Միջազգային

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կայուն, միացեալ եւ ներքին առումով ու իր դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ ապրող Սուրիոյ կը զօրակցի: Այս մասին Սպիտակ տունէն անանուն պաշտօնատար մը յայտնեց Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան վերաբերեալ հարցումի մը գրաւոր իր պատասխանին մէջ: «Ասիկա խաղաղ եւ բարգաւաճ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ նախագահ Թրամփի տեսլականին հիմնական սիւներէն մէկն է», ըսաւ ան: Պաշտօնատարը շեշտեց,...

Թրամփ. «Ամերիկան Մեծ Ուժով Պիտի Հարուածէ,  Եթէ Իրան Սկսի Ցուցարարները Սպաննել»

Թրամփ. «Ամերիկան Մեծ Ուժով Պիտի Հարուածէ, Եթէ Իրան Սկսի Ցուցարարները Սպաննել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ մեծ ուժով պիտի հարուածեն, եթէ Իրան սկսի ցուցարարները սպաննել: Թրամփ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Միջազգային օրէնքին կարիքը չունիմ, եւ չեմ ջանար որեւէ մէկուն վնասել: Զինեալ ուժերու գերագոյն ղեկավարի իշխանութիւնս միայն սեփական բարոյականութիւնս կը սահմանափակէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնեց. «Միշտ Եւրոպայի հետ լաւ յարաբերութիւններ պիտի պահպանենք, սակայն...

Եմէնի Հարաւային Փոխանցման Խորհուրդը  Իր Ինքնալուծարումը Յայտարարեց

Եմէնի Հարաւային Փոխանցման Խորհուրդը Իր Ինքնալուծարումը Յայտարարեց

Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշինքը յայտարարեց, թէ Եմէնի մէջ Հարաւային փոխանցման խորհուրդին կողմէ «եմէնեան ընդարձակ տարածքներու գրաւումէն եւ դէպի անկախութիւն փոխանցման փուլի ձեռնարկելէն ետք», խորհուրդի պետ Իտրուս Զուպէյտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ փախուստ տուած է: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը: Դաշինքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հետախուզական հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, Իտրուս Զուպէյտի եւ ուրիշներ գիշերանց փախուստ տուած են»: Անոնք օդանաւով...

Դանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Պաշտօնատարները  Քննարկած Են Կրինլանտի Վերաբերեալ  Թրամփի Յայտարարութիւնները

Դանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարները Քննարկած Են Կրինլանտի Վերաբերեալ Թրամփի Յայտարարութիւնները

Միացեալ Նահանգներու մէջ Դանիոյ դեսպան Ճեսփեր Միոլլեր Սիորենսեն եւ Ուաշինկթընի մէջ Կրինլանտի ներկայացուցիչ Ճէյքըպ Իսպոսեցեն հանդիպում ունեցած են Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակիցներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Աղբիւրներու համաձայն, խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն միացնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնները: Լրատու գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Սիորենսեն եւ Իսպոսեցեն կը փորձեն ամերիկացի...

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

Երէկ առտու կանուխ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդներէ արձակուած ռումբերու հետեւանքով վնասներ արձանագրուեցան: Վնասները նիւթական էին: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Սուրիոյ կառավարութեան յարձակումը 10 ապրիլի համաձայնութեան խախտում է, եւ թշնամական գործելաոճի շարունակումը վտանգաւոր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»: Սուրիոյ կառավարական ուժերը Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակիչներուն մինչեւ ժամը 13:00 առիթ տուին...

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

Սուրիա եւ Իսրայէլ Փարիզի մէջ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցան ստեղծելու ամերիկեան հսկողութեամբ «միաձուլման» բջիջ մը` համակարգելու համար հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, զինուորական լարուածութեան մեղմացումը, դիւանագիտական կապի հաստատման եւ առեւտրական գործակցութեան առիթներու ամրապնդումը: Ժողովը գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի միջնորդութեամբ: Ժողովէն ետք Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Սուրիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Այս գործիքակազմը պիտի ծառայէ որեւէ վէճ շուտով կարգաւորելու եւ սխալ հասկացողութիւններու կանխարգիլման...

Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց. «Հալէպ քաղաքին մէջ սուրիական ուժերու քիւրտ փոքրամասնութեան վրայ կատարած յարձակումները վտանգաւոր ու մտահոգիչ են»:  

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պահանջեց, որ Դանիոյ պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ շրջանը մաս կազմէ Միացեալ Նահանգներուն: Թրամփ «Տը Աթլանթիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտին կարիքը ունինք: Հաստատօրէն անոր կարիքը ունինք անվտանգութեան համար»: Ան Կրինլանտը նկարագրեց իբրեւ «ռուսական ու չինական նաւերով շրջապատուած»: Պատասխանելով Վենեզուելայի մէջ զինուորական գործողութիւնը Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւանական քայլին ցուցանիշ ըլլալու մասին հարցումին` Սպիտակ...

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզի հետ կը խօսի՞, նշեց. «Կ՛աշխատինք անձերուն հետ, որոնք տակաւին նոր երդում տուին: Ինծի մի՛ հարցնէք, թէ պատասխանատուն ո՛վ է, այլապէս ձեզի պիտի տամ պատասխան մը, որ չափազանց վիճայարոյց է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ, ըսաւ. «Կը նշանակէ,...

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի գերեվարումէն ետք «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեզի վենեզուելական քարիւղ պէտք չէ: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք բաւականաչափ սեփական քարիւղ: Այն, ինչ որ մենք չենք արտօներ, Վենեզուելայի քարիւղային արդիւնաբերութեան Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն կողմէ վերահսկումն է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Չինաստանին անհրաժեշտ է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Ռուսիոյ պէտք է: Վենեզուելական քարիւղը...

Սուրիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններ

Սուրիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններ

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Մաարիւ»-ին յայտնած է. «Սուրիոյ հետ բանակցող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու վարչապետ Նեթանիահուի զինուորական քարտուղարը»: Աղբիւրը իսրայէլեան օրաթերթին նշած է. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն նպատակը կայունութեան եւ վտանգներու նուազեցման ձգտումն է, եւ ոչ թէ` քաղաքական բեկումի իրագործումը»: Բանակցութիւնները երէկ ընթացք առին Փարիզի մէջ:  

Զինուորական Կայծակնային Գործողութեան Մը Ընթացքին  Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժ Մը Ձերբակալեց Մատուրոն

Զինուորական Կայծակնային Գործողութեան Մը Ընթացքին Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժ Մը Ձերբակալեց Մատուրոն

Շաբաթ օր Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասն ու այլ շրջաններ ցնցած շարք մը պայթումներէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «յաջող կերպով լայնածաւալ հարուած հասցուց Վենեզուելայի եւ անոր ղեկավար նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ, որ իր կնկան հետ ձերբակալուեցաւ եւ երկրէն դուրս բերուեցաւ: Այս գործողութիւնը կատարուեցաւ ամերիկեան իրաւապահ մարմիններու գործակցութեամբ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիսթըֆըր Լանտօ իր կարգին...

Խամենէի. «Պէտք Է Խռովարարները  Իրենց Տեղը Դնել»

Խամենէի. «Պէտք Է Խռովարարները Իրենց Տեղը Դնել»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շաբաթ օր խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կը խօսինք ցուցարարներուն հետ, սակայն խռովարարներու հետ խօսիլը անօգուտ է. պէտք է զանոնք իրենց տեղը դնել»: «Գրգռիչ վարձկանները կանգնեցան շուկաներուն ետին, եւ իսլամութեան, Իրանի եւ Իսլամական հանրապետութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչեցին», ըսաւ ան: «Բողոքը օրինական իրաւունք է, սակայն ժողովուրդէն տարբեր է», նշեց Խամենէի:

Նեթանիահու. «Հաւանական Է, Որ Կանգնած Ենք Վռճական  Պահու Դիմաց, Երբ Իրանցի Ժողովուրդը  Պիտի Կարենայ Իր Ճակատագիրը Որոշել»

Նեթանիահու. «Հաւանական Է, Որ Կանգնած Ենք Վռճական Պահու Դիմաց, Երբ Իրանցի Ժողովուրդը Պիտի Կարենայ Իր Ճակատագիրը Որոշել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Կը զօրակցինք իրանցի ժողովուրդի պայքարին եւ անոր ազատութեան ու արդարութեան ձգտումին»: «Հաւանական է, որ կանգնած ենք վճռական պահու դիմաց, երբ իրանցի ժողովուրդը պիտի կարենայ իր ճակատագիրը որոշել», նշեց Նեթանիահու: Ան նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի Վենեզուելայի մէջ «ամերիկեան վճռական քայլին»:  

Էրտողան. «Սոմալիլանտի Ճանաչումը Անօրինական Է»

Էրտողան. «Սոմալիլանտի Ճանաչումը Անօրինական Է»

Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլանտի ինքնահռչակ հանրապետութեան ճանաչումը անօրինական է: Այս մասին Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Սոմալիլանտի ճանաչման մասին որոշումը անընդունելի է եւ անօրինական: Ձեռքերը 71 հազար պաղեստինցիներու արեան մէջ թաթխելով` Նեթանիահուն այժմ ալ կը փորձէ ապակայունացնել ափրիկեան ցամաքամասի արեւելեան շրջանները», Սոմալիի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Էրտողան: Սոմալիլանտը կը գտնուի...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին.  Թրամփ Զելենսքիի Պահանջած Անվտանգութեան  Երաշխիքները Պիտի Չտրամադրէ

