Սերպիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
Ազրպէյճանի մէջ Սերպիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տանիցա Վէյնովիչ կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Պելկրատի կողմէ Հայաստանին մեծ քանակութեամբ զինամթերքի մատակարարման տեղեկութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «2020 թուականի յուլիսի 20-ին, Ազրպէյճանի Սերպիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տանիցա Վէյնովիչ կանչուած է Ազրպէյճանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած արտաքին...




















