Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Եղածին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Հայկական Կողմը

July 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրեց «սահմանին վրայ սադրանք հրահրելու» յանցանքով` պնդելով, թէ հայկական բանակը կրակ բացած է ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց երկրի Անվտանգութեան խորհուրդի 13 յուլիսի նիստին:

«Ասիկա անսպասելի հարուած էր մեր դիրքերուն, որուն պատճառով զինուորներ մահացան: Սակայն մենք կանխեցինք այդ յարձակումը եւ համարժէք պատասխան տուինք, վրէժ լուծելով մեր զինուորներուն մահուան համար: Այսօր սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը պահպանուի», նշեց ան:

Անոր համաձայն` տեղի ունեցածին ողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

«Նման միջադէպեր տեղի կ՛ունենան նաեւ հայաստանեան իշխանութիւններու երկերեսայնութեան պատճառով: Ազրպէյճան պիտի ապահովէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը, երէկ մեր տարածքէն ոչ մէկ սանթիմեթր տուած ենք թշնամիին:

Հայաստանեան իշխանութիւններու այդ գործողութիւնները տրամաբանութեան մէջ չեն տեղաւորուիր, եւ անոնք սպառնալիք կը հանդիսանան ինքնին Հայաստանի համար», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով եւս հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի հետ:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուութեան, Մամետեարով «ներկայացուցած է տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակը, դժգոհութիւն յայտնած են հայկական կողմին սադրանքը բռնարարք նկատած»:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

Եիւրկըն Քլոփ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզի՞չ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.