Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ Մաքրոնին` Հանդէս Չգալ Իբրեւ Յունաստանի Ու Կիպրոսի «Փաստաբան» Եւ Չքննադատել Էրտողանը

Սեպտեմբեր 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Միջերկրական ծովուն մէջ կիրարկուող քաղաքականութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Թուրքիոյ ղեկավարութեան, մասնաւորաբար երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած քննադատութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Մաքրոն չի հրաժարիր Անգարան զրպարտելու փորձերէն` արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ Փարիզի հակաթրքական ծրագիրներու ձախողութեան լոյսին տակ: Էմանուէլ Մաքրոն կ՛առաջնորդուի նախկին գաղութատիրոջ հակազդեցութիւններով` ամբարտաւանօրէն փորձելով ուրիշներուն դասեր տալ: Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնները անոր անկարողութեան եւ յուսահատութեան ցուցանիշն են», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է Էրտողանի բարձր վարկանիշի վրայ` նշելով, թէ վերջինս ընտրութիւններուն ընտրողներէն առաւելագոյն աջակցութիւնը ստացած է:

«Թուրքիոյ նախագահին դիրքորոշումը հիմնուած է թուրք ժողովուրդին աջակցութեան վրայ: Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը միաւորուած են եւ միաւորուած պիտի ըլլան անհիմն յարձակումներու դէմ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, թէ Միջերկրական ծովուն մէջ բացառիկ տնտեսական գօտի սահմանագծելը ոչ մէկ ձեւով կապ ունի Էմանուէլ Մաքրոնի լիազօրութիւններուն հետ:

«Եւրոպական Միութեան շահերուն դէմ միակողմանի եւ սադրիչ քայլերու ձեռնարկող Յունաստանի եւ յունական Կիպրոսի իբրեւ փաստաբան հանդէս գալու փոխարէն, Փարիզ լաւ կ՛ընէր, եթէ տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան եւ համաձայնութեան կոչ ուղղէր:

Ատիկա կը պահանջեն ՕԹԱՆ-ի դաշինքի սկզբունքները եւ ընդհանուր եւրոպական շահերը: Ֆրանսայի նախագահին ազգայնականութիւնն ու յաւակնութիւնները պատճառ կը դառնան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին` վտանգելով Եւրոպայի եւ Եւրոպական Միութեան շահերը», աւելցուցած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Թուրքիոյ գործողութիւնները քննադատելու փորձերը` Ֆրանսայի կողմէ, որ ելք չունի դէպի Միջերկրական ծովու արեւելք, անհեթեթ են: Մենք ֆրանսացի ընտրողներու դատին կը յանձնենք Մաքրոնի խեղճուկ վիճակը, որուն վարկանիշը հասարակութեան աչքին անընդհատ կը նահանջէ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախապէս եւրոպացիներուն կոչ ուղղած էր` աւելի կոշտ դիրքորոշում ցուցաբերելու Թուրքիոյ նախագահին ու անոր կառավարութեան նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Մեծ Պայթում Մը Ցնցեց Յորդանանի Զարքա Նահանգի Ղապաուի Շրջանը

Յաջորդը

Փոմփէօ Այսօր Կիպրոս Կ՛այցելէ` Ջանալով Թուրքիոյ Հետ Տագնապը Խաղաղօրէն Լուծել

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?