Միջազգային

Կութերեշ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջնջելու «Քորոնա»-ին Դէմ  Պայքարելու Արգելք Հանդիսացող Պատժամիջոցները

Կութերեշ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջնջելու «Քորոնա»-ին Դէմ Պայքարելու Արգելք Հանդիսացող Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ ուղղած է` ջնջելու այն պատժամիջոցները, որոնք պետութիւնները կը խանգարեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու: Կութերեշի խօսքով` ան լիովին կ՛աջակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչելեթի յայտարարութեան, որուն համաձայն, երկիրները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն ընդլայնուած պատժամիջոցները այն երկիրներուն դէմ, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ: Կութերեշ նախապէս յայտարարած էր, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ արդիւնաւէտ եւ...

Թուրքիա Կը Մերժէ Կիպրոսի Հարցով  Ռուսիոյ Միջնորդութիւնը

Թուրքիա Կը Մերժէ Կիպրոսի Հարցով Ռուսիոյ Միջնորդութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չընդունի Կիպրոսի հետ հարցին մէջ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը: Ան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաւիրեց այցելելու Կիպրոսի հիւսիսային հատուած:

Թուրքիան Երկարաձգած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական-Հետախուզական Աշխատանքներու Ժամկէտը

Չաւուշօղլու. «Չնահանջեցինք». Թուրքիա. «Օրուչ Ռէյիս» Հետախուզական Նաւը Պիտի Շարունակէ Միջերկրականի Մէջ Իր Գործունէութիւնը»

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 13 սեպտեմբերին Միջերկրական ծովու վիճելի տարածքները լքած թրքական «Օրուչ Ռէյիս» հետախուզական նաւը թեքնիք սպասարկում ստանալէ ետք պիտի շարունակէ ծովուն մէջ իր հետախուզական աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը: Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ նաւը Միջերկրական ծովուն մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է 10 օգոստոսին: Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած...

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Կիպրոսի Հարցին Մէջ  Վերադառնալու Չէզոք Դիրքորոշման

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Կիպրոսի Հարցին Մէջ Վերադառնալու Չէզոք Դիրքորոշման

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Կիպրոս այցելութեան ընթացքին «Ամերիկան մեծապէս մտահոգ է արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ քայլերով» յայտարարութենէն եւ Կիպրոսի հետ ծովային սահմաններու անվտանգութեան պահպանման արձանագրութեան ստորագրութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերադառնան չէզոք դիրքորոշման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն: «Փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւնը արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պիտի չծառայէ եւ...

«Պաղեստինեան Դատին Շուրջ Արաբական  Միաձայնութիւնը Վերջին  Զարգացումներէն Պիտի Չազդուի»  Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

«Պաղեստինեան Դատին Շուրջ Արաբական Միաձայնութիւնը Վերջին Զարգացումներէն Պիտի Չազդուի» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Վստահ եմ, որ շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները... ճիշդ ինչ կը վերաբերի Պաղեստինեան դատին եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին... պաղեստինեան հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալուն` իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու համապարփակ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ արաբական միաձայնութեան վրայ պիտի չազդեն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Այս ամսուան 9-ին Պաղեստինեան...

Օման Կ՛ողջունէ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները  Բնականոնացնելու Պահրէյնի Որոշումը

Օման Կ՛ողջունէ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Պահրէյնի Որոշումը

Օման կ՛ողջունէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Պահրէյնի որոշումը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Օմանի պետական պատկերասփիւռի կայանը: «Սուլթանութիւնը կ՛ողջունէ եղբայրական Պահրէյնի թագաւորութեան նախաձեռնութիւնը», կը նշուի պատկերասփիւռի կայանի Թուիթըրեան հաղորդագրութեան մէջ: Օման յոյս ունի, որ «արաբական որոշ երկիրներու կողմէ ընտրուած ռազմավարական այս նոր ուղին պիտի օգնէ հասնելու խաղաղութեան, որ հիմնուած պիտի ըլլայ պաղեստինեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին...

Պիելոռուսիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Հաստատէ Ընդդիմութեան Ցոյցերուն Ժամանակ  Կրակոց Տեղի Ունեցած Ըլլալն Ու Կը Նշէ  Ձերբակալուածներու Թիւը

Պիելոռուսիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Ընդդիմութեան Ցոյցերուն Ժամանակ Կրակոց Տեղի Ունեցած Ըլլալն Ու Կը Նշէ Ձերբակալուածներու Թիւը

Պիելոռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց 13 սեպտեմբերին բողոքի ցոյցերու ժամանակ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած կրակոցի փաստը եւ կը հաղորդէ, որ աւելի քան 400 անձեր ձերբակալուած են: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Նախարարութեան տուեալներով` իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներէն մէկը նախազգուշացման համար օդ կրակած է: Ատիկա կատարուած է այն պահուն, երբ ցուցարարները փորձած են ձերբակալուածները ազատել ոստիկաններու ձեռքէն: Նոյն...

Յունաստանի Մէջ Հրդեհի Պատճառով  Աւերուած Ճամբարի Գաղթականները Կ՛ուզեն  Եւրոպական Միութեան Երկիրներ  Փոխադրուիլ Եւ Ոչ Թէ Այլ Ճամբար

Յունաստանի Մէջ Հրդեհի Պատճառով Աւերուած Ճամբարի Գաղթականները Կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան Երկիրներ Փոխադրուիլ Եւ Ոչ Թէ Այլ Ճամբար

Յունաստանի Լեսպոս կղզիին վրայ գտնուող «Քարա Թեփէ» ժամանակաւոր ճամբարին մօտ հարիւրաւոր գաղթականներ բողոքի ցոյց կատարած են` պահանջելով զիրենք փոխադրել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «քորրեսփոնտենթ» կայքը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ բազմաթիւ գաղթականներ չեն ուզեր վերջերս տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով գրեթէ ամբողջովին աւերուած «Մորիա» ճամբարէն այլ ճամբար տեղափոխուիլ եւ առհասարակ Լեսպոս կղզիին վրայ մնալ: Գաղթականներու եւ տեղահանուածներու...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Իրան Սիւլէյմանիի Սպանութեան Համար  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Դէմ  Մահափորձ Կը Նախապատրաստէ

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Իրան Սիւլէյմանիի Սպանութեան Համար Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Դէմ Մահափորձ Կը Նախապատրաստէ

Իրան Յեղափոխական պահակագունդի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար վրէժ լուծելու նպատակով մահափորձ կը նախապատրաստէ Հարաւային Ափրիկեան հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լանա Մարքսի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն: Կը նշուի, թէ դաւադրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնը տարածուած էր գարնան, սակայն վերջերս յայտնի դարձած են գործողութեան ճշգրիտ մանրամասնութիւնները: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին համաձայն, Փրեթորիայի մէջ Իրանի դեսպանատունը մեղսակից է դաւադրութեան, իսկ...

Ըստ Թրամփի.  Օպամա Ոչ Արդարացի Կերպով  Ստացած Է Նոպելեան Մրցանակ

Ըստ Թրամփի. Օպամա Ոչ Արդարացի Կերպով Ստացած Է Նոպելեան Մրցանակ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ նախկին նախագահ Պարաք Օպամա անարդարացիօրէն խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Կը յիշէք չէ՞ մեր մեծ նախագահը: Պարաք Հուսէյն Օպամա. ան մրցանակը ստացած է պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք: Հարցումին, թէ ինչո՞ւ ստացած է, ան չկրցաւ պատասխանել, կը յիշէ՞ք: Իսկ ետքը Պայտընը ըսաւ. «Իսկ ինծի՞»,...

Կիպրոս Պատասխանած Է Ռուսիոյ Մարտանաւերու  Կղզիի Նաւահանգիստներ Մուտք Գործելուն  Վերաբերեալ Փոմփէոյի Հարցումին

Կիպրոս Պատասխանած Է Ռուսիոյ Մարտանաւերու Կղզիի Նաւահանգիստներ Մուտք Գործելուն Վերաբերեալ Փոմփէոյի Հարցումին

Կիպրոս ռուսական մարտանաւերուն իրաւունք կու տայ իր նաւահանգիստներ մուտք գործելու` մարդասիրական աջակցութեան խնդրանքներու հիման վրայ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտես: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նախապէս մտահոգութիւն յայտնած էր կղզիի նաւահանգիստներ ռուսական մարտանաւերու կանոնաւոր մուտքերուն վերաբերեալ: Քրիսթոտուլիտես, մեկնաբանելով Փոմփէոյի խօսքը,  յայտնած է, որ Կիպրոս մարդասիրական վայրեր...

«Դեղին Բաճկոններ»-ը Վերադարձան Ֆրանսական Մեծ Քաղաքներու Փողոցներ

«Դեղին Բաճկոններ»-ը Վերադարձան Ֆրանսական Մեծ Քաղաքներու Փողոցներ

«Դեղին Բաճկոններ» շարժումի ականաւոր դէմքերուն կոչերուն ընդառաջելով շարժումը, ամառնային հանգիստէ ետք, շաբաթ օր վերադարձաւ ֆրանսական մեծ քաղաքներու փողոցներ: Մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ապահովական իշխանութիւնները որոշեցին ուրբաթ օրուընէ մինչեւ շաբաթ օր ընդհանուր կարգ ու կանոնին վտանգի լոյսին տակ արգիլել «հաւաքը ոեւէ անձերու, որոնք կը պնդեն, թէ շարժումին մաս կը կազմեն: Բողոքի ցոյցերու այս շարժումի ծնունդէն երկու տարի ետք «Դեղին բաճկոններ»-ը Մարսէյի, Թուլուզի,...

Կիպրոսի Հետ Ծովային Սահմաններու Անվտանգութեան Պահպանման Մարզման Արձանագրութիւնը Ստորագրելէ Ետք. «Ամերիկան Մեծապէս Մտահոգ Է Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ Թուրքիոյ Քայլերով» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Կիպրոսի Հետ Ծովային Սահմաններու Անվտանգութեան Պահպանման Մարզման Արձանագրութիւնը Ստորագրելէ Ետք. «Ամերիկան Մեծապէս Մտահոգ Է Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ Թուրքիոյ Քայլերով» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց ծովային սահմաններու անվտանգութեան պահպանման մարզումի փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը, եւ Կիպրոսի նախագահ Անասթասիատեսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական պեղման աշխատանքներուն նկատմամբ: «Ամերիկան մեծապէս մտահոգ է արեւելեան Միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ քայլերով», ըսաւ Փոմփէօ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ շրջանին մէջ լարուածութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ...

«Իսրայէլի Հետ Խաղաղութիւնը Այլ Երկիրներ Եւս Մերձեցման Պիտի Մղէ Կ՛ըսէ Պահրէյնի Թագաւորի Խորհրդականը

«Իսրայէլի Հետ Խաղաղութիւնը Այլ Երկիրներ Եւս Մերձեցման Պիտի Մղէ Կ՛ըսէ Պահրէյնի Թագաւորի Խորհրդականը

Օմանի Հետ Իսրայէլի Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Պարզապէս Ժամանակի Հարց Է Պահրէյնի թագաւորի խորհրդական ռաբբի Մարք Շթայնըր յայտնած է, թէ Պահրէյնի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը Արաբական ծոցի այլ երկիրներ եւս պիտի մղէ Իսրայէլի հետ մերձեցման ու խաղաղութեան հաստատման: Իսրայէլեան «Մաքան» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ երեկոյեան հաղորդեց, թէ Շթայնըր յայտնած է, որ Օմանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացումը պարզապէս ժամանակի հարց է: Ան նշած է,...

Թուրքիա «Օրուչ Ռէյիս» Նաւը Արեւելեան Միջերկրականէն Կը Վերադարձնէ Անթալիոյ Նաւահանգիստ

Թուրքիա «Օրուչ Ռէյիս» Նաւը Արեւելեան Միջերկրականէն Կը Վերադարձնէ Անթալիոյ Նաւահանգիստ

Թրքական իշխանութիւնները Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններէ ետք բնական հարստութիւններու որոնման «Օրուչ Ռէյիս» նաւը արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն վերադարձուց Անթալիոյ նաւահանգիստ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը: Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ յունական կողմին հետ բանակցութիւններէ ետք, «Օրուչ Ռէյիս» նաւը առկախած է իր աշխատանքները այն շրջանին մէջ, ուր կը նախատեսուէր զանոնք շարունակել մինչեւ 25 սեպտեմբեր: Օրաթերթը աւելցուց,...

«Կը Շարունակենք Արաբական Սկզբունքներուն Վրայ Մնալ, Եւ Խաղաղութիւնը Պաղեստինցիներուն Համար Լաւագոյն Առիթները Կ՛Ապահովէ Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Կը Շարունակենք Արաբական Սկզբունքներուն Վրայ Մնալ, Եւ Խաղաղութիւնը Պաղեստինցիներուն Համար Լաւագոյն Առիթները Կ՛Ապահովէ Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ պըն Ռաշետ Զայանի յայտնեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու որոշումով չէ հրաժարած արաբական սկզբունքներէն` շեշտելով, որ խաղաղութիւնը «պաղեստինցի ժողովուրդին համար աւելի լաւ առիթներ կը ստեղծէ»: «Պահրէյնի թագաւորութիւնը պիտի չհրաժարի արաբական սկզբունքներէն ու պաղեստինեան իրաւունքներէն, որոնք այդ սկզբունքներուն կարեւորագոյնն են», ըսաւ Զայանի` նշելով. «Պատմական նախադէպերը կը հաստատեն, որ Պահրէյնի թագաւորութեան բոլոր նախաձեռնութիւններն ու...

«Որո՞նք Են Արաբները. Արաբական Լիկան Արաբական Չէ»  Թուրքիա Ինքզինք Կը Նկատէ Արաբներու Անունով Խօսելու Ամէնէն Իրաւասու Կողմը

«Որո՞նք Են Արաբները. Արաբական Լիկան Արաբական Չէ» Թուրքիա Ինքզինք Կը Նկատէ Արաբներու Անունով Խօսելու Ամէնէն Իրաւասու Կողմը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Եասին Աքթայ բուռն կերպով քննադատեց Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով անցեալ չորեքշաբթի օր գումարուած ժողովէն բխած որոշումը, որ ըստ իրեն, «արաբական պետութիւններու հարցերուն թրքական միջամտութիւններու վերաբերեալ պնդումներ» կը պարունակէր: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ի արաբերէն ծառայութիւնը: Աքթայ «Արապի 21» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին որոշումին անդրադառնալով յայտնեց. «Այս կեցուածքը զաւեշտալի է: Որո՞նք են արաբները: Արդեօ՞ք...

Էրտողան Մաքրոնին Խորհուրդ Տուած Է «Թուրքիոյ Հետ Գործ Չունենալ»

Էրտողան Մաքրոնին Խորհուրդ Տուած Է «Թուրքիոյ Հետ Գործ Չունենալ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ըսելով, որ վերջինս իրեն հետ յաւելեալ լուրջ խնդիրներ պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին` յղում կատարելով թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան: Թուրքիոյ նախագահի նման արտայայտութեան պատճառ դարձած է Եւրոպական Միութեան Անգարայի նկատմամբ աւելի խիստ ըլլալու Մաքրոնի կոչը: Ֆրանսայի նախագահը նոյն ատեն շեշտած էր, որ խօսքը Թուրքիոյ ղեկավարութեան...

Լաւրովի Կարծիքով` Բանակցութիւններու Վերսկսումը Պիտի Նպաստէ Կիպրոսի Հարցի Լուծման

Լաւրովի Կարծիքով` Բանակցութիւններու Վերսկսումը Պիտի Նպաստէ Կիպրոսի Հարցի Լուծման

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ բանակցութիւններու վերսկսումը պիտի արտօնէ լուծել կիպրական հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Լաւրովի համաձայն, Ռուսիան, իր կարգին, կը վերահաստատէ յանձնառութիւնը Կիպրոսի խնդիրի համապարփակ, կայուն, արդար եւ կենսունակ լուծման` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի գործող բանաձեւերուն վրայ: «Մենք կը կարծենք, որ անկախութեան, գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ամէնէն արդիւնաւէտ ապահովումը...

Փութին Պիտի Գլխաւորէ ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր Ժողովի 75-րդ Նստաշրջանին Մասնակից Ռուսական Պատուիրակութիւնը

Փութին Պիտի Գլխաւորէ ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր Ժողովի 75-րդ Նստաշրջանին Մասնակից Ռուսական Պատուիրակութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի գլխաւորէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանին մասնակից ռուսական պատուիրակութիւնը: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ իրաւական տեղեկատուութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Փութին նիստի ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ տեսաուղերձի ձեւաչափով, ապա ռուսական պատուիրակութեան ղեկավարը պիտի դառնայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսիոյ նախագահը արտաքին գործոց նախարարութեան նաեւ յանձնարարած է հաստատել խորհրդականներու, փորձագէտներու եւ թեքնիք անձնակազմի...

Page 431 of 884 1 … 430 431 432 … 884

Արխիւներ