Միջազգային

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Շտապ Կերպով Դադրեցնելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տագնապի Սրումը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Շտապ Կերպով Դադրեցնելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տագնապի Սրումը

Վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններու, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման եւ լարուածութեան հրահրման առիթով 16 յուլիսին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործող գլխաւոր քարտուղար հայր Իոան Սաուքա յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը յորդորէ շտապ դադրեցնել հայ-ազրպէյճանական սահմանին տագնապի սրումը, որ կիրակի, 12 յուլիսէն ի վեր խլեց առնուազն 16 մարդու կեանք եւ յանգեցուց ապակայունացման` սպառնալով վերածուիլ լայնածաւալ...

Ալիեւի Հրամանագիրով Մամետեարով Հեռացուած Է  Իր Պաշտօնէն, Անոր Պաշտօնին  Նշանակուած Է Պայրամովը

Ալիեւի Հրամանագիրով Մամետեարով Հեռացուած Է Իր Պաշտօնէն, Անոր Պաշտօնին Նշանակուած Է Պայրամովը

Էլմար Մամետեարով հեռացուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն: ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին հրամանագիրը ստորագրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ալիեւի մէկ այլ հրամանագիրով Ճէյհուն Պայրամով ազատուած է Ազրպէյճանի կրթութեան նախարարի պաշտօնէն: Երրորդ հրամանագիրով` Ալիեւ Պայրամովը նշանակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին: Ազրպէյճանի նախագահը մէկ օր առաջ դժգոհութիւն յայտնած էր Մամետեարովի աշխատանքէն: Ան ընդգծած էր, որ նախարարը...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Ժողովուրդը Յոգնած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Շուրջ  Անիմաստ Բանակցութիւններէն,  Եւ Միջնորդները Պէտք Է Ատիկա Հասկնան»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Ժողովուրդը Յոգնած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Շուրջ Անիմաստ Բանակցութիւններէն, Եւ Միջնորդները Պէտք Է Ատիկա Հասկնան»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ անիմաստ բանակցութիւններէն, եւ միջնորդները ատիկա պէտք է հասկնան»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը: «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն այս մասին, ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անսահման չէ», յայտարարած է...

«Հայ-Ազրպէյճանական Բախումը  Կը Սպառնայ Շրջանային Կայունութեան»  Կ՛ըսէ Վայեզի

«Հայ-Ազրպէյճանական Բախումը Կը Սպառնայ Շրջանային Կայունութեան» Կ՛ըսէ Վայեզի

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային բախումը կը սպառնայ շրջանային կայունութեան եւ հանգստութեան: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Հայ¬ազրպէյճանական սահմանային բախումը կը սպառնայ երկու երկիրներու շահերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութեան եւ հանգստութեան, ինչ որ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ», գրած է Վայեզի: Անոր համաձայն, վէճերու քաղաքական լուծումը, հաշուի առնելով երկու երկիրներու...

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ  Մեզի Համար Եղբայրական Եւ Մերձաւոր Երկիրներու`  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ Մեզի Համար Եղբայրական Եւ Մերձաւոր Երկիրներու` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տնօրէնի առաջին տեղակալ Միխայիլ Կուսմանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան իր կարելիութիւնները պիտի ներդնէ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը կարգաւորելու համար: «Կրնամ միայն հաւաստել, որ մենք կարելի ամէն բան պիտի ընենք եւ ռուսական դիւանագիտութեան, ազգային դիւանագիտութեան լաւագոյն որակները պիտի դրսեւորենք, որպէսզի ո՛չ միայն (կարգաւորենք) ներկայ սահմանային լարուածութիւնը, այլ...

Մեծ Հրդեհ` Իրանի Պուշահր Նաւահանգիստի Մէջ

Մեծ Հրդեհ` Իրանի Պուշահր Նաւահանգիստի Մէջ

Հարաւային Իրանի Պուշահր նաւահանգիստին մէջ ծագեցաւ հրդեհ մը, որուն բոցերը տարածուեցան առնուազն երեք նաւերու վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ»-ը` յղում կատարելով իրանեան աղբիւրներու: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հրդեհը կլանած է առնուազն եօթը նաւեր:

Լիպիոյ Խորհրդարան. «Եգիպտոս Թրքական  Ներխուժումը Դիմակայելու Համար  Միջամտելու Իրաւունքը Ունի»

Լիպիոյ Խորհրդարան. «Եգիպտոս Թրքական Ներխուժումը Դիմակայելու Համար Միջամտելու Իրաւունքը Ունի»

Լիպիոյ խորհրդարանը յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ «թուրք բռնագրաւողը» պարտութեան մատնելու Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի ջանքերուն մէկտեղումը` աւելցնելով, որ եգիպտական զինեալ ուժերը իրաւունք ունին երկու երկիրներուն հասարակաց ազգային անվտանգութեան պահպանման համար միջամտելու: Լիպիոյ խորհրդարանը երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ եգիպտական բանակը իրաւունք ունի Լիպիոյ մէջ միջամտելու, եթէ երկու երկիրներուն ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգ մը նկատէ: Խորհրդարանը յայտնեց, որ Լիպիան բացայայտ թրքական...

Պատասխանելով Եւրոպական Միութեան`  «Ս. Սոֆիան Թուրքիոյ Սեփականութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Աքսոյ

Պատասխանելով Եւրոպական Միութեան` «Ս. Սոֆիան Թուրքիոյ Սեփականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան որոշումը Թուրքիոյ գերիշխան իրաւունքն է, եւ ոչ ոք կրնայ այդ հարցին միջամտել: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ` պատասխանելով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան: Պորել յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ...

Ալիեւ Եղածին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Հայկական Կողմը

Ալիեւ Եղածին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Հայկական Կողմը

Ազրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրեց «սահմանին վրայ սադրանք հրահրելու» յանցանքով` պնդելով, թէ հայկական բանակը կրակ բացած է ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց երկրի Անվտանգութեան խորհուրդի 13 յուլիսի նիստին: «Ասիկա անսպասելի հարուած էր մեր դիրքերուն, որուն պատճառով զինուորներ մահացան: Սակայն մենք կանխեցինք այդ յարձակումը եւ համարժէք պատասխան տուինք, վրէժ լուծելով մեր զինուորներուն մահուան համար: Այսօր սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը...

Ս. Սոֆիայի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Թուրքիոյ Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Նկատելով.  Չաւուշօղլու. «Սերթն Ու Ժուֆրան Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Պէտք Է Յանձնուին, Այլապէս…»

Ս. Սոֆիայի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Թուրքիոյ Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Նկատելով. Չաւուշօղլու. «Սերթն Ու Ժուֆրան Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Պէտք Է Յանձնուին, Այլապէս…»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը «կը մերժէ Այա Սոֆիա մզկիթին վերաբերող բոլոր յայտարարութիւնները, զորս կը նկատէ Թուրքիոյ գերիշխանական իրաւունքներուն միջամտութիւն մը»: «Թուրքիան ՄԱԿ-ի մշակութային մարմինը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն տեղեակ պիտի պահէ այն քայլերուն, որոնք հետագային Պոլսոյ մէջ Այա Սոֆիայի հարցով պիտի որդեգրուին», նշեց ան: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց.«Հարկ է Սերթն ու Ժուֆրան յանձնել Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան...

«Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր  Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու  Կարծիքը Նշանակութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու Կարծիքը Նշանակութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելը դէպի հզօր Թուրքիա տանող քայլ է, իսկ մնացեալ երկիրներու կարծիքը նշանակութիւն չունի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու որոշում տուած ենք` հիմնուելով ժողովուրդի կարծիքին վրայ, եւ ոչ թէ մտածած, թէ ուրիշները մեր մասին ինչ պիտի ըսեն», ընդգծած է Էրտողան:...

Քալըն Արաբական-Եւրոպական Վեհաժողովի  Մասնակիցներուն.«Ամօ՛թ Ձեր Բոլորին»

«Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Գոյութիւն ունին Թուրքիոյ դէմ սեւ քարոզչութեան ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ: Ծոցի երկիրներուն գործադրած ծրագիրները արաբական հասարակութեան զօրակցութիւնը չեն վայելեր»: «Այդ երկիրներու ղեկավարները պէտք է գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ այդ քայլերը իրականութեան մէջ իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց ժողովուրդները», ըսաւ ան` նշելով. «Վերջերս միջազգային ազատական ճառերը իսլամական շարժումներ, իսլամական կուսակցութիւններ եւ Իսլամ...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են, Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն յայտնեց, որ անցեալ տարի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` ռուս պաշտօնատարներու հետ կայացած կանոնաւոր հանդիպումներուն իրազեկ  է: Մեկնաբանելով քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտիի` Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Չայքոյի հետ հանդիպումը, Փենթակոն ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ մասնակից չեն այդպիսի ժողովներու, եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն յայտնած են, թէ ատիկա իրենց գիտնալիքն է»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ...

Սերպիոյ Նախագահը Բողոքի Զանգուածային  Ցոյցերու Ճնշումին Տակ Հրաժարած Է  Սահմանափակումները Խստացնելու Մտադրութենէն

Սերպիոյ Նախագահը Բողոքի Զանգուածային Ցոյցերու Ճնշումին Տակ Հրաժարած Է Սահմանափակումները Խստացնելու Մտադրութենէն

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցերու ճնշումին տակ յայտարարած է, որ հակահամաճարակային սահմանափակումները պիտի չխստացուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»¬ը: Սերպիոյ նախագահը օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակման դէպքերու կտրուկ աճին պատճառով ստիպուած է շաբաթավերջին խստացնել մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ հակահամաճարակային սահմանափակումները, ներառեալ` փակել քաղաքը: Վուչիչի այս յայտարարութենէն ետք 8 յուլիսին հազարաւոր դժգոհ...

