Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցան Սերպիոյ Եւ Քոսովոյի Նախագահներուն Հետ

Սեպտեմբեր 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հետ: Քննարկեցին Քոսովոյի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:

Քրեմլին` հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց, թէ զրոյցին ընթացքին մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուած է Քոսովոյի հետ յարաբերութիւններու լուծման խնդիրներուն: Վուչիչ ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ 4 սեպտեմբերին տեղի ունեցած եւ 7 սեպտեմբերին Պրիւքսելի մէջ կայացած բանակցութիւնները:

Քրեմլին նշեց, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է սերպական կողմին նախաձեռնութեամբ` աւելցնելով. «Փութին անգամ մը եւս հաստատեց Ռուսիոյ սկզբունքային կեցուածքը` Պելկրատի զարգացման վերաբերեալ միջին ու հաւասարակշռուած լուծումի մը գծով, որուն պէտք է համաձայն գտնուի ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդը»:

«Քննարկուեցաւ Ռուսիոյ եւ Սերպիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցեր: Ռուսական կողմը իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց Ալեքսանտր Վուչիչի` ռուս¬սերպական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ ունեցած անձնական մեծ նպաստին համար», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կիրակի օր Սերպիոյ նախագահին հետ քննարկած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած ժողովին արդիւնքները: Զրոյցին ընթացքին հաստատուած է ռազմավարական գործընկերութեան համապարփակ զարգացման ու երկու երկիրներուն նախագահներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն հիմամբ քաղաքական երկխօսութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը:

***

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օր մը առաջ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Սերպիոյ եւ Քոսովոյի իր գործընկերներ Ալեքսանտր Վուչիչի եւ Հաշիմ Թաչիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակին:

Կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ, Սերպիոյ ու Քոսովոյի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող քայլեր:

Հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ կարծիքներու փոխանակում շրջանային հարցերու շուրջ: Ղեկավարները համաձայնած են շարունակել երկկողմանի եւ շրջանային հարցերու շուրջ իրենց բանակցութիւնները:

Միւս կողմէ` ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Միրոսլաւ Լայչաք յայտարարած է. «Ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ կատարուող Սերպիոյ եւ Քոսովոյի ալպանական իշխանութիւններուն երկխօսութիւնը, 10 տարի ետք, յաջող աւարտ ունենայ»:

Երկուշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է, Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան նոր փուլը, որուն մասնակցած են Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը եւ Քոսովոյի վարչապետ Աւտուլահ Հոթին:

Նախապէս Սերպիոյ պատուիրակութիւնը, Վուչիչի գլխաւորութեամբ, երկօրեայ այցելութիւն տուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր բանակցութիւններ վարած էր Հոթիի հետ, որմէ ետք կողմերը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ տնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրած էին:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Պիելոռուսիոյ Մէջ Ընդդիմութեան Ներկայացուցիչներու Առեւանգումով» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Մեծ Պայթում Մը Ցնցեց Յորդանանի Զարքա Նահանգի Ղապաուի Շրջանը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?