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Թրամփ Զելենսքիի Պահանջած Անվտանգութեան Երաշխիքները Պիտի Չտրամադրէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին պիտի չտրամադրէ անոր պահանջած անվտանգութեան երաշխիքները: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Թայմզ»: Ըստ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին, Զելենսքիի կողմէ անվտանգութեան որոշակի երաշխիքներու անդադար հետապնդումը ի վերջոյ անօգուտ պիտի ըլլայ եւ, հաւանական է, նոյնիսկ վտանգաւոր: Նոյնիսկ եթէ ամերիկացի ղեկավարը Ուքրանիոյ վերաբերեալ որեւէ պարտաւորութիւն ընդունի, ան կրնայ դիւրութեամբ պատրուակներ գտնել` զանոնք կատարելէ խուսափելու համար:...

Ապտելաթի. «Զէնքի Մենաշնորհման Եւ Զայն  Պաղեստինեան Համապարփակ Հովանիի Տակ Հաւաքագրման Շուրջ Համաձայնութիւններ Կան»

Ապտելաթի. «Զէնքի Մենաշնորհման Եւ Զայն Պաղեստինեան Համապարփակ Հովանիի Տակ Հաւաքագրման Շուրջ Համաձայնութիւններ Կան»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի յայտնեց, թէ Եգիպտոսի, Համաս շարժումի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ Կազայի մէջ յաջորդ փուլի դասաւորումներու ծիրին մէջ գործակցութիւն ու շարունակուող ներգրաւուածութիւն գոյութիւն ունի: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ զէնքի մենաշնորհման եւ պաղեստինեան համապարփակ հովանիի տակ հաւաքագրման շուրջ համաձայնութիւններ գոյութիւն ունին, եւ ատիկա «ուղղուածութիւն մըն է, որուն շուրջ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»: Ան յայտնեց,...

Թրամփ. «Եթէ Իրան Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ  Կրակ Բանայ Եւ Սպաննէ, Ուաշինկթըն Պիտի Միջամտէ»

Թրամփ. «Եթէ Իրան Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Կրակ Բանայ Եւ Սպաննէ, Ուաշինկթըն Պիտի Միջամտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Եթէ Իրան, ըստ իր սովորութեան, խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բանայ եւ զանոնք սպաննէ, Ուաշինկթըն անոնց օգնելու համար պիտի միջամտէ»: Իրանի Ազգային անվտանգութեանբ բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Թրամփին հակադարձելով «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Թրամփ պէտք է իմանայ, որ ներքին խնդիրին միջամտելը համազօր է ամբողջ շրջանի ապակայունացման եւ ինքնին Ուաշինկթընի շահերու խաթարման»: Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահը...

Հատրամութի Մէջ «Հայրենիքի Վահան»  Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Թիրախաւորող  Օդային Յարձակումներ

Հատրամութի Մէջ «Հայրենիքի Վահան» Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Թիրախաւորող Օդային Յարձակումներ

Եմէնի արեւելեան Հատրամութ նահանգին մէջ զինուորական ճամբարներն ու դիրքերը ստանձնելու զինուորական «խաղաղ» գործողութեան ընթացք առնելէն ետք, Հատրամութի նահանգապետ Սալեմ Խանպաշի յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ նշեալ դիրքերը ստանձնելու համար ճամբայ ելած «Հայրենիքի վահան» ուժերուն վրայ յարձակում գործողները թիրախաւոր օդային հարուածներ հասցուցած են: Ան ըսաւ, որ յարձակումներ ու թակարդներ թիրախաւորած են «Հայրենիքի վահան» ուժերու խաղաղ շարժումը, ինչ որ հրամայական դարձուցած է...

Խոստանալով Նեթանիահուի Կողքին Կանգնիլ`  Թրամփ. «Հըզպալլան Վատ Կերպով Կը Վարուի. Տեսնենք,  Թէ Զայն Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերը Ինչի՛ Պիտի Յանգին»

Խոստանալով Նեթանիահուի Կողքին Կանգնիլ` Թրամփ. «Հըզպալլան Վատ Կերպով Կը Վարուի. Տեսնենք, Թէ Զայն Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերը Ինչի՛ Պիտի Յանգին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի Մարալակօ շրջանին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք, միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Նեթանիահուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ Սուրիոյ հարցով փոխադարձ հասկացողութիւն գոյութիւն ունի: Ան դարձեալ իր համակրանքը արտայայտեց Շարհին` ըսելով. «Կը յարգեմ նախագահ Շարհը, ան հզօր...

Page 46 of 882 1 … 45 46 47 … 882

Արխիւներ