Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Հրամանագիրով Մամետեարով Հեռացուած Է Իր Պաշտօնէն, Անոր Պաշտօնին Նշանակուած Է Պայրամովը

July 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էլմար Մամետեարով հեռացուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն: ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին հրամանագիրը ստորագրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ալիեւի մէկ այլ հրամանագիրով Ճէյհուն Պայրամով ազատուած է Ազրպէյճանի կրթութեան նախարարի պաշտօնէն: Երրորդ հրամանագիրով` Ալիեւ Պայրամովը նշանակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:

Ազրպէյճանի նախագահը մէկ օր առաջ դժգոհութիւն յայտնած էր Մամետեարովի աշխատանքէն: Ան ընդգծած էր, որ նախարարը պէտք էր Հայաստանի հետ համաձայնութիւն գոյացնէր ղարաբաղեան տագնապին շուրջ, սակայն մինչեւ հիմա նպատակին չէ հասած, որովհետեւ Հայաստան տակաւին չէ կատարած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը:

Ալիեւ նաեւ նշած էր, որ արտաքին գործոց նախարարը որեւէ ձեւով չէ արձագանգած 12 յուլիսին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ կատարուող իրադարձութիւններուն:

Խօսելով Ալիեւի Կողմէ Իրեն Ուղղուած Քննադատութեան Մասին`
«Աստուծոյ Սիրոյն, Դադրեցուցէ՛ք»
Կ՛ըսէ Մամետեարով

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կապուած են երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ եւ փորձած իմանալ անոր կարծիքը երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` իր եւ իր ղեկավարած նախարարութեան աշխատանքին վերաբերեալ դժգոհութիւններուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Արտաքին գործոց նախարարը ոչ մէկ յստակ պատասխան տուած է լրագրողներուն:

«Աստուծոյ սիրոյն, դադրեցուցէ՛ք: Դուք ուրիշ հարցեր չունի՞ք: Ատիկա ի՞նչ հարցում է: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է բանի մը մասին հարցնել այսպիսի ժամանակ: Վաղը հեռաձայնեցէ՛ք Լէյլա Ապտուլլայեւային (Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր), թող ան պատասխանէ այդ հարցումին», ըսած է Մամետեարով:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.