Ազրպէյճան վճռականօրէն կը պաշտպանէ եղբայրական Թուրքիոյ քայլերը, որոնք պատմականօրէն կարեւոր դեր խաղցած են Միջերկրական ծովու շրջանի զարգացման գործին մէջ` հիմնուած միջազգային օրէնքի վրայ, որ ուղղուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, եւ յոյս կը յայտնէ, որ շուտով կը լուծուի գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւան` պատասխանելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան եւ այդ առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին:
Ըստ Ապտուլլայեւայի, «երրորդ կողմերու իրավիճակը շրջանի երկիրներու նկատմամբ իրենց թշնամական եւ կողմնակալ մօտեցումին համար օգտագործելու փորձերը պէտք է վճռականօրէն մերժուին»:
«Հայկական կողմի` Թուրքիոյ դէմ անհիմն մեղադրանքներ պարունակող դիրքորոշումն ու յայտարարութիւնները պէտք է դատապարտուին եւ ճնշուին` իբրեւ իրենց նեղ քաղաքական շահերը չարաշահելու փորձ` հաշուի առնելով Միջերկրական ծովու աւազանին մէջ նկատուող լարուած իրավիճակը», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը:
Ապտուլլայեւան հաւանաբար «մոռցած» է մէկ ամիս առաջ` յուլիս ամսուն Տաւուշեան դէպքերու ընթացքին երրորդ երկիր հանդիսացող Թուրքիոյ` բարձրագոյն մակարդակով յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Հայաստանը կը մեղադրուէր «պատերազմ շղթայազերծելու» եւ «բռնագրաւման քաղաքականութիւն» գործադրելու յանցանքով: