Իրանի Մէջ Մտահոգ Են Պաքուի Հակաիրանեան Քարոզչութեամբ
Իրանեան «Քաֆքազ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պաքուի մէջ աշխուժացած են հակաիրանեան քարոզչութեամբ զբաղող լրատուամիջոցները: Իրանեան լրատուամիջոցը մասնաւորաբար ուշադրութեան հրաւիրած է ազրպէյճանական «Աքսար»-ի մէջ լոյս տեսած «Հարաւային Ազրպէյճան նահանգի մէջ գիւղերը կը դատարկուին» յօդուածին վրայ: Կայքը կը շեշտէ, որ պատմական Ատրպատականի տարածքը նկարագրելու ընթացքին ազրպէյճանական կայքը յօդուածին մէջ օգտագործած է կեղծ` «Հարաւային Ազրպէյճան» եզրը: Իրանեան լրատուամիջոցները այս ծիրին մէջ կը շեշտեն, որ...




















