Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ «քանի մը շաբաթէն» Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական գործակցութեան նոր համաձայնութիւն մը կրնայ ստորագրուիլ:
Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ իսրայէլեան ուղղուածութիւնը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին կողմէ Կազայի պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի զէնքերու մատակարարման մասնակի սահմանափակումի հաստատման դասերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի ելեւմտական աջակցութեան տրամադրման նկատմամբ հասարակական կարծիքի հետզհետէ աճող փոփոխութեան իրողութեան վրայ:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին համաձայն, այդ փոփոխութիւնը չի սահմանափակուիր Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ յառաջդիմական հոսանքներով, այլ նաեւ կը ներառէ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ շրջանակներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին աջակցող ՄԱԿԱ շարժումի շարքերը, որոնք սկսած են արտաքին օժանդակութիւններու տրամադրման առաւել ընդդիմութիւն ցուցաբերել:
Աղբիւրը նշած է, թէ ապահովական հաւանական նոր համաձայնութեան նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական գործակցութեան հիմքերու վերամշակումն է, այնպիսի ձեւով մը, որ կը նուազեցնէ Իսրայէլի ուղղակի օգնութիւններէն կախեալութիւնը, եւ կ՛ամրապնդէ երկու կողմերուն միջեւ երկարատեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը:


