Իրանի գահընկէց շահին որդին` Ռեզա Փահլաւի, որ Միացեալ Նահանգներ կը բնակի, Իրանի մէջ ապրուստի պայմաններու վատթարացման դէմ բողոքի ցոյցերու 14-րդ օրը իրանցի ցուցարարներուն կոչ ուղղեց` քաղաքներու կեդրոններուն «տիրելու պատրաստուելու»:
«Մեր նպատակը այլեւս միայն փողոցներուն տիրելը չէ, նպատակը քաղաքներու կեդրոնները գրաւելով անոնց տիրելն է», նշեց Փահլաւի:
Ան իրանցիներուն կոչ ուղղեց` շաբաթ եւ կիրակի գիշեր «փողոց դուրս գալու»:
Իրանի շահի որդին յայտնեց, որ կը պատրաստուի «հայրենիք վերադառնալու», օր մը, որ կը կարծէ, թէ «շատ մօտ է»:


