Սպիտակ տան մէջ երէկ, շուրջ 700 հրաւիրեալներու ներկայութեան ստորագրուեցան Իսրայէլի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրները, որոնք ծանօթ են «Աբրահամ համաձայնագիրներ» անունով: Համաձայնագիրները ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Զայանի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրման արարողութեան ընթացքին ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի` Իսրայէլի հետ «խաղաղութեան համաձայնութեան» ստորագրումը եւ ըսաւ. «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք պատմութեան ընթացքը փոխելու համար, մենք Միջին Արեւելքի մէջ նոր արշալոյս մը կը տեսնենք` շնորհիւ այս պետութիւններու քաջութեան»:
«Այս համաձայնութիւնը պիտի արտօնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Իսրայէլի եւ Պահրէյնի միջեւ դեսպաններու փոխանակում եւ աշխարհի տարբեր մասերէն իսլամներու կարելիութիւն պիտի տայ Աքսայի մզկիթ այցելելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Համաձայնութիւնները փաստեցին, որ տարածաշրջանը ազատագրուած է ձախող մօտեցումներէն, եւ մօտ օրէն այլ երկիրներ պիտի հետեւին այս երկիրներուն»:
«Միջին Արեւելքի ժողովուրդը պիտի չարտօնէ, որ Իսրայէլի նկատմամբ ատելութիւնը ծայրայեղականութեան պատրուակ ըլլայ», շեշտեց Թրամփ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Այսօր պատմութեան մէջ շրջադարձ մը կը կատարուի, այսօր մեզի հետ հոս գտնուողներուն, ինչպէս նաեւ վաղը մեզի միանալիքներուն կ՛ըսեմ` «Խաղաղութիւն ձեզի»:
«Պետութիւններուն խաղաղութեան միանալը չէինք նախատեսեր, սակայն ատիկա իրագործուեցաւ շնորհիւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին», ըսաւ Նեթանիահու` նշելով. «Իսրայէլի ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ պատերազմի գինը, ես ալ գիտեմ պատերազմին գինը, ուստի, այո՛, խաղաղութիւնը շատ մեծ պիտի ըլլայ, որովհետեւ խաղաղութիւնը ընդլայնելով պիտի ներառէ արաբական այլ երկիրներ եւ թերեւս վերջնականապէս պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջ տալ»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ յայտնեց. «Այսօր կը կանգինք խաղաղութեան ձեռք երկարելու, խաղաղութեան ձեռք ընդունելու իրողութեան դէմ յանդիման, որովհետեւ այսօր ականատես ենք Միջին Արեւելքը փոխող արտակարգ դէպքի, որ ամբողջ աշխարհին վրայ յոյս պիտի տարածէ»:
«Այս նախաձեռնութիւնը կարելի պիտի չըլլար առանց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ անկեղծօրէն աշխատած խմբակին ջանքերուն: Մասնաւորաբար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի, նախագահ Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշների, եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատանք տարին այս մեծ ձեռքբերումի իրագործման համար: Մենք կը հաւատանք, թէ խաղաղութեան արդիւնքը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ, եւ թէ խաղաղութենէն զատ որեւէ ընտրանք համազօր պիտի ըլլայ քանդումի, աղքատութեան, մարդկային տառապանքի», ըսաւ ան:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրները մեզ կարող պիտի դարձնեն առաւել եւս օգնելու պաղեստինցի ժողովուրդին, եւ այսօր եկանք աշխարհին ըսելու, թէ մեր ուղին խաղաղութիւնն է», աւելցուց ան:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Զայանի իր խօսքին մէջ նշեց.«Կանգնած ենք պատմական օրուան մը եւ յոյսով լեցուն պահուան մը դէմ յանդիման»:
«Պահրէյնի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան աջակցութեան հռչակագիրը պատմական քայլ մըն է: Շատ երկար ժամանակ Միջին Արեւելքը ետ մնաց հակամարտութիւններու եւ անվստահութեան պատճառով, ինչ որ ականահարեց մեր ամէնէն փայլուն երիտասարդ¬երիտասարդուհիներուն կարողականութիւնները, եւ ես այժմ համոզուած եմ, որ մեր առջեւ ատիկա փոխելու առիթ մը ունինք», յայտնեց Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը:
«Այն, որուն մասին տարիներէ ի վեր կ՛երազէինք, այսօր իրագործելի դարձաւ, եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան յարգի առիթ մը կը տեսնենք», շեշտեց Զայանի` աւելցնելով. «Պէտք է անպատճառ արագ կերպով աշխատիլ մնայուն խաղաղութիւն եւ երկու պետութիւններուն միջեւ հարցերու լուծում իրագործելու համար»:
«Միջին Արեւելքը փոխելու առիթ մը ունինք, եւ գործակցութիւնը խաղաղութեան հաստատման ուղին է», ըսաւ ան: