Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. «Իսրայէլ Համաձայն Գտնուեցաւ «Երկու Պետութիւններ» Լուծումին, Սակայն Պաղեստինեան Ղեկավարութիւնը Զայն Մերժեց» Կ՛ըսէ Քուշներ

September 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Սպիտակ տան մէջ յառաջիկայ երեքշաբթի օր Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան ստորագրութեան արարողութեան նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Ճարետ Քուշներ յայտնեց. «Սպիտակ տան մէջ խանդավառութեամբ կը սպասեն ասոր, ատիկա պատմական պահ մըն է»:

Քուշներ նաեւ յայտնած է. «Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ պաղեստինցիներուն հետ «երկու պետութիւններ» լուծումին, մինչեւ իսկ ճշդուած քարտէսի մը համաձայն գտնուեցաւ, սակայն պաղեստինեան ղեկավարութիւնը զայն տեսնելէ առաջ իսկ զայն մերժեց»:

«Եթէ իրենց կարծիքը փոխեն, անոնք հրաւիրուած են մեզի հետ կապ հաստատելու: Արաբական երկիրները եւս ձանձրացան պաղեստինցիներուն առիթները մերժելու ձեւէն: Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան մեր առաջարկը պիտի բարելաւէ անոնց կեանքի որակը եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պիտի առաջնորդէ», աւելցուցած է Քուշներ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականը ըսած է, թէ իր երկրին վարչակազմը «կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ առած քայլը, երբ Իսրայէլէն թռիչքներուն արտօնեց արեւելք ուղղուելու համար իր օդային տարածքը օգտագործել»:

Ըստ իսրայէլեան օրաթերթին, Քուշներ` խօսելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու հարցին մասին, յայտնած է, թէ Թրամփ «Իսրայէլի մեծ բարեկամ մըն է` աւելի քան անցեալի ոեւէ նախագահ, եւ անոր անվտանգութիւնը շատ կարեւոր է իրեն համար, ուստի այդ հարցը պիտի կատարուի անոր (Իսրայէլի «Ա.») հետ խորհրդակցաբար»: Իսկ ինչ կը վերաբերի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, ան ըսած է. «Ան ունի ուժեղ բանակ մը, որ կ՛օգնէ իրանեան սպառնալիքի զսպման»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սպիտակ տունը նաեւ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Պենի Կանցը եւ արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազին հրաւիրա՞ծ է երեքշաբթի օր Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ համաձայնութեան ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու` Քուշներ ըսած է. «Իւրաքանչիւր երկիր ի՛նք կը ճշդէ իր պատուիրակութեան կազմը»:

 

Նախորդը

«Մեծ Հաւանականութեամբ` Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Մեղսակից Են Նաւալնիի Հարցին» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

Սերպիոյ Դեսպանատունը Երուսաղէմ Տեղափոխելու Նախապայմանը Իսրայէլի` Քոսովոն Չճանչնալն Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք.  Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»
Միջազգային

Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք. Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»

February 14, 2026
Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»
Միջազգային

Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.