Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն» Կ՛ըսէ Քալըն

July 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ կան սեւ քարոզչութեան ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ: Ծոցի երկիրներու այդ ծրագիրները արաբական հասարակութեան զօրակցութիւնը չեն վայելեր»:

«Այդ երկիրներու ղեկավարները պէտք է գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ այդ քայլերը իրականութեան մէջ իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց ժողովուրդները», ըսաւ ան` նշելով. «Վերջերս միջազգային ազատական ճառերը «իսլամական շարժումներ», «իսլամական կուսակցութիւններ» եւ «Իսլամ եղբայրներ» եզրերը կ՛օգտագործեն իբրեւ սարսափեցման գործիք»:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթընին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «արմատական իսլամ» կոչելուն` Քալըն ըսաւ, որ պաշտօնազրկումէն առաջ յաճախ խօսած է Պոլթընի հետ, «սակայն նախապէս ինծի այսպիսի բան չըսաւ»:

«Անոր վերջին յայտարարութիւններուն պատճառը այն է, որ այդ խօսքերը արեւմտեան շրջանակներուն մէջ այլեւս շատ տարածուած են», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահին խորհրդականը: Ան նաեւ Արաբական Լիկային կոչ ուղղեց` փոխան Թուրքիոյ դէմ հաղորդագրութիւններ հրապարակելու, առաւել եւս հետաքրքրուելու Պաղեստինեան դատով:

Ան դատապարտեց Այսրյորդանանէն հողեր կցելու իսրայէլեան ծրագիրը` զայն նկատելով «բռնաբարման ու բռնագրաւման նոր քաղաքականութիւն»` աւելցնելով, որ կցման ծրագիրը անօրինական է եւ Անգարա զայն «կտրուկ կերպով» կը մերժէ:

«Իսրայէլեան կցման ու բռնագրաւման քաղաքականութիւնները պատճառ դարձան  Պաղեստինեան դատի բարդացման: Այդ քաղաքականութիւնները վերջ տուին խաղաղութեան, երկու պետութիւններու հարցերու լուծման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու ընկերային բարօրութեան հաստատման բոլոր նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Քալըն:

Նախորդը

Պորելը Մեղադրելով Թուրքիոյ Նկատմամբ Շատ Մեղմ Քաղաքականութիւն Վարելու Մէջ` Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Քննադատութեան Ենթարկած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Անգարայի Գործողութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական Դատարանը Ջնջեց Ս. Սոֆիան Մզկիթէ Թանգարանի Վերածելու 1934-ի Որոշումը. Էրտողան Ստորագրեց Զայն Մզկիթի Վերածելու Հրամանագիր

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.