Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահրէյն Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնութիւն Գոյացուց Իսրայէլի Հետ

Սեպտեմբեր 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Պահրէյն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն օրինակին հետեւելով,  Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն պիտի գոյացնէ:

«Այսօր` պատմական այլ բեկում մը: Մեր երկու մեծ բարեկամները` Իսրայէլն ու Պահրէյնի թագաւորութիւնը, Խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ համաձայնեցան: 30 օրուան մէջ երկրորդ արաբական երկիրն է, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն կը հաստատէ», «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Պատմական եւ հոյակապ օր մը, որովհետեւ այս համաձայնութեան յայտարարութիւնը կը զուգադիպի սեպտեմբեր 11-ի ոգեկոչման», յայտնեց Թրամփ` նշելով. «Սէուտական Արաբիան կը դիմէ քայլերու, որոնք չէր առներ, եւ այսպէս ատելութեան ու կռիւի տարրերը սկսան չքանալ»:

«Այս համաձայնութիւնները տարածաշրջանին մէջ մեծ շրջադարձութիւններու պիտի առաջնորդեն, ինչ որ ասիկա հոյակապ է», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ համաձայնութիւնը գոյացած է այսօր` 11 սեպտեմբերին, Թրամփի եւ Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորին ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին: Անոնք համաձայնած են Իսրայէլի եւ Պահրէյնի միջեւ լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու շուրջ:

Թրամփի աւագ խորհրդական Ճարըտ Քուշներ «Ռոյթըրզ»¬ին յայտնեց, թէ համաձայնութիւնը «երկու դեսպանատուներու բացում պիտի ներառէ»:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Պահրէյնի հետ համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի երեքշաբթի օր, Սպիտակ տան մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան ստորագրման արարողութեան ընթացքին: Նեթանիահու ըսաւ. «Պահրէյնի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը խաղաղութեան նոր ժամանակաշրջան մըն է»:

Պահրէյնի թագաւորի դիւանագիտական հարցերու խորհրդական եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ Ալ Խալիֆա իր կարգին դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի հետ իր երկրին յարաբերութիւններու բնականոնացումը «ի շահ տարածաշրջանի անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման է»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, թէ համաձայնութիւնը «պատմական ուխտադրժում մը, դիւանագիտական խայտառակութիւն մը եւ Պաղեստինեան դատին նենգ հարուած մըն է»:

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը դատապարտեց այս համաձայնութիւնը` զայն նկատելով Պաղեստինեան դատին դաւաճանութիւն:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսի ողջունեց համաձայնութիւնը եւ զայն նկատեց «խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ քայլ մը»:

«Համաձայնութիւնը Պաղեստինեան դատին արդար ու մնայուն լուծումի մը իրագործման ուղղութեամբ քայլ մըն է», աւելցուց ան:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ողջունեցին Պահրէյնի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան գոյացումը:

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Յունաստանն Ու Կիպրոսը Աշխատանք Կը Տանին Կազմելու Դաշինքներ, Որոնց Մաս Կը Կազմեն Եգիպտոսը, Լիբանանը, Իսրայէլն Ու Ֆրանսան»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Յարձակում` Հալէպի Սֆէյրա Շրջանին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?