Միջազգային

Աւստրիական Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ Սուրիայէն, Իրաքէն Եւ Թուրքիայէն 38 Ապօրինի Գաղթականներ Փոխադրող Բեռնակառքի Վարորդը

Աւստրիական Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ Սուրիայէն, Իրաքէն Եւ Թուրքիայէն 38 Ապօրինի Գաղթականներ Փոխադրող Բեռնակառքի Վարորդը

Աւստրիական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է վարորդը սառնարան-բեռնակառքի մը, որուն մէջ կը գտնուէին 38 ապօրինի սուրիացի, իրաքցի եւ թուրք գաղթականներ, ներառեալ` 6 երեխաներ, որոնք իրարու վրայ դիզուած էին առանց օդ շնչելու բացուածքի: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ բեռնակառքը յայտնաբերած է մայրուղիի մը եզրին: «Գաղթականները յայտնեցին, որ մահէն կը վախնային ճամբորդութեան ընթացքին` թթուածինի նուազումին պատճառով, եւ կրցած են բեռնակառքը կանգնեցնել», նշեց աւստրիական ոստիկանութիւնը`...

Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւնները Բնականոնացնող Յաջորդ Երկիրը Պիտի Ըլլայ Օմանը

Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւնները Բնականոնացնող Յաջորդ Երկիրը Պիտի Ըլլայ Օմանը

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը` իսրայէլացի երկու ականաւոր պաշտօնատարներու յղում կատարելով, հաղորդեց, թէ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնող յաջորդ երկիրը պիտի ըլլայ Օմանը: Օրաթերթը կը նշէ, թէ իսրայէլացի երկու ականաւոր պաշտօնատարները այդ մասին յայտարարած են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Ուաշինկթընի մէջ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Պահրէյնի հետ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք: Իսրայէլեան օրաթերթը յայտնեց, թէ Օմանը ներկայացուցիչ մը ուղարկած էր Սպիտակ տան...

«Արաբ-Իսրայէլեան Հակամարտութիւնը Պիտի Աւարտի Քանի Մը Ամիսէն Կամ Մէկ Տարիէն» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

«Արաբ-Իսրայէլեան Հակամարտութիւնը Պիտի Աւարտի Քանի Մը Ամիսէն Կամ Մէկ Տարիէն» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, Ֆաթհ շարժումէն հեռացած ղեկավար Մուհամետ Տահլանը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հաւանական յաջորդն է: Այդ մասին կը մտածենք, սակայն չենք ուզեր պաղեստինեան ղեկավարութիւնը կազմել»: Ֆրիտմըն շեշտեց. «Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը իր աւարտին եզրին է, եւ կը նախատեսուի, որ աւարտի քանի մը ամիսէն կամ մէկ տարիէն»: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Իսրայէլի...

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի  Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

«Առանց Պաղեստինեան Դատի Լուծման, Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութիւն Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուսիա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Պաղեստինեան դատին արդար եւ մնայուն լուծումը պէտք է կարեւոր տարր մը դառնայ Միջին Արեւելքի մէջ համապարփակ լուծման: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով,  ըսաւ, թէ Իսրայէլի եւ շարք մը արաբական պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման լոյսին տակ «Պաղեստինեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ սուր, եւ սխալ պիտի ըլլայ կարծել, թէ առանց ատոր լուծման կարելի...

Էրտողան. «Պիտի Շարունակենք Կատարել Այն, Զոր Լաւագոյնը Կը Նկատենք Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Շահերուն»

Էրտողան. «Պիտի Շարունակենք Կատարել Այն, Զոր Լաւագոյնը Կը Նկատենք Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Շահերուն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած տեսաժողովին ընթացքին յայտնեց. «Արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել բանակցութիւններու ճամբով` պայմանով որ արդարութեան վրայ հիմնուած կառուցողական մօտեցումով կատարուին անոնք»: Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, թէ Էրտողան նոյն ատեն շեշտած է, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար վճռակամ եւ ազդու քաղաքականութիւն կիրարկել»: Նշենք, որ Գերմանիան միջնորդութիւն...

Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Յանցագործութիւնները Ուսումնասիրող Յանձնախումբը Թուրքիան Եւ Թրքամէտ Ուժերը Մեղադրած Է` Զինուորական Յանցագործութիւններու Համար

Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Յանցագործութիւնները Ուսումնասիրող Յանձնախումբը Թուրքիան Եւ Թրքամէտ Ուժերը Մեղադրած Է` Զինուորական Յանցագործութիւններու Համար

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ձեւաւորուած «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ զինուորական յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան յանձնախումբ»-ը ներկայացուցած է իր զեկուցումը, որուն մէջ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ անոր հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիոյ ազգային բանակ խմբաւորումը եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող այլ զինուորական խմբաւորումներ կը մեղադրէ Սուրիոյ քրտաբնակ տարածքներուն մէջ զինուորական յանցագործութիւններ կատարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքերէն ծառայութիւնը: Զեկուցումին համաձայն, Սուրիա գտնուող գրեթէ...

«Ռուսիան Ու Չինաստանը Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Գլխաւոր Մրցակիցներն Են» Կ՛ըսէ Փենթակոն

«Ռուսիան Ու Չինաստանը Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Գլխաւոր Մրցակիցներն Են» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր ամերիկեան «Ռանտ Քորփորէյշըն» հետազօտական կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գլխաւոր մրցակիցները Ռուսիան ու Չինաստանն են. խօսքին ամբողջութիւնը հրապարակուած է Փենթակոնի պաշտօնական կայքին վրայ: «Այսօր` գերտէրութիւններու արդիականացման ժամանակաշրջանին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը Չինաստանը, ապա Ռուսիան կը ճանչնայ իբրեւ մեր զինուորական մրցակիցներ», կ՛ըսուի գրութեան մէջ: Էսփըրի խօսքով` երկու պետութիւններն ալ կ՛արդիականացնեն...

Էլիզապեթ Բ. Թագուհին 2021 Թուականին Պիտի Դադրի Պարպատոսի Ղեկավարը Ըլլալէ

Էլիզապեթ Բ. Թագուհին 2021 Թուականին Պիտի Դադրի Պարպատոսի Ղեկավարը Ըլլալէ

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին պիտի դադրի ղեկավարելէ Պարպատոս կղզին. 2021 թուականին կղզին պաշտօնապէս հանրապետութիւն պիտի դառնայ: «Պարպատոս Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պարպատոսի ընդհանուր նահանգապետ Սանտրա Մէյսըն` տեղական խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի բացման ընթացքին: Այս առնչութեամբ Մէյսըն` մասնաւորաբար նշած է. «Եկած է ժամանակը ամբողջութեամբ ետին ձգելու մեր գաղութային անցեալը: Պարպատոսի բնակիչներուն պետութեան սեփական ղեկավար պէտք է: Պարպատոսը պիտի...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Թուրքիան Կը Զգուշացնէ «Իր Դրացիները Ահաբեկելէ»

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Թուրքիան Կը Զգուշացնէ «Իր Դրացիները Ահաբեկելէ»

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լէյըն Թուրքիան զգուշացուց բնական կազի աղբիւրներու շուրջ տագնապի ծիրին մէջ իր դրացիները «ահաբեկելէ»: Վոն տեր Լէյըն Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ Եւրոպական Միութեան կացութեան վերաբերեալ իր տարեկան խօսքին մէջ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Յունաստանին ու Կիպրոսին` արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ հետ իրենց տարակարծութեան մէջ: Ան նշեց, որ Թուրքիան գաղթականները հիւրընկալելու համար դրամական մեծ օժանդակութիւններ կը...

Իսրայէլ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Ամէնէն Կարճ Ժամկէտի Մէջ Պէտք Է Դեսպանատուներ Բանան

Իսրայէլ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Ամէնէն Կարճ Ժամկէտի Մէջ Պէտք Է Դեսպանատուներ Բանան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Իսրայէլը, ըստ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրին, համաձայնած են առաւելագոյն կարճ ժամանակի մէջ փոխադարձաբար դեսպանատուներ բանալ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք կողմերը պէտք է մնայուն դեսպաններ փոխանակեն այնքան արագ, որքան գործնականին մէջ իրատեսական է, կողմերը, միջազգային իրաւունքին համապատասխան, պէտք է աջակցին դիւանագիտական եւ հիւպատոսական կապերուն», նշուած է...

Հարիւրաւոր Սուրիացիներ Թրքական Հսկողութեան Կէտին Մօտ Ցոյց Կը Կատարեն Թրքական Ներկայութեան Դէմ. Թուրքիա Ցոյցը Յարձակում Կը Նկատէ

Հարիւրաւոր Սուրիացիներ Թրքական Հսկողութեան Կէտին Մօտ Ցոյց Կը Կատարեն Թրքական Ներկայութեան Դէմ. Թուրքիա Ցոյցը Յարձակում Կը Նկատէ

«Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ հարիւրաւոր սուրիացիներ երէկ Համայի գիւղական շրջաններէն Մուրքի մէջ թրքական հսկողութեան կէտին առջեւ ցոյց կատարած են` բողոքելով թրքական ներկայութեան դէմ: Ցուցարարները Սուրիայէն թրքական ուժերու հեռացումը պահանջած են: Թրքական բանակը արցունքաբեր կազ օգտագործած է` ցրուելու համար ցուցարարները, ինչ որ շնչառութեան դժուարութեան եւ ուշաթափութեան դէպքերու պատճառ դարձած է: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Իտլիպ նահանգին մէջ...

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարներու.  Խաղաղութեան Համաձայնագիրներու Ստորագրութենէն Ետք, Այսրյորդանանէն Բաժիններու Իսրայէլի Կցման Ծրագիրէն Ետդարձ Չկայ

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարներու. Խաղաղութեան Համաձայնագիրներու Ստորագրութենէն Ետք, Այսրյորդանանէն Բաժիններու Իսրայէլի Կցման Ծրագիրէն Ետդարձ Չկայ

«Իսրայէլ նիուզ 24» կայքը երէկ հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներու ստորագրութենէն ետք Իսրայէլի մէջ հարցականներ ծագած են  վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Այսրյորդանանէն շրջաններ Իսրայէլի կցելու ընտրական խոստումին շուրջ: Կայքը նշեց. «Ծանօթ է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները սկիզբէն յայտնեցին, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն կնքած են վերջինիս կցման...

Թրամփ Յայտարարած Է Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Դէմ Պատասխան Քայլերու Ձեռնարկելու Մասին

Թրամփ Յայտարարած Է Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Դէմ Պատասխան Քայլերու Ձեռնարկելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան դէմ պատասխան քայլեր ձեռնարկելու մասին, երբ կազմակերպութիւնը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ չինական ապրանքներու ներածման մաքսատուրքերու բարձրացումը: «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Մենք պէտք է բան մը ընենք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հետ, որովհետեւ այդ կազմակերպութիւնը Չինաստանին...

«Ամերիկայի Դէմ Իրանեան Որեւէ Յարձակում Հազար Անգամ Աւելի Ուժեղ Պատասխանի Պիտի Արժանանայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ամերիկայի Դէմ Իրանեան Որեւէ Յարձակում Հազար Անգամ Աւելի Ուժեղ Պատասխանի Պիտի Արժանանայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` մեկնաբանելով «Փոլիթիքօ»-ի այն հաղորդագրութիւնը, թէ Իրան Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար վրէժ լուծելու համար մահափորձ կը նախապատրաստէ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լանա Մարքսի դէմ, «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարած է, թէ Իրանի կողմէ որեւէ յարձակումի պարագային Միացեալ Նահանգներու պատասխանը «1000 անգամ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ»: «Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն, Իրան...

Նաւալնի Կը Մերժէ Իր Թունաւորման Գործի Հետաքննութեան Ծիրին Մէջ Համագործակցիլ Ռուսիոյ Հետ

Նաւալնի Կը Մերժէ Իր Թունաւորման Գործի Հետաքննութեան Ծիրին Մէջ Համագործակցիլ Ռուսիոյ Հետ

Ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնի Գերմանիոյ դատախազութեան ներկայացուցիչին հետ զրոյցի ընթացքին մերժած է իր թունաւորման գործի հետաքննութեան ծիրին մէջ համագործակցիլ ռուսական կողմին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով Գերմանիոյ անվտանգութեան մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչը: «Նաւալնին ինչպէս նախապէս կը գտնուի հիւանդանոցը` գերմանական ոստիկանութեան ուժեղ հսկողութեան տակ: Ան գերմանական դատախազութեան աշխատակիցի հետ զրոյցի ընթացքին մերժած է բաւարարել Գերմանիոյ հետ...

Վեներայի Մթնոլորտին Մէջ Կեանքի Հաւանական Նշաններ Յայտնաբերուած Են

Վեներայի Մթնոլորտին Մէջ Կեանքի Հաւանական Նշաններ Յայտնաբերուած Են

Գիտնականները Վեներայի մթնոլորտին մէջ յայտնաբերած են հազուագիւտ քիմիական նիւթ մը, որ կրնայ վկայել մոլորակի մակերեւոյթին կենդանի մանր գոյացութիւններու գոյութեան մասին. այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը` նշելով, որ նման վերտառութեամբ յօդուածը լոյս տեսած է «Նէյչըր Ասթրոնոմի» ամսագիրին մէջ: Յայտնաբերուած նիւթը ֆոսֆին է, որ անգոյն թունաւոր կազ մըն է, որ չափազանց հազուադէպ գոյութիւն ունի բնական պայմաններու մէջ: Երկրագունդի վրայ անիկա...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրները Ստորագրեցին Իսրայէլի Հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրները Ստորագրեցին Իսրայէլի Հետ

Սպիտակ տան մէջ երէկ, շուրջ 700 հրաւիրեալներու ներկայութեան ստորագրուեցան Իսրայէլի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրները, որոնք ծանօթ են «Աբրահամ համաձայնագիրներ» անունով: Համաձայնագիրները ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Զայանի: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրման արարողութեան ընթացքին...

Փոմփէօ. «Իրանին Պիտի Արգիլենք Լիբանանի Մէջ  Ֆրանսայի Ջանքերը Ականահարել»

Փոմփէօ. «Իրանին Պիտի Արգիլենք Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Ջանքերը Ականահարել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ զգուշացուց Ֆրանսան, թէ Լիբանանի մէջ ճգնաժամի լուծման իր ջանքերը կրնան մսխուիլ, եթէ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինման հարցը անմիջապէս չլուծուի: Փոմփէօ «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանէն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեցին, եւ Իրանին պիտի արգիլենք չինական հրասայլեր կամ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնել, ապա զէնքը Հըզպալլային ծախել եւ ականահարել Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ...

Չաւուշօղլու Եւ Փոմփէօ Քննարկած Են  Արեւելեան Միջերկրականի Վիճելի  Տարածքներու Եւ Կիպրական Հարցեր

Չաւուշօղլու Եւ Փոմփէօ Քննարկած Են Արեւելեան Միջերկրականի Վիճելի Տարածքներու Եւ Կիպրական Հարցեր

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Զրոյցին հիմնական թեմաները եղած են Միջերկրական ծովու արեւելեան մասին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, տեղւոյն վիճելի տարածքներու հարցն ու կիպրական խնդիրը: Կողմերը քննարկած են նաեւ շրջանային այլ հարցեր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ նախապէս...

«Մենք Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներու` Իսրայէլի Բռնակցումի Քաղաքականութեան Դէմ Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Քալըն

Քալըն. «Պիտի Չարտօնենք Մեր Իրաւունքներու Խլուիլը»

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, թէ իր երկիրը որեւէ պետութեան հողերուն նկատմամբ ախորժակներ չունի, եւ նոյն ատեն, վճռակամ է, որ ոեւէ մէկը իր իրաւունքները չխլէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Քալըն, «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով, յայտնեց, թէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները կարելի է խաղաղ ճանապարհով լուծել` աւելցնելով, որ ողջամիտ, համապարփակ եւ իրաւունքի...

Page 430 of 884 1 … 429 430 431 … 884

Արխիւներ