Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` «Ամբողջական Ու Թափանցիկ» Հետաքննութիւն Կատարելու Նաւալնիի Հարցին Շուրջ

Սեպտեմբեր 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Գերմանիան, Պելճիքան եւ Էսթոնիան կոչ ուղղած են Ռուսիոյ` «ամբողջական ու թափանցիկ» հետաքննութիւն կատարելու ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի հետ տեղի ունեցածին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Ռուսիան պէտք է քիմիական զէնքի կիրարկման այս դէպքի շուրջ անյապաղ կատարէ ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ այդ վերաբերումը բնականի վերածուի», ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի տեղակալ Ճանըսըն Ալլըն:

Նախքան այդ, «Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երեքշաբթի օր Ռուսիոյ կոչ ուղղած էին` պատասխանատուութեան ենթարկելու Նաւալնիի առնչուած իրավիճակին մեղսակիցները:

«Քիմիական զէնքի որեւէ կիրարկում… անընդունելի է, եւ կը հակասէ այդպիսի զէնքի կիրարկումը արգիլող միջազգային արժեչափերուն: Մենք` «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներս, Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք` հրատապ կարգով ապահովելու լիակատար թափանցիկութիւն այս սարսափեցնող… թունաւորման հարցին մէջ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու առումով», նշուած էր միացեալ յայտարարութեան մէջ, զոր տարածած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին հաղորդեց, թէ ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիան Ապահովական խորհուրդի նիստին յայտարարած է, թէ Ռուսիան Նաւալնիի գործի քննութեան պիտի չսկսի մինչեւ Գերմանիայէն անհրաժեշտ տեղեկութիւններ չստանայ:

«Նոյնիսկ իրաւաբանական համալսարանի առաջին դասարանի ուսանողը գիտէ, թէ որեւէ հետաքննութեան պէտք է նախորդէն մեզի հասանելի ցուցմունքներու վրայ հիմնուած ապացոյցներ եւ փաստեր, հակառակ պարագային մեր իրաւապահ մարմինները հետաքննութեան սկսելու որեւէ հիմք չունին», նշած է Նեպենզիան` աւելցնելով, որ Նաւալնիի կեանքը փրկած ռուս բժիշկները անոր մարմինին մէջ որեւէ քիմիական նիւթեր չեն գտած:

«Գերմանական տարրալուծարանը կը յայտարարէ, թէ գտած են, սակայն մենք Գերմանիայէն չենք ստացած որեւէ ապացոյց, որ հիմք կու տայ եզրակացնելու, թէ կատարուածը յանցագործութիւն, թունաւորման փորձ եղած է, ինչ որ մեզի պիտի արտօնէր հետաքննութեան սկսիլ», ընդգծած է Նեպենզիա:

Յիշեցնենք, որ Նաւալնիին առողջութիւնը 20 օգոստոսին Թոմքէն Մոսկուա թռիչքին ընթացքին կտրուկ կերպով վատացած էր, եւ օդանաւը արտակարգ էջք կատարած էր Օմսք քաղաքի մէջ, ուր զինք հիւանդանոցի մէջ դարմանած էին: Այդտեղի մասնագէտները Նաւալնիի մարմինին մէջ թոյնի հետքեր չէին յայտնաբերած: Ըստ անոնց, հետազօտութիւնները միայն ալքոլի եւ քաֆէինի հետքեր ցոյց տուած են: Ծանօթ է, որ Նաւալնին թռիչքէն առաջ օդակայանի սրճարանին մէջ թէյ խմած է:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկեցին Երկկողմանի Օրակարգի Հարցեր

Յաջորդը

Նաւալնիի Հարցի Պատճառով Ֆրանսան Յետաձգած Է Ռուսիոյ Հետ Բարձր Մակարդակի Հանդիպումները

RelatedPosts

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի,  Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի  Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»

Նոյեմբեր 14, 2025
Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը  Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային  Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց

Նոյեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Թրամփի Վերընտրութենէն Ետք  Պաքու-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւնները  Նոր Փուլ Մուտք Գործած Են»
Միջազգային

Ալիեւ. «Թրամփի Վերընտրութենէն Ետք Պաքու-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւնները Նոր Փուլ Մուտք Գործած Են»

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?