Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ անիմաստ բանակցութիւններէն, եւ միջնորդները ատիկա պէտք է հասկնան»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը:
«Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն այս մասին, ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անսահման չէ», յայտարարած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնուի», եւ որ «իրենց տեսակէտը այս հարցին մէջ հաստատ է»:
Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ ոչ ոքի խորհուրդ կու տայ «Ազրպէյճանի մէջ իրադարձութիւններէն առաջ իյնալ»: «Ատոր կարիքը չկայ: Ատիկա կրնայ վնասել», ըսած է Ալիեւ` յայտարարելով, որ իրենք գիտեն ինչը երբ ընել:



