսի կարգավիճակ ստացած են Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրներով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Հիւսիսային Քորէայի լրատու գործակալութիւնը: Սպայակոյտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Հիւսիսային Քորէայի բանակը անմիջապէս եւ հետեւողականօրէն պիտի գործադրէ կուսակցութեան եւ կառավարութեան որեւէ հրահանգ: «Մենք...

«Ամերիկայի Մէջ Ցոյցերը Երկրին Մէջ Խոր Ներքին Տագնապներու Գոյութեան Ցուցանիշ Են» Կ՛ըսէ Փութին

«Ամերիկայի Մէջ Ցոյցերը Երկրին Մէջ Խոր Ներքին Տագնապներու Գոյութեան Ցուցանիշ Են» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու մէջ անկարգութիւնները պարզապէս շարունակութիւնն են այն կացութեան, որ ստեղծուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութենէն ետք, երբ Տանըլտ Թրամփ յաղթանակ արձանագրեց, սակայն անոր հակառակորդները շարունակեցին կասկածի տակ առնել այդ յաղթանակին օրինականութիւնը: Փութին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ երկրին մէջ կարգ մը ներքին խոր տագնապներու...

Զարիֆ Եւ Տաւութօղլու Եմէնի Եւ Լիպիոյ Հարցով Համակարծիք Են

Զարիֆ Եւ Տաւութօղլու Եմէնի Եւ Լիպիոյ Հարցով Համակարծիք Են

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ Ասթանայի հոլովոյթին առնչուող հարցեր` նշելով, որ Թուրքիան կը մերժէ Իրանի դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները: «Պիտի շարունակենք Իրանի հետ սուրիական եւ շրջանային այլ հարցերու առումով գործակցիլ», նշեց Չաւուշօղլու:...

Թուրքիան Կ՛արգելակէ ՕԹԱՆ-ի Հակառուսական Ծրագիրը

Թուրքիան Կ՛արգելակէ ՕԹԱՆ-ի Հակառուսական Ծրագիրը

Թրքական իշխանութիւնները կ՛արգելակեն ՕԹԱՆ-ի, Արեւելեան Եւրոպայի, մասնաւորաբար` Պալթեան երկիրներու եւ Լեհաստանի համար պաշտպանութեան նոր ծրագիրի իրագործումը, որ ուղղուած է Ռուսիոյ «զսպումին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Փրես»-ը: Ծրագիրը հաստատելու համար Անգարան կը պահանջէ շրջանին մէջ իր շահերու աւելի լայն աջակցութիւն: Թուրքիան, օրինակ, կ՛ուզէ, որ դաշինքի մնացած անդամները քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ներառեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին...

Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ «Արծիւի Մագիլ» Զինուորական Գործողութեան Սկսած Է

Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քիւրտերուն Դէմ «Արծիւի Մագիլ» Զինուորական Գործողութեան Սկսած Է

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը 14 յունիսին Իրաքի հիւսիսը «Արծիւի մագիլ» անունով զինուորական գործողութիւնը շղթայազերծած է Թուրքիոյ մէջ արգիլուած եւ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան թուիթըրեան օգտահաշիւը: «Մեր օդանաւերը ժայռերը կը փլեն ահաբեկիչներուն գլխուն», նշուած է նախարարութեան գրութեան մէջ: Իրաքի հիւսիսը կը գտնուին ՔԱԿ-ի ռազմակայաններ, որոնց դէմ զինեալ ուժերը օդային ու ցամաքային...

Չինաստանի Մէջ Համաճարակի 2-րդ Ալիքի Մտավախութիւն.  «Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա»-էն Ետք Կեանքը Իր Բնականոն Ընթացքին Պիտի Վերադառնայ Միայն Յառաջիկայ Տարի» Կ՛ըսէ Ֆաուչի

Չինաստանի Մէջ Համաճարակի 2-րդ Ալիքի Մտավախութիւն. «Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա»-էն Ետք Կեանքը Իր Բնականոն Ընթացքին Պիտի Վերադառնայ Միայն Յառաջիկայ Տարի» Կ՛ըսէ Ֆաուչի

Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր վարակաբան եւ Սպիտակ տան «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի խումբի անդամ տոքթ. Անթընի Ֆաուչի յայտարարեց. «Նոր «Քորոնա» ժահրը կրնայ շարունակել երկու փուլով` երթով եւ դարձով»: Ան յոյս յայտնեց, որ մէկ տարիէն կամ շուրջ մէկ տարիէն համաճարակի աւարտէն ետք կարելի պիտի ըլլայ «որոշ չափով բնականոն կեանքի» հասնիլ: Ֆաուչի բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Քորոնա» ժահրի տարածումը...

Եւրոպական Միութեան Շարք Մը Երկիրներ Իրենց Սահմանները Վերաբացած Են Զբօսաշրջիկներու Դիմաց

Եւրոպական Միութեան Շարք Մը Երկիրներ Իրենց Սահմանները Վերաբացած Են Զբօսաշրջիկներու Դիմաց

Նետերլանտներու կառավարութիւնը այսօրուընէ սկսեալ իր երկրի քաղաքացիներուն զբօսաշրջութեան նպատակով 16 եւրոպական երկիր մեկնելու արտօնութիւն տուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Գերմանիան երկուշաբթի օրուընէ ջնջած է սահմանային հսկողութիւնը. Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան բացատրութիւն ներկայացնելու, թէ ի՛նչ նպատակով կը մեկնին այդ երկիր: Ֆրանսան բացած է սահմանները Եւրոպական Միութենէն եւ Շենկենի...

Իսրայէլ Կը Ձեռնարկէ «Թրամփի Բարձունքներ» Բնակեցման Վայրի Կառուցման Աշխատանքին

Իսրայէլ Կը Ձեռնարկէ «Թրամփի Բարձունքներ» Բնակեցման Վայրի Կառուցման Աշխատանքին

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ի պատիւ բնակեցման նոր վայր կառուցելու իրական քայլերուն կ՛անցնի: Այս մասին կը գրէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը` յղում կատարելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` իսրայէլեան կառավարութեան նիստի ժամանակ կատարած յայտարարութեան: Յայտնի է, որ բնակեցման վայրը պիտի ստեղծուի բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ եւ պիտի կրէ «Ռամաթ-Թրամփ» անունը, ինչ որ թարգմանաբար կը նշանակէ Թրամփի բարձունքներ: Կը նշուի, որ բնակեցման...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Թրամփ Ուզած Է Պաշտօնազրկել Էսփըրը` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անկարգութիւններուն Շուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Ուզած Է Պաշտօնազրկել Էսփըրը` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անկարգութիւններուն Շուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

Անցեալ շաբաթ նախագահ Տանըլտ Թրամփ մօտ էր Փենթակոնի ղեկավար Մարք Էսփըրը աշխատանքէն հեռացնելուն` երկրին մէջ բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու ճնշման համար Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու օգտագործման վերաբերեալ տարակարծութիւններու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով քանի մը իրազեկ պաշտօնատարներու: Ըստ անոնց, նման որոշումէն զինք ետ պահած են անոր խորհրդականները: Պաշտօնեաներու համաձայն, Թրամփին վրդովեցուցած է այն փաստը,...

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ծագումով Ափրիկեցի Մը Նշանակուած Է Ամերիկեան Օդուժի Սպայակոյտի Պետ

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ծագումով Ափրիկեցի Մը Նշանակուած Է Ամերիկեան Օդուժի Սպայակոյտի Պետ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը վաւերացուցած է օդուժի սպայակոյտի պաշտօնին ծագումով ափրիկեցի զօրավար Չարլզ Պրաունի նշանակումը: «Փոլիթիքօ» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այդ պաշտօնը պիտի վարէ ծագումով ափրիկեցի զինուորական մը: Անոր թեկնածութեան աջակցած է 98 ծերակուտական, ոչ ոք դէմ քուէարկած է: Պրաունի նշանակումով ափրիկեցի-ամերիկացին 1993 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընդգրկուի Միացեալ Նահանգներու զինեալ...

Ռումանիան Կրնայ Ռուսիան Իբրեւ Թշնամի Պետութիւն Ճանչնալ

Ռումանիան Կրնայ Ռուսիան Իբրեւ Թշնամի Պետութիւն Ճանչնալ

Ռումանիոյ պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան նոր նախագիծին համաձայն, երկրին իշխանութիւնները կրնան Ռուսիան ճանչնալ իբրեւ թշնամի պետութիւն եւ շրջանին համար սպառնալիք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Երկրին պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը` նախագահին գլխաւորութեամբ, վաւերացուցած է ռազմավարութեան նախագիծը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ, եթէ որդեգրուի խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ: Նախագիծին մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ այս մօտեցումը կը հիմնաւորուի այն համոզումով, թէ...

Խոստանալով Չարտօնել Թուրքիոյ Կողմէ ՕԹԱՆ-ի Շահագործումը.  Ֆրանսայի Նախագահական Պալատը Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Թրքական «Անընդունելի» Միջամտութիւնը

Խոստանալով Չարտօնել Թուրքիոյ Կողմէ ՕԹԱՆ-ի Շահագործումը. Ֆրանսայի Նախագահական Պալատը Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Թրքական «Անընդունելի» Միջամտութիւնը

Փարիզ երէկ Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութեան նկատմամբ կեցուածքի մագլցում արձանագրեց, երբ այդ մէկը որակեց «անընդունելի»` ընդգծելով. «Ֆրանսան չի կրնար նման արարք արտօնել»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24»-ը` յղում կատարելով Ելիսեան պալատէն աղբիւրի մը: «Ֆրանս 24» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ շրջանային ախորժակներուն նկատմամբ վերջին ամիսներուն իր քննադատութիւնները աւելցնող Ֆրանսան յայտնած է, որ «Լիպիոյ մօտ եօթը մարտանաւեր տեղակայելը Թուրքիոյ կողմէ առաւել...

Աթլանթայի Ոստիկանութիւնը Պաշտօնազրկեց Ափրիկեցի-Ամերիկացի Պրուքսը Սպաննած Ոստիկանը

Աթլանթայի Ոստիկանութիւնը Պաշտօնազրկեց Ափրիկեցի-Ամերիկացի Պրուքսը Սպաննած Ոստիկանը

Աթլանթայի ոստիկանութեան բանբեր Քարլոս Քամփոս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ ուրբաթ գիշեր Աթլանթայի մէջ ափրիկեցի-ամերիկացի Ռէյշըրտ Պրուքսին վրայ կրակ բանալով զայն սպաննած ոստիկանը պաշտօնազրկուած է: Միջադէպին առնչուած երկրորդ ոստիկանին վարչական պաշտօն տրուած է: Աթլանթայի քաղաքապետ Քիշա Լանս Պաթըմզ յայտնեց, որ քաղաքի ոստիկանապետ Էրիքա Շիլտզ հրաժարած է իր պաշտօնէն: Պաթըմզ աւելցուց, որ ատիկա Շիլտզի որոշումն է,  եւ ան քաղաքի իշխանութիւններուն մէջ պիտի մնայ...

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիպիական Տագնապին Վերջ Տալու Նախաձեռնութիւնը Եւ Պայմաններ Կը Ճշդէ

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիպիական Տագնապին Վերջ Տալու Նախաձեռնութիւնը Եւ Պայմաններ Կը Ճշդէ

Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղա յայտնեց. «Ողջունելի են քաղաքական տագնապին վերջ տալու եւ պետութեան հաստատութիւններու միաւորման նախաձեռնութիւնները, երբ երաշխաւորուի Լիպիոյ գերիշխանութիւնը, ժողովուրդին կամքով կառավարուող իշխանութեան քաղաքային ըլլալը եւ բանակին` քաղաքային իշխանութեան ենթակայ ըլլալը»: Պաշաղա «Թուիթըր»-ի վրայ իր գրառումին մէջ աւելցուց. «Զէնքի ուժով իշխանութեան տիրելու ախորժակ ունեցող պատերազմական ոճրագործներ տեղ չունին»: Իր խօսքը ուղղելով 17 փետրուար 2011-ին...

Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Մէջ Ցոյցեր` «Սեւամորթներուն Կեանքը Կարեւոր է» Կարգախօսով

Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Մէջ Ցոյցեր` «Սեւամորթներուն Կեանքը Կարեւոր է» Կարգախօսով

Ամերիկացի-ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի եւ Ռիչըրտ Պրուքսի ամերիկեան ոստիկանութեան կողմէ սպանութենէն ետք, եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ սեւամորթներու նկատմամբ ցեղապաշտական մօտեցումներուն դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին` Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյցերուն զուգահեռ: Գերմանիոյ մէջ ձախակողմեան եւ ֆաշականութեան դէմ եղող տարբեր շարժումներու անդամ 150 ցուցարարներ Պերլինի մէջ մասնակցեցան «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով ցոյցի մը` բարձրացնելով ոստիկանութեան բռնարարքները դատապարտող, ոստիկանութեան վայրագութիւնն ու ցեղային խտրականութիւնը...

Page 452 of 884 1 … 451 452 453 … 884

Արխիւներ