Փրակի Մէջ Պղծած Են Ուինսթըն Չըրչիլի Արձանը
Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր պղծած են Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի արձանի պատուանդանը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` յղում կատարելով Փրակի ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Եան Ռիպանսքիին:
Վանտալները պատուանդանին վրայ ձգած են կարմիր ներկով «Ցեղապաշտ եղած է» եւ «Սեւամորթներու կեանքերը իմաստ ունին» գրառումները:
Ռիապանսքին նշած է, թէ տեղի ունեցածը «ամենայն հաւանականութեամբ առնչուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանական բռնութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն»:
Անոր համաձայն, հետաքննութիւն պիտի կատարուի գոյքին հասցուած վնասի համար:
Պատուանդանը մաքրուած է գրառումներէն քաղաքային պիւտճէի հաշուոյն:
Share This Article
CATEGORIES Միջազգային