Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին վիրաւորանք հնչեցնելու պնդումներով Անգարան պարբերաբար կը պահանջէ, որ Զուիցերիան բազմաթիւ մարդիկ դատապարտէ: Իսկ Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը այդ պահանջները շրջանցելու լուծում գտած է` փոփոխութիւն կատարել «պետութեանց ղեկավարներու անձը վիրաւորելը» քրէականացնող օրէնքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Կը նշուի, որ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համար Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւական յանձնախումբը աշխատանքներու սկսած է: Այսուհետեւ Էրտողանի բողոքներէն ազատելու համար յանձնախումբը մտադիր է վերցնել Սահմանադրութեան` «պետութեանց ղեկավարներն ու կառավարութիւնները վիրաւորելը» քրէականացնող յօդուածը:
Զուիցերիոյ դատական մարմինները վերջին տարիներուն բաւական շատ ժամանակ կը վատնեն Թուրքիոյ իրաւական օգնութեան մասին ներկայացուած պահանջներուն վրայ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը բազմիցս դիմած է Զուիցերիոյ` դատապարտելու համար այդ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիները, որոնք «քննադատութեան ենթարկած են» Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Զուիցերիոյ պետական ռատիօ-պատկերասփիւռի հաղորդումով, 2016-էն մինչեւ օրս Թուրքիան Պեռնի իշխանութեան «Էրտողանը վիրաւորելու» եւ «ՔԱԿ-ի օգտին քարոզչութիւն ծաւալելու» «հիմամբ» շուրջ երեսուն անձի դատապարտման իրաւական պահանջ ներկայացուցած է: Սակայն Թուրքիոյ ներկայացուցած պահանջներուն մեծ մասը Պեռնի վարչակազմը մերժած է:
Իսկ իբրեւ մերժման պատճառ շեշտուած է հետեւեալը. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) Զուիցերիոյ մէջ արգիլուած կազմակերպութիւն է»:



