Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլի Եւ Սուտանի Միջեւ Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Քոհեն

August 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիատ Կ՛ողջունէ Արաբական Միացեալ
Էմիրութիւններ-Իսրայէլ Համաձայնութիւնը

Իսրայէլի տեղեկահաւաքի հարցերու նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտնեց, թէ Իսրայէլի եւ Սուտանի միջեւ հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին:

Քոհեն, որ երկուշաբթի օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելած էր, յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ համաձայնութիւնը առաջին ծիծեռնակն է»:

Ան Սուտանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին Իսրայէլի հետ թշնամութեան չգոյութեան մասին խօսքը նշելով շեշտեց, որ Արաբական ծոցի այլ երկիրներու եւ ափրիկեան երկիրներու հետ եւս համաձայնութիւններ պիտի գոյանան:

Քոհեն ըսաւ, որ քանի խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, ուրեմն ատիկա «պէտք է ներառէ եւ պիտի ներառէ Իսրայէլ ներթափանցած անձերը Սուտան վերադարձնելը»` աւելցնելով. «Մինչեւ հիմա թիւերու մասին չխօսուեցաւ, ատիկա տեղի պիտի ունենայ, երբ բանակցութիւնները յառաջընթաց արձանագրեն եւ հասնին համաձայնութեան ստորագրութեան փուլին»:

Քոհեն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, թէ Թել Աւիւ Սուտանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու «շատ մօտ է»:

Միւս կողմէ, Սուտանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Օմար Ամարէտտին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը որեւէ ձեւով չէ քննարկած Սուտանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր բանբերին այդ հարցին շուրջ որեւէ յայտարարութիւն կատարելու պարտականութիւն չէ տուած:

Նախարարութիւնը զարմանք յայտնեց իր բանբեր Հայտար Պատաուիի Սուտանի` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու ձգտումին մասին յայտարարութեան նկատմամբ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրը համազօր է պատմական համաձայնագիրի մը, որ Իսրայէլի պետութեան համար մեծ աւետիս է: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը Իսրայէլի մէջ ներդրումներ կատարելու հարցին նկատմամբ շատ մեծ հետաքրքրութիւն ունին»:

«Արաբական երկիրներ, Ապու Տապիի կատարածին նման, Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ տապալեց արաբական երկիրներուն հետ խաղաղութեան յառաջ մղման դէմ պաղեստինեան վեթոն»:

Իսրայէլի վարչապետը շեշտեց, թէ իր երկիրը յանձնառու է «արաբական աշխարհին հետ խաղաղութեան գոյացման, եւ մեզի հետ խաղաղութիւն հաստատող արաբական այլ երկիրներ ալ պիտի ըլլան»:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր երէկ յայտարարեց. «Կ՛ողջունենք շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման եւ պաղեստինեան հողերու կցման արգիլման համար քայլերը»:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

Յաջորդը

«Պաղեստինեան Հողեր Կցելու Իսրայէլեան Ծրագիրը Վերջնականապէս Մէկդի Չդրուեցաւ» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.