Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկացի Զինուորն«Ամերիկացի Զինուորները Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփերը Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփ

June 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի զինուորականները այլեւս պիտի չգործուղուին այլ երկիրներ եւ «պիտի չլուծեն օտար հակամարտութիւնները»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Վերջինիս խօսքով` Ուաշինկթըն կը վերադառնայ հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց համաձայն, զինուորին գործը Միացեալ Նահանգները արտաքին թշնամիներէն պաշտպանելն է:

«Մենք կ՛աւարտենք անվերջանալի պատերազմներու ժամանակաշրջանը», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը` Նիւ Եորք նահանգի Ուեսթ Փոյնթ զինուորական ակադեմիայի շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ:

Թրամփ յայտարարած է. «Ամերիկայի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող շահերու պաշտպանութիւնը վերադարձած է իր տեղը»: Ան աւելցուցած է, որ ամերիկացի զինուորներու առաջադրանքին մաս չի կազմեր «լուծել հեռաւոր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող դարաւոր հակամարտութիւնները, որոնց մասին շատեր նոյնիսկ չեն ալ լսած»:

«Մենք այս աշխարհին ոստիկանները չենք: Սակայն մեր թշնամիները թող իմանան, որ եթէ մեր ժողովուրդին վտանգ սպառնայ, մենք երբեք պիտի չտատամսինք: Եւ երբ մենք սկսինք պայքարիլ, ապա միայն` յաղթելու համար», եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը:

Յատկանշական է, որ Թրամփ օրեր առաջ Քոնկրեսին տեղեկացուցած էր, թէ ամերիկեան զօրքերը պիտի շարունակեն մնալ այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր զօրքերը ուղարկուած են նախկին նախագահներու կողմէ:

Այդ երկիրներու շարքին են Աֆղանիստանը, Իրաքը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Լիբանանը, Եգիպտոսը, Ֆիլիփինները, Արաբական թերակղզին, Քոսովոն, Արեւելեան Ափրիկէն:

 

Նախորդը

Ջահը Անմար Պահենք

Յաջորդը

Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Մէջ Ցոյցեր` «Սեւամորթներուն Կեանքը Կարեւոր է» Կարգախօսով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.