Միջազգային

Խամենէի. «Թրամփը Իր Պատճառած Կորուստներուն,  Վնասներուն Եւ Իրանցի Ժողովուրդին Ուղղած  Ամբաստանութիւններուն  Համար Ոճրագործ Կը Նկատենք»

Խամենէի. «Թրամփը Իր Պատճառած Կորուստներուն, Վնասներուն Եւ Իրանցի Ժողովուրդին Ուղղած Ամբաստանութիւններուն Համար Ոճրագործ Կը Նկատենք»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի բացատրեց «վերջին սադրանքին իրականութիւնը, գործիքները եւ անոր դիմակայման համար մեր պատասխանատուութիւնները»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր պատճառած կորուստներուն, վնասներուն, եւ իրանցի ժողովուրդին ուղղած ամբաստանութիւններուն համար ոճրագործ կը նկատենք», նշեց Խամենէի: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ օր նշեց. «Իսկապէս մեծապէս կը գնահատեմ իրանեան ղեկավարութեան` որոշուած աւելի քան 800 մահապատիժներու գործադրութեան ջնջումը: Շնորհակալութի՛ւն»: «Ոչ ոք...

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Ուաշինկթըն. «Եթէ Իրանի Վարչակարգը Ամերիկեան Շահերը Յարձակումի Ենթարկէ, Չափազանց Հզօր Ուժ Պիտի Դիմակայէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Զեկուցումներ ստացանք, թէ Իրան ամերիկեան ռազմակայաններ թիրախաւորելու շարք մը ընտրանքներու պատրաստութեան վրայ կ՛աշխատի»: «Եթէ Իրանի վարչակարգը ամերիկեան շահերը յարձակումի ենթարկէ, չափազանց հզօր ուժ պիտի դիմակայէ», նշեց նախարարութիւնը:  

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան  Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց: «Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ: «Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան: Կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր պատերազմէն...

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական  Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի  Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ տունը շեշտեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ զգուշացուց, թէ եւրոպական ուժերու Կրինլանտ ուղարկումը պիտի չազդէ շրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին վրայ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Եւրոպայի ուժերը պիտի ազդեն նախագահին մօտ որոշումի մշակման հոլովոյթին վրայ, անոնք բացարձակապէս չեն ազդեր Կրինլանտը ձեռք...

Դեկտեմբեր 2023-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը: Փութին ներկայացուցած է շրջանին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը կեանքի կոչելու վերաբերեալ իր հիմնարար մօտեցումները: Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ձեռնարկել համապատասխան միջնորդական ջանքեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Իսրայէլեան Բանակ. «Վերջին Շաբաթներուն Ամրապնդեցինք Մեր Կարողութիւնները Եւ Բոլոր Սահմաններուն Վրայ Բարձրացուցինք Մեր Պատրաստուածութեան Մակարդակը»

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամրապնդեցինք մեր կարողութիւնները եւ բոլոր սահմաններուն վրայ բարձրացուցինք մեր պատրաստուածութեան մակարդակը»: «Իսրայէլեան բանակը մարտական բարձր պատրաստուածութեան մէջ է եւ պատրաստ է որեւէ պահու լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու` թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ յարձակումի ոլորտներուն մէջ», աւելցուց ան:

Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  Խորհուրդի Նիստ

Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իրանի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլց յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրանի խիզախ ժողովուրդին, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասկցուցած է, որ «կոտորածը դադրեցնելու համար» կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները: Ուոլց հերքած է Իրանի մեղադրանքները, թէ բողոքի ցոյցերը «օտարերկրեայ դաւադրութիւններ են», որոնք ուղղուած են զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստման: «Անոնք կը վախնան: Անոնք...

Ուիթքոֆ Իրանի Հարցին Մէջ Դիւանագիտական  Լուծման Համար 4 Խնդիր Առաջադրած Է

Ուիթքոֆ Իրանի Հարցին Մէջ Դիւանագիտական Լուծման Համար 4 Խնդիր Առաջադրած Է

Իսկապէս յոյս ունիմ, որ դիւանագիտական լուծում պիտի ըլլայ: Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆլորիտայի մէջ Իսրայէլեան-ամերիկեան խորհուրդի խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հարուածը կը նկատէ՞ հաւանական: Ուիթքոֆ նշած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնագիրը պիտի լուծէ չորս հարցեր`...

Փեսքով. «Ռուսիան Շահագրգռուած Է Ուքրանիոյ  Հարցով Ուիթքոֆի Եւ Քուշների  Մոսկուա Նոր Այցելութեամբ»

Փեսքով. «Ռուսիան Շահագրգռուած Է Ուքրանիոյ Հարցով Ուիթքոֆի Եւ Քուշների Մոսկուա Նոր Այցելութեամբ»

Ռուսիան շահագրգռուած է Ուքրանիոյ հարցով ամերիկացի բանագնացներու` Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ ձեռնարկատէր Ճարետ Քուշների նոր այցելութեամբ: Սակայն ճշգրիտ թուականները տակաւին որոշուած չեն: Այս մասին լրագրողներու ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք, անշուշտ, հետաքրքրուած ենք նման այցելութեամբ եւ անհամբեր կը սպասենք ատոր», պատասխանած է ան այս հարցին վերաբերեալ հարցումին: Նախքան այդ, լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ...

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»: «Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ Սպիտակ...

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ: Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Իրանի մէջ...

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ժողովէն ետք յայտնեց, որ Դանիոյ...

Արժանթին Լիբանանի, Եգիպտոսի  Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներու  Մասնաճիւղերը Ահաբեկչական Խմբաւորում Որակեց

Արժանթին Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներու Մասնաճիւղերը Ահաբեկչական Խմբաւորում Որակեց

Արժանթինի կառավարութիւնը Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան մասնաճիւղերը ներառեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Այս մասին յայտարարեց Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլիի գրասենեակը: Նախքան այդ, անոր դաշնակից Միացեալ Նահանգներու նախագահը 1928 թուականին Եգիպտոսի մէջ հիմնուած կազմակերպութեան դէմ նոյն քայլը որդեգրած էր: Արժանթինեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ իր որոշումը հիմնուած է «պաշտօնական զեկուցումներու վրայ, որոնք կ՛ապացուցեն գոյութիւնը անդրսահմանեան բնոյթի ապօրինի գործունէութիւններու,...

Սպիտակ Տան Մէջ Թրամփ – Զելենսքի  Բուռն Վէճին Արձագանգները

«Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Գլխաւոր Խոչընդոտը Զելենսքին Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան, երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նկատեց պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու սառած վիճակին պատասխանատուն: Թրամփ ընդգծեց, թէ Զելենսքին համաձայնութեան գոյացման դէմ ծառացած «գլխաւոր խոչընդոտ»-ն է, իսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «պատրաստ է գործարք կնքելու»: «Կը կարծեմ` Ուքրանիան նուազ պատրաստ է համաձայնութեան գալու», ըսաւ...

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն  Նոր Պատգամ

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

Մինչ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը երրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւնները գրաւելու` ըսելով. «Օգնութիւնը ճամբան է»: Թրամփ խոստացաւ «չափազանց ուժեղ քայլ» որդեգրել, եթէ իրանեան իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեն ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած անձեր: Ան իրանցի ցուցարարները քաջալերեց իրենց շարժումը մինչեւ իշխանութիւններու տապալում շարունակելու: «Իրանցի պաշտօնատարներու հետ բոլոր ժողովները ջնջուած են, մինչեւ որ ցուցարարներու...

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան  Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն  Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը անցեալ տարի մշակուած ծրագիրին հիմամբ 6 փետրուարին Կրինլանտի մէջ հիւպատոսարան պիտի բանայ: Պարրօ «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրին Կրինլանտը շանթաժի ենթարկելէ եւ ինքնավար կղզիին տիրելու իրենց փափաքին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարելէ: «ՕԹԱՆ-ի մէկ այլ անդամ յարձակումի ենթարկելը ոչ միայն անտրամաբանական է,...

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է մօտ երկու հազար մարդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրանցի պաշտօնեաներէն մէկը` պնդելով, թէ «ահաբեկիչները» մեղաւոր են քաղաքային անձերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու մահուան համար: Աւելի կանուխ նոյն մեղադրանքը նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հնչեցուցած էր «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ընդունելով, որ Իրանի իշխանութիւնները հրահանգած են 4 օրով անջատել համացանցը` Արաղչի ըսած էր,...

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Իրանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու ճնշման հետեւանքով զոհերու թիւի կտրուկ աճէն ետք, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարած է, որ Պրիւքսել նոր պատժամիջոցներ պիտի առաջարկէ Իրանի նկատմամբ: «Իրանի մէջ զոհերու աճող թիւը սարսափեցնող է: Ես միանշանակ կը դատապարտեմ ուժի կիրարկումը եւ ազատութեան շարունակական սահմանափակումը», գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը` աւելցնելով. «Բռնաճնշումներու համար պատասխանատուներուն նկատմամբ լրացուցիչ պատժամիջոցները արագօրէն պիտի...

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

Կրինլանտի վարչապետը երէկ յստակ յայտարարեց, որ իր ժողովուրդը չ՛ուզեր որեւէ պարագայի Միացեալ Նահանգներու մաս դառնալ: «Եթէ մենք ստիպուած ըլլանք ընտրել Միացեալ Նահանգներու եւ Դանիոյ միջեւ, ապա մենք կ՛ընտրենք Դանիան», ըսաւ Ենս-Ֆրետերիկ Նիլսեն` Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Թրամփ. «Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն  Անհրաժեշտ Է` Իր Ազգային Անվտանգութիւնը  Ապահովելու Համար»

Թրամփ. «Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն Անհրաժեշտ Է` Իր Ազգային Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին վերստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանայի նահանգապետ Ճեֆ Լենտրին նշանակած էր Կրինլանտի մէջ իր յատուկ բանագնաց, ինչ որ քննադատութեան արժանացած էր Դանիոյ եւ Կրինլանտի կողմէ: Թրամփ ամիսներէ ի վեր կ՛առաջարկէ, որ դանիական ինքնակառավարուող տարածք Կրինլանտը դառնայ...

Page 44 of 882 1 … 43 44 45 … 882

Արխիւներ