Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն յայտնեց, որ Կրինլանտի ինքնավար շրջանը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` զայն կցելու ջանքին լոյսին տակ «վճռական պահու» առջեւ կանգնած է:

Ֆրետերիքսեն դանիական այլ կուսակցութիւններու հետ քննարկումի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտի շուրջ տագնապ գոյութիւն ունի: Ասիկա վճռական պահ է, որովհետեւ հարցը երեւածէն աւելին է»:

«Դանիան հաւատարիմ ու հաստատ դաշնակից է: Մենք վերազինման լայնածաւալ գործողութիւն կը կատարենք եւ պատրաստ ենք անհրաժեշտութեան պարագային մեր արժէքները պաշտպանելու, ներառեալ հիւսիսային բեւեռի մէջ», շեշտեց Դանիոյ վարչապետը:

«Կը հաւատանք միջազգային օրէնքին ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, ուստի կը պաշտպանենք գերիշխանութեան, ինքնորոշման իրաւունքի եւ հողային ամբողջականութեան սկզբունքները», աւելցուց Ֆրետերիքսեն:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ գերմանացի երկու նախարարներու դիւանագիտական հանդիպումներուն նախօրեակին վերահաստատեց դանիական Կրինլանտ շրջանին իր աջակցութիւնը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ մասնաւորաբար Ուքրանիոյ հարցին շուրջ հանդիպելու համար Ուաշինկթըն ուղղուելէ առաջ Ռեքիաւիքի մէջ իր իսլանտացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Հիւսիսային բեւեռի ապահովութեան կարեւորութիւնը կ՛աճի», եւ անիկա «ՕԹԱՆ-ի դաշինքին մէջ մեր հասարակաց շահերուն ծիրին մէջ է»:

Նախորդը

Թրամփ Ինքզինք Վենեզուելայի Նախագահի Պաշտօնակատար Հռչակած Է

Յաջորդը

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

February 9, 2026
Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.