Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Պէտք Է Ցոյց Տանք, Որ Եթէ Իսրայէլ «Կարմիր Գիծեր»-ը Անցնի, Ատիկա Լուրջ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի քննարկման նուիրուած արտակարգ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլ տագնապի հարցին մէջ «Կարմիր գիծեր»-ը անցնի, ատիկա այդ երկրին համար լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:

Չաւուշօղլուն յիշեցնելով, որ իրենք հաւաքուած են, որպէսզի Իսրայէլին յստակ նախազգուշացում յղեն` «դադրեցնելու ապօրինի բռնակցումի ծրագիրները եւ ցոյց տալու, որ անոնք լիակատար համերաշխութեան մէջ են Պաղեստինի հետ»:

Ան ըսած է. «Իսրայէլի կողմէ Յորդանանի հովիտի բռնակցումն ու ապօրինի բնակեցումը միջազգային իրաւունքի խախտում է: Ատիկա պիտի խարխլէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հասնելու բոլոր յոյսերը: Ասիկա կը նշանակէ երկկողմանի լուծման տեսլականի աւարտ եւ մէկ պետութեան կողմէ լուծում, ինչ որ Իսրայէլը պիտի վերածէ ցեղապաշտական պետութեան: Մենք պէտք է միասնական ըլլանք եւ ընդհանուր դիրքորոշում յայտնենք այս ամէնը կանխարգիլելու համար»:

Քննադատելով Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի օգտին մշակած «Դարի գործարք»-ը` Չաւուշօղլու ըսած է. «Եթէ բռնագրաւող պետութիւնը անցնի «կարմիր գիծեր»-ը, մենք պէտք է ցոյց տանք, որ ատիկա հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Դարու գործարք»-ը ոչ այլ ինչ է, քան Իսրայէլի կողմէ բռնակցման ծրագիր: Մենք ճիշդ սկիզբէն ըսած ենք, որ ասիկա ոչ թէ խաղաղութեան ծրագիր է, այլ բռնակցման»:

Չաւուշօղլու յիշեցուցած է, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը տակաւին փետրուարին դէմ արտայայտուած էր «Դարու գործարք»-ին եւ անգամ մը եւս աջակցութիւն յայտնած Պաղեստինին ու անոր ղեկավար Մահմուտ Ապպասին:

«Մենք մեր ջանքերը պէտք է ներդրենք, որպէսզի միջազգային ընտանիքին տեղեկացնենք Պաղեստինի ժողովուրդի վիճակին մասին: Պէտք է կապի մէջ ըլլանք միջազգային ընտանիքի միւս անդամներուն հետ, որպէսզի կարենանք կանխարգիլել Իսրայէլի նախայարձակումը», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Պաղեստինի Վարչապետը Կը Սպառնայ 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութիւն Հռչակել

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Մէջ «Ահաբեկիչներ» Փնտռելու Յատուկ Գործողութեան Ժամանակ Թուրք Զինուորականները Մարդիկ Ծեծած Են, Սատկեցուցած Անասուններ Եւ Քանդած Գերեզմաններ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.