Երկրագունդի բնակչութիւնը հեռու է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի այն մակարդակէն, որ անհրաժեշտ է հաւաքական դիմադրողականութեան ձեւաւորման համար: Այս կարծիքը յայտնեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը:
Հաւաքական դիմադրողականութիւնը սովորաբար ձեռք կը բերուի պատուաստումներու միջոցով եւ, գիտնականներու մեծամասնութեան գնահատումով, բնակչութեան առնուազն 70 առ հարիւրը պէտք է ունենայ հակամարմիններ` բռնկումը կանխարգիլելու համար:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ղեկավար տոքթ. Մայքըլ Ռայըն ըսած է, թէ մենք պէտք չէ ապրինք հաւաքական դիմադրողականութիւն ձեռք բերելու «յոյսով»:
«Իբրեւ համաշխարհային բնակչութիւն, մենք չենք մօտեցած դիմադրողականութեան այն մակարդակին, որ անհրաժեշտ է այս հիւանդութեան փոխանցումը դադրեցնելու համար», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ասիկա լուծում չէ, որուն պէտք է ձգտինք»:
Մինչեւ օրս կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մեծ մասը ցոյց տուած է, որ մարդոց միայն 10-20 առ հարիւրը հակամարմիններ ունի:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի աւագ խորհրդական տոքթ. Պրիուս Էյլուըրտ աւելցուցած է, որ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պատուաստումի որեւէ արշաւ նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրի ընդգրկման: