Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ սուրիական կառավարական ուժերուն հետ օրերու վրայ երկարած բուռն բախումներէ ետք, իրենց զինեալները հեռացած են Հալէպի Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերէն:
«Զինադադարի հաստատման, նահատակներու, վիրաւորներու եւ Աշրաֆիէ ու Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ մնացած քաղաքայիններու եւ զինեալներու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք տեղափոխման շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուցինք», նշեցին քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը:
Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քիւրտ վերջին զինեալները տեղափոխող փոխադրակառքերը Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն ուղղուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք:
Քրտական եւ կառավարական ուժերուն միջեւ բախումներուն պատճառով առնուազն 21 զոհեր արձանագրուեցան եւ 155 հազար անձեր տեղահանուեցան:


