Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն  2-2,5 Տարուան Ընթացքին Նոր Դասի  Մարտանաւեր Կառուցել

Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն 2-2,5 Տարուան Ընթացքին Նոր Դասի Մարտանաւեր Կառուցել

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն 2-2,5 տարուան ընթացքին նոր դասի մարտանաւեր կառուցել: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մենք, հաւանաբար, կը խօսինք 2 կամ 2,5 տարուան մասին: Ասիկա հակայարձակում է», ընդգծած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւ դէմ ուղղուած է նաւաշինութեան ծրագիրը եւ արդեօք անիկա Չինաստանի դէ՞մ ուղղուած է: Թրամփ նշած է, որ շատ լաւ...

Թրամփ Մաքրոնին Մաքսատուրքերով Սպառնացած Է,  Եթէ Ֆրանսայի Մէջ Դեղերու Գիները Չբարձրացնէ

Թրամփ Մաքրոնին Մաքսատուրքերով Սպառնացած Է, Եթէ Ֆրանսայի Մէջ Դեղերու Գիները Չբարձրացնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին մաքսատուրքերով սպառնացած է, եթէ ան Ֆրանսայի մէջ դեղերու գիները չբարձրացնէ: «Ես ըսի. «Էմանուել, դուն պէտք է դեղերու գիները բարձրացնես»: Ան ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ»: Ես պատասխանեցի. «Եթէ դուն չընես, ես 25 առ հարիւրի մաքսատուրք պիտի հաստատեմ Ֆրանսայէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող ամէն ինչի վրայ», լրագրողներուն պատմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Նշանակալի Դեր Ունի  Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան  Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Նշանակալի Դեր Ունի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Վրաստանը նշանակալի դեր ունի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին Թիֆլիսի մէջ դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: Անոր համաձայն, վրացական դիւանագիտական կազմի շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է յառաջիկայ տարիներուն շարունակուին: «Վրաստանը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ, եւ մեր...

Հունգարիան Արգելակած Է Եւրոպական Միութեան  Ընդլայնման Մասին Տարեկան Յայտարարութիւնը

Հունգարիան Արգելակած Է Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման Մասին Տարեկան Յայտարարութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը չէ կրցած ընդունիլ թեկնածու երկիրներու յառաջընթացին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութիւնը Հունգարիոյ` Ուքրանիոյ անդամակցութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Հունգարիան, որ դէմ է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, արգելակած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հոլովոյթին վերաբերեալ տարեկան յայտարարութիւնը: Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութիւնը չէ աջակցած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան համարկման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու դրական գնահատականին: Այս մասին 16 դեկտեմբերին...

«Ոչ Ոք Կը Հաւատայ, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Հետ  Հակամարտութեան Մէջ Պիտի Պարտուի»  Կ՛ըսէ Պելճիքայի Վարչապետը

«Ոչ Ոք Կը Հաւատայ, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Հետ Հակամարտութեան Մէջ Պիտի Պարտուի» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Վարչապետը

Իրականութեան մէջ ոչ ոք կը հաւատայ, թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեան մէջ պիտի պարտուի: Այս մասին «Լա Լիպր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Պելճիքայի վարչապետ Պարթ Տէ Վեւեր: «Ասոնք հեքիաթներ են, զուտ պատրանքներ», ըսած է Տէ Վեւեր: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ հաւանական պարտութիւնը անցանկալի է, որովհետեւ ատիկա կրնայ յանգեցնել հիւլէական ուժ ունեցող երկրի մէջ անկայունութեան: Խօսելով Եւրոպայի մէջ ռուսական հաշիւներու...

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական քայլի դիմելու ընտրանքը կը սերտէ: Նախագահական օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ Իրան անցաւ իր նախապէս ճշդած` ցուցարարներ սպաննելու կարմիր գիծը, Թրամփ յայտնեց. «Կը թուի, թէ սկսան այդ մէկը կատարել»: «Չափազանց լրջութեամբ հարցին կը հետեւինք, բանակը եւս կը հետեւի, եւ մենք կարգ մը շատ ուժեղ ընտրանքներ կը սերտենք: Որոշում...

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ 28 դեկտեմբերին սկսած ցոյցերը հանդարտ էին եւ սահմանադրութեան համաձայն օրինական: Ան ըսաւ, որ իրանեան կառավարութիւնը անմիջապէս բանակցութիւններու դիմեց եւ մտիկ ըրաւ ցուցարարներու պահանջներուն: «Յաջորդ փուլին ցոյցերը դէպի բռնութիւն ուղղուեցան, եւ ապահովական ուժերը անոնց նկատմամբ հանդարտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին», նշեց Արաղչի: «Քայլարշաւները իրենց սկզբնական ուղղութենէն շեղելու նպատակով, ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու ցուցարարներու շարքեր մուտք գործելը...

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն յայտնեց, որ Կրինլանտի ինքնավար շրջանը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` զայն կցելու ջանքին լոյսին տակ «վճռական պահու» առջեւ կանգնած է: Ֆրետերիքսեն դանիական այլ կուսակցութիւններու հետ քննարկումի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտի շուրջ տագնապ գոյութիւն ունի: Ասիկա վճռական պահ է, որովհետեւ հարցը երեւածէն աւելին է»: «Դանիան հաւատարիմ ու հաստատ դաշնակից է: Մենք վերազինման լայնածաւալ գործողութիւն կը կատարենք եւ պատրաստ...

Թրամփ Ինքզինք Վենեզուելայի Նախագահի  Պաշտօնակատար Հռչակած Է

Թրամփ Ինքզինք Վենեզուելայի Նախագահի Պաշտօնակատար Հռչակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրապարակած է սքրինշաթ մը, ուր նշուած է, թէ ինք Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատարն է: Ըստ հրապարակուածին, Թրամփ այդ պաշտօնը «ստանձնած է» յունուար 2026-ին: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ Սպիտակ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Վենեզուելայի հետ բանակցութիւնները «լաւ ձեւով կ՛ընթանան»: Ան աւելցուցած է, որ...

Ռեզա Փահլեւի Պատրաստակամ Է  Իրան Վերադառնալու

Ռեզա Փահլեւի Պատրաստակամ Է Իրան Վերադառնալու

Իրանի գահընկէց շահի որդին` Ռեզա Փահլեւին, յայտարարեց, որ պատրաստ է «առաջին իսկ կարելիութեան պարագային» Իրան վերադառնալու: Ան այս մասին ըսաւ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած իր ուղերձին մէջ: Փահլեւի ընդգծեց, որ Իրանի ժողովուրդը գիտէ, թէ Թրամփը «Պարաք Օպամայի եւ Ճօ Պայտընի ճիշդ հակառակն է»: Անոր համաձայն, իրանցիները «ոգեւորուած են այն յոյսով», որ Թրամփ զիրենք պիտի...

Ըստ Իսրայէլացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.  Քանի Մը Շաբաթէն Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ  Ապահովական Նոր Համաձայնութիւն Մը Պիտի Ստորագրուի

Ըստ Իսրայէլացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Քանի Մը Շաբաթէն Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Ապահովական Նոր Համաձայնութիւն Մը Պիտի Ստորագրուի

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ «քանի մը շաբաթէն» Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական գործակցութեան նոր համաձայնութիւն մը կրնայ ստորագրուիլ: Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ իսրայէլեան ուղղուածութիւնը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին կողմէ Կազայի պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի զէնքերու մատակարարման մասնակի սահմանափակումի հաստատման դասերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի ելեւմտական...

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան աննախադէպ կերպով ազատութեան կը ձգտի, եւ Միացեալ Նահանգները ամբողջովին պատրաստ են օգնելու»: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ վերջին օրերուն Թրամփին ներկայացուած են Իրանի դէմ յարձակումներու շղթայազերծման նոր ընտրանքներ: «Թրամփ վերջնական որոշում չտուաւ, սակայն կը քննէ Իրանը հարուածելու հրաման տալը` առ ի պատասխան ցուցարարներու բռնաճնշման», կը նշէ օրաթերթը: Ամերիկեան ազդեցիկ...

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

Իրանի գահընկէց շահին որդին` Ռեզա Փահլաւի, որ Միացեալ Նահանգներ կը բնակի, Իրանի մէջ ապրուստի պայմաններու վատթարացման դէմ բողոքի ցոյցերու 14-րդ օրը իրանցի ցուցարարներուն կոչ ուղղեց` քաղաքներու կեդրոններուն «տիրելու պատրաստուելու»: «Մեր նպատակը այլեւս միայն փողոցներուն տիրելը չէ, նպատակը քաղաքներու կեդրոնները գրաւելով անոնց տիրելն է», նշեց Փահլաւի: Ան իրանցիներուն կոչ ուղղեց` շաբաթ եւ կիրակի գիշեր «փողոց դուրս գալու»: Իրանի շահի որդին յայտնեց,...

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ սուրիական կառավարական ուժերուն հետ օրերու վրայ երկարած բուռն բախումներէ ետք, իրենց զինեալները հեռացած են Հալէպի Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերէն: «Զինադադարի հաստատման, նահատակներու, վիրաւորներու եւ Աշրաֆիէ ու Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ մնացած քաղաքայիններու եւ զինեալներու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք տեղափոխման շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուցինք», նշեցին քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քիւրտ վերջին...

Պարրաք. «Թրամփ Կը Գիտակցի, Թէ Այս Պահը Նոր  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Համար Առանցքային Առիթ Է»

Պարրաք. «Թրամփ Կը Գիտակցի, Թէ Այս Պահը Նոր Եւ Միացեալ Սուրիոյ Համար Առանցքային Առիթ Է»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց. «Այսօր յանուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցայ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի, արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ անոնց խումբերուն հետ` քննարկելու համար Հալէպի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ Սուրիոյ պատմական շրջադարձին մէջ յառաջ ընթանալու ընդարձակ հոլովոյթը: «Թրամփ կը գիտակցի, թէ այս պահը նոր...

Պարրաք Եւ Սաֆատի Քրտական Ուժերու Հալէպէն «Խաղաղ Հեռացումը» Անհրաժեշտ Կը Նկատեն

Պարրաք Եւ Սաֆատի Քրտական Ուժերու Հալէպէն «Խաղաղ Հեռացումը» Անհրաժեշտ Կը Նկատեն

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով քրտական ուժերու Հալէպէն «խաղաղ հեռացումը» անհրաժեշտ նկատեցին: Պարրաք եւ Սաֆատի ուրբաթ գիշեր իրենց հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ «կացութեան նորութիւնները» եւ «Հալէպի մէջ արձանագրուող զարգացումները»: Ամերիկացի պատուիրակին «Էքս»-ի վրայ անգլերէնով հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ. «թագաւորութեան եւ...

Ամերիկեան Օդուժը Սուրիոյ Տարածքին Մէջ  ՏԱՀԵՇ-ի Վրայ Լայնածաւալ Յարձակումներ Գործեց

Ամերիկեան Օդուժը Սուրիոյ Տարածքին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Վրայ Լայնածաւալ Յարձակումներ Գործեց

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ իր ուժերը, «գործընկեր ուժերու հետ գործակցաբար», Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող թիրախներու վրայ լայնածաւալ յարձակումներ գործած են: Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումները 13 դեկտեմբեր 2025-ին ՏԱՀԵՇ-ի լարած թակարդին հետեւանքով ամերիկացի երկու զինուորներու եւ ամերիկացի քաղաքային թարգմանիչի մը սպանութեան ի պատասխան 19 դեկտեմբեր 2025-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով շղթայազերծուած «Բազէի աչք» գործողութեան ծիրին...

Կրինլանտի Քաղաքական Կուսակցութիւններ.  «Չենք Ուզեր Ամերիկացիներ Ըլլալ»

Կրինլանտի Քաղաքական Կուսակցութիւններ. «Չենք Ուզեր Ամերիկացիներ Ըլլալ»

Կրինլանտի քաղաքական կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Չենք ուզեր ամերիկացիներ»: Տեղական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական հինգ կուսակցութիւնները  յայտնեցին. «Չենք ուզեր ամերիկացիներ ըլլալ եւ չենք ուզեր դանիացիներ ըլլալ: Կ՛ուզենք կրինլանտացիներ ըլլալ»: «Պէտք է կրինլանտացիները որոշեն Կրինլանտի ապագան», աւելցուցին կուսակցութիւնները:

Ըստ «Հաարեց»-ի.  Ռուսիան Աշխատանք Կը Տանի Սուրիոյ Հարաւը Դամասկոսի  Հաւանութեամբ Ուժեր Տեղակայելու,  Իսկ Իսրայէլ Այդ Մէկը Կը Խոչընդոտէ

Ըստ «Հաարեց»-ի. Ռուսիան Աշխատանք Կը Տանի Սուրիոյ Հարաւը Դամասկոսի Հաւանութեամբ Ուժեր Տեղակայելու, Իսկ Իսրայէլ Այդ Մէկը Կը Խոչընդոտէ

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մոսկուա աշխատանք տարած է Սուրիոյ հարաւը ռուսական ուժեր տեղակայելու, սակայն Իսրայէլ ընդդիմացած է եւ մինչեւ հիմա «խոչընդոտած» այդ քայլը: Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Սուրիա այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած է` փորձելով շրջանին մէջ իսրայէլեան շարժումները զսպել: Ոչ իսրայէլեան դիւանագիտական երկու աղբիւրներ հաստատած են, որ այդ հարցին շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են,...

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ երէկ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00-էն սկսեալ զինադադար յայտարարեց եւ զինեալներէն պահանջեց մինչեւ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00 հեռանալ թաղամասերէն` անոնց արտօնելով միայն անձնական թեթեւ զէնքեր կրել` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը յանձն կ՛առնէ ուղեկցիլ եւ ապահովել անոնց անվտանգ անցումը դէպի երկրի հիւսիսարեւելեան շրջան: Իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած փոխադրակառքեր ուղղուեցան նշեալ թաղամասեր`...

Page 45 of 882 1 … 44 45 46 … 882

Արխիւներ