Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա» Կայքին. Փոմփէօ Այսօր Պիտի Այցելէ Իսրայէլ, Ապա Պիտի Ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

August 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այսօր պիտի այցելէ Իսրայէլ, ապա պիտի ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Իսրայէլեան կայքը հաղորդեց, որ կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ Սպիտակ տան «խաղաղութեան հոլովոյթ»-ի հարցով պատուիրակ Աւի Պրոքովիչ սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին այցելեն Ծոցի շրջանի շարքի մը երկիրներ:

Ըստ «Ուալլա»-ի, նաեւ կը նախատեսուի, որ այդ այցելութեան միանան Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն եւ Իրանի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Պրայըն Հուք:

Իսրայէլեան կայքը նշեց, որ Քուշներ եւ Պրոքովիչ կ՛ուզեն շնորհաւորել Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարները 13 օգոստոսին անոնց գոյացուցած «պատմական համաձայնութեան» համար եւ արաբական այլ երկիրներ եւս քաջալերել հետեւելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին եւ իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Իսրայէլի հետ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ յոյս յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիան եւս իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Իսրայէլի հետ, իսկ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքով` գոյութիւն ունի հաւանականութիւն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն ընթացքին Պահրէյնն ու Օմանը հետեւին Ապու Տապիի օրինակին:

Իսրայէլեան տեղեկահաւաքի հարցերու նախարար Էլի Քոհեն ուրբաթ երեկոյեան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 20-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին արաբական այլ երկիրներ, որոնք Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի ստորագրեն:

«Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրելու թեկնածու արաբական երկիրներու շարքին են Ծոցի շրջանի պետութիւններ Ափրիկէի արաբական երկիրներ, նախ եւ առաջ` Մարոքը», նշեց Քոհեն:

 

 

Նախորդը

Զուիցերիան Էրտողանի Բողոքներէն Ազատելու Համար Օրէնք Կը Փոխէ

Յաջորդը

Թուրքիա Կ՛արգելակէ Հասաքէ Քաղաքի Եւ Գիւղական Շրջաններուն Ըմպելի Ջուրի Մատակարարումը

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.