Կարօ Փայլան. «Տխուր Օր Քրիստոնեաներուն Համար»

Կարօ Փայլան. «Տխուր Օր Քրիստոնեաներուն Համար»

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան` անդրադառնալով Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածելու որոշումին, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Տխուր օր քրիստոնեաներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան բազմակարծութեան հետեւող Թուրքիոյ: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի կարգավիճակին վերադարձնելու որոշումը պիտի բարդացնէ կեանքը այստեղի քրիստոնեաներուն եւ Եւրոպայի մէջ իսլամներուն համար: Սուրբ Սոֆիան մեր հարուստ պատմութեան խորհրդանիշն էր: Անոր...

Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական Դատարանը Ջնջեց Ս. Սոֆիան Մզկիթէ Թանգարանի Վերածելու 1934-ի Որոշումը.  Էրտողան Ստորագրեց Զայն Մզկիթի Վերածելու Հրամանագիր

Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական Դատարանը Ջնջեց Ս. Սոֆիան Մզկիթէ Թանգարանի Վերածելու 1934-ի Որոշումը. Էրտողան Ստորագրեց Զայն Մզկիթի Վերածելու Հրամանագիր

Թուրքիոյ գերագոյն վարչական դատարանը երէկ ջնջեց Ս. Սոֆիան թանգարանի վերածելու Թուրքիոյ կառավարութեան 1934 թուականի որոշումը` այդպիսով ճամբան հարթելով զայն մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մտադրութեան գործադրութեան առջեւ: «Կրիքսիթիթայմզ» կայքը հաղորդեց, որ Էրտողանի գաղտնի խորհրդականը եղող թուրք լրագրող Մեհմեթ Արըչ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ դատարանը միաձայնութեամբ ջնջած է 27 նոյեմբեր 1934-ի որոշումը: Դատարանի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Էրտողան...

Քալըն Արաբական-Եւրոպական Վեհաժողովի  Մասնակիցներուն.«Ամօ՛թ Ձեր Բոլորին»

«Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ կան սեւ քարոզչութեան ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ: Ծոցի երկիրներու այդ ծրագիրները արաբական հասարակութեան զօրակցութիւնը չեն վայելեր»: «Այդ երկիրներու ղեկավարները պէտք է գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ այդ քայլերը իրականութեան մէջ իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց ժողովուրդները», ըսաւ ան` նշելով. «Վերջերս միջազգային ազատական ճառերը «իսլամական շարժումներ», «իսլամական կուսակցութիւններ» եւ «Իսլամ եղբայրներ»...

Պորելը Մեղադրելով Թուրքիոյ Նկատմամբ Շատ Մեղմ Քաղաքականութիւն Վարելու Մէջ`  Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Անգարայի Գործողութիւնները

Պորելը Մեղադրելով Թուրքիոյ Նկատմամբ Շատ Մեղմ Քաղաքականութիւն Վարելու Մէջ` Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Անգարայի Գործողութիւնները

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին, որ նուիրուած եղած է Միջերկրական ծովուն մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման, խորհրդարանականները խիստ կերպով քննադատած են ծովուն արեւելեան հատուածի մէջ` Կիպրոսի ափերուն, Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող հորատման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը: Խորհրդարանի նիստը գումարուած է «Կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ Թուրքիոյ բացասական դերը Միջերկրական ծովուն մէջ» խորագիրով: Նիստի ընթացքին մեղադրանքներ հնչած...

«Ռուսիան Կ՛աջակցի Քիւրտերու Եւ Դամասկոսի Միջեւ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան Կ՛աջակցի Քիւրտերու Եւ Դամասկոսի Միջեւ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան կ՛աջակցի Սուրիոյ ապագային գծով  քիւրտերու եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութեան: «Երկիր»-ին համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Հարիւրամեակներ շարունակ Սուրիան եղած է երկիր մը, ուր ազգային եւ կրօնական տարբեր խումբեր խաղաղ գոյակցութիւն ունեցած են եւ ապահով ապրած: Ասիկա, հաւանաբար, Սուրիոյ այցեքարտն էր: Ի հարկէ, ասիկա չի կրնար յարգանք չյառաջացնել, իսկ այս մասին մենք բազմիցս...

Լիպիոյ Ափերուն Մօտ Թրքական Բանակին «Մեծ  Ռազմափորձեր» Յայտարարելէն Ետք. Եգիպտական Բանակը Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Լիպիոյ Ափերուն Մօտ Թրքական Բանակին «Մեծ  Ռազմափորձեր» Յայտարարելէն Ետք. Եգիպտական Բանակը Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Եգիպտոսի զինեալ ուժերը հինգշաբթի օր սկսած են Լիպիոյ հետ սահմանին վրայ ցամաքային ու ծովային «Վճռում 2020» ռազմափորձերու գլխաւոր փուլին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին»-ը: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին Եգիպտոսի բանակի ծովուժը, ցամաքային ուժերն ու հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը: Ռազմափորձերուն կը հետեւի Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Մուհամետ Զաքին, որ յայտնեց. «Եգիպտոս այլ երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամտելու նպատակ չունի, սակայն մեր ազգային վտանգութեան նկատմամբ որեւէ...

Page 444 of 884 1 … 443 444 445 … 884

Արխիւներ