Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորելը Մեղադրելով Թուրքիոյ Նկատմամբ Շատ Մեղմ Քաղաքականութիւն Վարելու Մէջ` Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Անգարայի Գործողութիւնները

July 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին, որ նուիրուած եղած է Միջերկրական ծովուն մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման, խորհրդարանականները խիստ կերպով քննադատած են ծովուն արեւելեան հատուածի մէջ` Կիպրոսի ափերուն, Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող հորատման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը:

Խորհրդարանի նիստը գումարուած է «Կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ Թուրքիոյ բացասական դերը Միջերկրական ծովուն մէջ» խորագիրով:

Նիստի ընթացքին մեղադրանքներ հնչած են նաեւ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հասցէին` Թուրքիոյ նկատմամբ չափէն աւելի մեղմ քաղաքականութիւն վարելուն համար:

Յիշեցնենք, որ Պորել նիստին ընթացքին կոչ ուղղած էր` «վերջ տալու Թուրքիոյ նկատմամբ միութեան ժխտական ուղղուածութեան, որովհետեւ վերջինս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ընթացող իրադարձութիւններէն ազդուեցաւ, նաեւ` տարածաշրջանին մէջ ազդու տարրերէն է»:

«Հակառակ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգ մը հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն` կարելի չէ անտեսել մեր հասարակաց շահերը, որովհետեւ անիկա (Թուրքիան «Ա.») աւելի քան 3,5 միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ եւ անոնց հետ առատաձեռնութեամբ կը վարուի», ըսած էր Պորել:

«Հարկ է, որ Եւրոպական Միութիւնը գործակցի Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ թղթածրարներուն վերաբերեալ քաղաքական լուծումներ գտնելու համար», յայտնած էր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներէն շատերը կոչ ուղղած են` դադրեցնելու Թուրքիոյ տրամադրուած ֆինանսական օգնութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Նաչօ Սանչես Ամոր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Յունաստանին ու Կիպրոսին եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` հետեւելու եւրոպական արժեչափերուն:

Խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ դեմոկրատներու դաշինք խմբակցութեան կիպրացի երեսփոխան Քոսթաս Մաւրիտես իր կարգին խստօրէն քննադատած է Գերմանիոյ կողմէ շարունակուող Թուրքիոյ զէնքի վաճառքը եւ նշած, որ այդ զէնքը կ՛օգտագործուի եւրոպական արժեչափերը խախտելու համար:

Նախորդը

«Ռուսիան Կ՛աջակցի Քիւրտերու Եւ Դամասկոսի Միջեւ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

«Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.