Պաղեստինի վարչապետ Մուհամետ Շթայէ կը սպառնայ 1967-ի սահմաններով Պաղեստինեան պետութիւն հռչակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Իսրայէլինֆօ» կայքը:
Շթայէ երեքշաբթի օր օտարերկրեայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Այսրյորդանանէն եւ Յորդանան գետի հովիտի Իսրայէլի բռնակցման իսրայէլեան ծրագիրը կոչած է «սպառնալիք` Պաղեստինի գոյութեան»: Ան նշած է, որ եթէ 1 յուլիսին կցումի մասին յայտարարուի, ապա Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի յայտարարէ Պաղեստինի պետութեան ստեղծման մասին:
Մուհամետ Շթայէ նաեւ աւելցուցած է, որ բռնակցումը խախտում է պաղեստինցիներուն հետ գոյութիւն ունեցող բոլոր համաձայնութիւններուն. «Ասիկա միայն յայտարարութիւն չէ, մենք կը տեսնենք, թէ Իսրայէլ ինչպէս կը պատրաստուի»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց կը պատրաստուի այցելել Յորդանան` փորձելով համաձայնութիւն գոյացնել պայմաններու շուրջ, իսկ այսօր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Երուսաղէմ` Իսրայէլի ղեկավարութեան բացատրելու, թէ Գերմանիան պիտի չաջակցի բռնակցումին: