Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Հետ Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Է
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը Թուրքիոյ եւ Քաթարի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է զինուորական համագործակցութեան մասին եռակողմ համաձայնագիրի ստորագրման շուրջ` լիպիական զինեալ ուժերու ներուժին մեծացման նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան պաշտպանութեան փոխնախարար Սալահետտին Նիմրուշ յայտարարած է, թէ Անգարան եւ Տոհան Լիպիոյ մէջ զինուորական պատրաստութեան եւ խորհրդակցութեան համար կեդրոններ պիտի ստեղծեն: Ան...




















