Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Պիելոռուսիոյ Մէջ Ընդդիմութեան Ներկայացուցիչներու Առեւանգումով» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

September 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Պիելոռուսիոյ մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու առեւանգումով: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քէյլի Մաքենանին` պատասխանելով լրագրողներու հարցումին:

«Միացեալ Նահանգներ խիստ մտահոգ են Պիելոռուսիոյ մէջ նախագահական ընտրութենէն ետք մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներու, ընդդիմադիր գործիչներու առեւանգման եւ բռնի արտաքսման մասին հաղորդագրութիւններով», յայտարարած է մամլոյ քարտուղարը:

Մաքեանին Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` ազատ արձակելու անարդարօրէն ձերբակալուած բոլոր ցուցարարներն ու քաղաքական գործիչները:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին իրենց միջազգային գործընկերներու հետ` խախտումներու համար պատասխանատու բոլոր անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Մենք Պիելոռուսիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` ազատ արձակելու անարդարօրէն ձերբակալուածները», ընդգծած է Մաքեանին եւ աւելցուցած, որ Պիելոռուսիոյ մէջ նախագահական արդար ընտրութիւն չէ եղած:

«Պիելոռուսիոյ մէջ ընտրութիւնը կեղծուած է: Խաղաղ ցուցարարներու հսկայական բանակը կ՛ապացուցէ, որ կառավարութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսել ժողովուրդին` ժողովրդավարութեան կոչերը», ըսած է Մաքենանին:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, թէ Միացեալ Նահանգներ դաշնակիցներու հետ կը մշակէ Պիելոռուսիոյ դէմ նոր հասցէական պատժամիջոցներ:

Մասնաւորաբար կը նախատեսուի պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք մասնակից են Պիելոռուսիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ բռնաճնշումներուն:

Միեւնոյն ժամանակ, նախարարութիւնը յորդորած էր Մինսքը` դադրեցնելու սեփական ժողովուրդին դէմ բռնութիւնը, ազատ արձակելու անարդար կերպով ձերբակալուածները, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Վիթալի Շքլիարովը, եւ կառուցողական երկխօսութեան սկսելու Պիելոռուսիոյ հասարակութեան իսկական ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախորդը

Նաւալնիի Հարցի Պատճառով Ֆրանսան Յետաձգած Է Ռուսիոյ Հետ Բարձր Մակարդակի Հանդիպումները

Յաջորդը

Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցան Սերպիոյ Եւ Քոսովոյի Նախագահներուն Հետ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.