Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Մերժէ Համադաշնակցութեան Զօրավարներու Անունները Ռազմակայաններէն Վերցնելու Մասին Նոյնիսկ Մտածել

June 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ կտրուկ կերպով կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայաններէն վերցնել Համադաշնակցութեան զօրավարներու անունները: Առաջարկ մը, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած էր քննարկելու:

Նշենք, որ 1861-1865-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ ստրկատիրութեան պատճառով երկրին հիւսիսային եւ հարաւային բաժիններուն միջեւ տեղի ունեցաւ քաղաքացիական պատերազմ, երբ երկրին հարաւը մերժեց վերջ տալ ստրկատիրութեան եւ դաշնակցութենէն անջատուելով Համադաշնակցութեան հաստատումը հռչակեց:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ոմանք առաջարկեցին վերանուանել մեր առասպելական շուրջ 10-ի հասնող ռազմակայանները: Այդ ռազմակայանները ներկայիս ամերիկեան հոյակապ ժառանգութեան մէկ մասին վերածուած են»:

Ան շեշտեց, որ իր վարչակազմը «մինչեւ իսկ պիտի չսերտէ այդ կարելիութիւնը», եւ իր գրառումը աւարտեց ըսելով. «Յարգեցէ՛ք մեր բանակը»:

Թրամփ նաեւ յայտնեց. «Ուաշինկթըն նահանգի Սիաթըլ քաղաքը գրաւուած է «ներքին ահաբեկիչներ»-ու կողմէ»:

Փենթակոն երեքշաբթի օր յայտնած էր, թէ պատրաստակամ է այդ հարցը քննարկելու:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի չորեքշաբթի օր իր կարգին կոչ ուղղած էր երկրին մէջ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու ջանքերու ծիրին մէջ վերցնելու Համադաշնակցութեան ժամանակաշրջանը ներկայացնող զինուորականներու եւ պատասխանատուներու 11 արձաններ` նշելով. «Անոնց արձանները ատելութիւնը կը պատուեն»:

Նշենք, որ նշեալ արձաններուն մէկ մասը զետեղուած է Քեփիթըլ շէնքի ակնառու վայրի մը մէջ: Անոնցմէ են Ամերիկայի Համադաշնակցային նահանգներու նախագահ Ճեֆըրսըն Տէյվիսի եւ Համադաշնակցային նահանգներու փոխնախագահ Ալեքսանտր Սիվընզի արձանները:

Փելոսի յիշեցուց, որ այդ երկու անձերը Միացեալ Նահանգներու դաւաճանութեամբ ամբաստանուած են: Ան յիշեցուց Սիվընզի` 1861-ին արտասանած խօսքը, թէ Համադաշնակցութիւնը հիմնուած է «մեծ ճշմարտութեան մը վրայ, թէ նեկրը սպիտակամորթին հաւասար չէ»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ափրիկեցի-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի` սպիտակամորթ ոստիկանի մը կողմէ սպանութենէն ետք տեղի կ՛ունենան զանգուածային բողոքի ցոյցեր, որոնք վերակենդանացուցած են վէճերը Համադաշնակցութեան յիշատակը մեծարող արձանները վերցնելու շուրջ, որ պահանջն է շատերու:

Սպիտակ տան տնտեսական հարցերով խորհրդական Լարի Քուտլոու լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ համակարգային ցեղապաշտութեան նշաններ չի տեսներ:

«Ես չեմ հաւատար համակարգային ցեղապաշտութեան գոյութեան», ըսաւ ան:

Լրագրողներու ճշդող հարցումին, թէ Քուտլոու արդեօք չի՞ նկատեր, թէ ինք Հեթչի օրէնքը խախտած է` իր տեսանիւթերէն մէկուն մէջ նախագահ Տանըլտ Թրամփին աջակցելով իբրեւ թեկնածու, խորհրդականը բացասական պատասխան տուաւ: «Դուք սխալ հետքով կ՛երթաք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնական Ազատութիւններու Վերաբերեալ Զեկուցումին Մէջ Թուրքիան Դարձեալ Քննադատութիւններու Ենթարկուած Է

Յաջորդը

Թուրքիոյ Քաղաքացիներուն 73 Առ Հարիւրը Համաձայն Է Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելուն

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.