Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Ամիր խաթամի յայտնած է, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զինուորական արտադրութիւն ո՛չ միայն պիտի ներածէ, այլ նաեւ պիտի արտածէ` 2015-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ երկրին դէմ պարտադրուած հնգամեայ զէնքի առեւտուրի արգելքի ջնջումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը Իրանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան ազգային օրուան առիթով ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Իրան բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործէ` պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք զէնք գնելու եւ արտածելու համար»:
Խաթամիի համաձայն, Իրանի իսլամական հանրապետութեան պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը «երկրին ռազմավարական խորքն» է, եւ անոր գիտական եւ ճարտարագիտական ներուժը` Իրանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացման կարեւորագոյն օղակը:
«Պատժամիջոցները որեւէ սահմանափակում չեն յառաջացուցած: Երկիրը հասած է պատժամիջոցներու ծիրին մէջ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բոլոր յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն», նշած է պաշտպանութեան նախարարը:
Իրանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները բազմիցս նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու դրութիւնը ո՛չ միայն չկրցաւ դադրեցնել երկրի ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացումը, այլեւ ընդհակառակն` դարձաւ հզօր խթան` ապաւինելու ներքին ներուժներուն` Իրանի պաշտպանական կարողութիւնը բարձրացնելու համար:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ վերջերս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած էր նախագիծ մը` Իրանի դէմ հոկտեմբերին աւարտող զէնքի առեւտուրի արգելքը դարձեալ երկարաձգելու համար, սակայն փորձը կանխարգիլուած էր Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ:



