Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մոսկուա աշխատանք տարած է Սուրիոյ հարաւը ռուսական ուժեր տեղակայելու, սակայն Իսրայէլ ընդդիմացած է եւ մինչեւ հիմա «խոչընդոտած» այդ քայլը:
Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Սուրիա այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած է` փորձելով շրջանին մէջ իսրայէլեան շարժումները զսպել:
Ոչ իսրայէլեան դիւանագիտական երկու աղբիւրներ հաստատած են, որ այդ հարցին շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, իսկ իսրայէլեան աղբիւրը չէ հերքած, որ այս հարցը արծարծուած է վերջին ամիսներուն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին:
Իսրայէլեան աղբիւրին համաձայն, այդ առնչութեամբ քննարկումը «միշտ» կը շարունակուի:
«Սուրիացիները ուզեցին Սուրիոյ հարաւը ռուսական ուժերը մտցնել, յստակ պատճառով, որպէսզի այդ ուժերը իրենց եւ Իսրայէլի միջեւ պատուար կանգնի, եւ անոնց իսրայէլեան որեւէ շարժումէ պաշտպանող ծածկոյթ ապահովէ: Ներկայիս ատիկա բացառուած է, որովհետեւ ռուսերը չեն ուզեր այդ մէկը կատարել առանց Իսրայէլի հետ համակարգումի», նշած է իսրայէլեան աղբիւրը:


