Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցերու ճնշումին տակ յայտարարած է, որ հակահամաճարակային սահմանափակումները պիտի չխստացուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»¬ը:
Սերպիոյ նախագահը օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակման դէպքերու կտրուկ աճին պատճառով ստիպուած է շաբաթավերջին խստացնել մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ հակահամաճարակային սահմանափակումները, ներառեալ` փակել քաղաքը:
Վուչիչի այս յայտարարութենէն ետք 8 յուլիսին հազարաւոր դժգոհ քաղաքացիներ Պելկրատի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաքուած էին` երկրի խորհրդարանին դիմաց: Անոնք վարակի տարածման համար երկրին իշխանութիւնները կը մեղադրէին` յայտարարելով, որ չեն պատրաստուիր անգամ մը եւս մայրաքաղաքի փակման պատճառով ահռելի վնասներ կրել: Խումբ մը ցուցարարներ, ճեղքելով ոստիկանական պատնէշը, կոտրած էին խորհրդարանի մուտքի դուռը եւ շէնք ներխուժած, սակայն վայրկեաններ ետք ոստիկանական ուժերը զանոնք դուրս բերած էին այդտեղէն:
Պելկրատի մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցերը շարունակուած էին նաեւ 9 յուլիսին: Երկրի այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ժամանակ բախումներ արձանագրուած էին ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Հաղորդուած էր, որ անոնց ընթացքին վիրաւորուած են լրագրողներ եւ ոստիկաններ:
Սերպիոյ իշխանութիւնները թէեւ ցուցարարները փողոցներէն տուն ուղարկելու նպատակով հրաժարած են սահմանափակումները խստացնելու իրենց որոշումէն, սակայն սահմանափակած են տասը մարդէն աւելի մասնակցութեամբ հաւաքներու կայացումը, ինչպէս նաեւ` աշխատանքային ժամի աւարտ սահմանած երեկոյեան ժամը 9:00-ը:
7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սերպիոյ մէջ մինչեւ հիմա «Քորոնա» ժահրով վարակման 16168 եւ մահուան 330 պարագայ արձանագրուած է: Թիւերը, սակայն, հետզհետէ կ՛աճին, եւ վերջին մէկ օրուան մէջ վարակման 299 եւ մահուան 13 նոր պարագայ արձանագրուած է: