Միջազգային

Փոմփէօ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներու Հաստատումը Յայտարարեց

Փոմփէօ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներու Հաստատումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց` նշելով, որ Ուաշինկթըն որոշած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատել: «Որոշեցինք պատժամիջոցներ հաստատել երկու անձերու դէմ, որոնք իրանեան իւրանիոմի հարստացման աշխատանքներուն մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունին», ըսաւ Փոմփէօ: Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ռապըրթ Լայթիզըր յայտնեց, որ իր երկիրը իրանցի 5 գիտնականներ ներառած է Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու ցուցակին...

Եւրոպական Խորհուրդի Անդամները  Քննադատած Են Թուրքիոյ Գերագոյն  Եւ Սահմանադրական  Դատարաններու Ներկայացուցիչները

Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Կողմէ Թրքական Ընկերութեան Մը Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը Կը Նկատէ Կողմնակալութեան Ցուցանիշ

Թուրքիա երէկ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Լիպիա զէնքի մատակարարման արգելքը խախտելուն համար թրքական ընկերութեան մը դէմ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները Եւրոպական Միութեան երկակի չափանիշներու կիրարկման եւ կողմնակալութեան ցուցանիշ են: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր Լիպիա զէնքի մատակարարման արգելքը խախտելնուն համար պատժամիջոցներ հաստատեց թրքական, յորդանանեան եւ ղազախական երեք ընկերութիւններու դէմ: Եւրոպական Միութիւնը սառեցուց հաշիւները թրքական «Աւրասիա...

Իսրայէլեան «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» Ընկերութիւնը Ազրպէյճանական Դրամի Լուացումի Առնչուած 2 Ընկերութիւններու 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է

Իսրայէլեան «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» Ընկերութիւնը Ազրպէյճանական Դրամի Լուացումի Առնչուած 2 Ընկերութիւններու 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է

Ըստ 2012-էն 2014 թուական երկարող ժամանակահատուածին վերաբերեալ դրամատնային սպրդած զեկուցումներու, Իսրայէլի օդանաւաշինական արտադրութեան մեծագոյն ընկերութիւնը` «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» (ԻԱԻ) առնուազն 155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնք առնչուած են Ազրպէյճանի կառավարութեան համար դրամ լուալու լայնածաւալ գործողութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը: Պետական ԻԱԻ-ի կողմէ կատարուած վճարումներուն պատճառը յստակ չէ: Դէպքը երեւան եկած է, երբ դրամատնային հազարաւոր փաստաթուղթեր...

Պուրկասի Մէջ 2012-ին Իսրայէլեան Փոխադրակառքի Ականահարման Հարցով.  Պուլկարական Արդարադատութիւնը Հըզպալլայի 2 Անդամներ Դատապարտեց Ցկեանս Բանտարկութեան

Պուրկասի Մէջ 2012-ին Իսրայէլեան Փոխադրակառքի Ականահարման Հարցով. Պուլկարական Արդարադատութիւնը Հըզպալլայի 2 Անդամներ Դատապարտեց Ցկեանս Բանտարկութեան

Պուլկարական արդարադատութիւնը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Հըզպալլայի երկու անդամներ` զանոնք մեղաւոր նկատելով 2012 թուականին իսրայէլեան փոխադրակառքի մը վրայ յարձակումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Պուլկարական արդարադատութիւնը նախապէս Հըզպալլան ամբաստանած էր յունիս 2012-ի յարձակումին ետին կանգնելու յանցանքով: Այդ յարձակումին պատճառով հինգ իսրայէլացիներ եւ փոխադրակառքի վարիչը սպաննուած էին: Պուլկարական կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարած էր. «Լիբանանեան Հըզպալլայի առնչակից երկու անձեր մեղսակից...

Փոմփէօ. «Ծոցէն Երկիրներ Համոզեցինք` Իսրայէլի Հետ Գործակցելու Իրենց Անվտանգութեան Համար»

Փոմփէօ. «Ծոցէն Երկիրներ Համոզեցինք` Իսրայէլի Հետ Գործակցելու Իրենց Անվտանգութեան Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գիտակցեցաւ, թէ տարածաշրջանին մէջ սպառնալիքը Իրանն է, ուստի համոզեցինք Ծոցէն կարգ մը երկիրներ Իսրայէլի հետ գործակցելու իրենց անվտանգութեան երաշխաւորման համար»: «Յաւելեալ երկիրներ պիտի ճանչնան Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը եւ առեւտրական գետնի վրայ անոր հետ պիտի գործակցին», աւելցուց Փոմփէօ:

Միացեալ Նահանգներ Կը Վերականգնեն Իրանի Դէմ ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներ Կը Վերականգնեն Իրանի Դէմ ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները վերականգնած են, հակառակ անոր որ ՄԱԿ մերժեց այդ մէկը` սպառնալով զայն վերականգնող երկիրներուն, որ պիտի չկարենան զանոնք գործադրել առանց «հետեւանքներու»: Փոմփէօ ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ այսօր կ՛ողջունեն վերականգնումը ահաբեկչութեան եւ աշխարհի տարածքին հակասեմականութեան գլխաւոր հովանաւոր Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներուն, որոնք նախապէս ջնջուած էին»:...

«Իրան Զգետնող Պատասխանով Պիտի Հակադարձէ Ամերիկեան Խուլիկանութեան»   Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Իրան Զգետնող Պատասխանով Պիտի Հակադարձէ Ամերիկեան Խուլիկանութեան» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներ պարտութեան մատնուեցան եւ Միջազգային ընտանիքին կողմէ ժխտական հակազդեցութեան արժանացան: Ան նշեց, թէ Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատման հարցին մէջ ստոյգ պարտութեան կը մօտենան: Ռուհանի յայտարարեց, որ Իրան զգետնող պատասխանով պիտի հակադարձէ ամերիկեան խուլիկանութեան` նշելով, թէ Միացեալ Նահանգներ հասած են ձախողութեան կէտին եւ տարբեր երկիրներու դէմ...

Ըստ «Կլոպզ»-ի.  Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Բանակցած Են` Իսրայէլի Ճամբով Ծոցը Եւրոպային Կապող Քարիւղի Խողովակաշարի Կառուցման Նպատակով

Ըստ «Կլոպզ»-ի. Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Բանակցած Են` Իսրայէլի Ճամբով Ծոցը Եւրոպային Կապող Քարիւղի Խողովակաշարի Կառուցման Նպատակով

Տնտեսական հարցերու իսրայէլեան մասնագիտական «Կլոպզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլէն պաշտօնատարներ իրենց էմիրաթցի պաշտօնատարներուն հետ բանակցած են` Արաբական Ծոցի շրջանը Իսրայէլին կապող քարիւղի խողովակաշարի կառուցման շուրջ: Իսրայէլացի պաշտօնատարները անցնող քանի մը օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ բանակցած են նաւթային արտադրութիւններու փոխադրման խողովակաշարի կառուցման գծով: Անոնք նշեցին, որ խողովակաշարը պիտի անցնի Սէուտական Արաբիայէն եւ հասնի Կարմիր ծովուն վրայ իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստ, ուրկէ...

Իսրայէլեան Կայք Մը Կը Բացայայտէ Մուղնիէն Ահաբեկողին Ինքնութիւնը

Իսրայէլեան Կայք Մը Կը Բացայայտէ Մուղնիէն Ահաբեկողին Ինքնութիւնը

Իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան գաղտնիքները բացայայտելու մէջ մասնագիտացած «Թիքոն Օլամ» (Գրաքննութեան ձախողութիւն) կայքը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած է, բացայայտեց 2008 թուականին Հըզպալլայի մարտական ղեկավար Իմատ Մուղնիէն ահաբեկած անձին անունը: Կայքը գրեց. «Օրաթերթը («Նիւ Եորքըր») հաղորդեց, թէ Հըզպալլայի թիւ երկու ղեկավար Իմատ Մուղնիէի 2008 թուականին ահաբեկումը «Սի.Այ.Էյ.»¬ի եւ Մոսատի միացեալ գործողութիւն մըն էր, եւ ատոր նպատակը վրէժ լուծել էր` Միացեալ Նահանգներուն...

Իրանի Յեղափոխութեան Պահակագունդի Հրամանատարը Կը Խոստանայ Քասեմ Սիւլէյմանիին Վրէժը Լուծել

Իրանի Յեղափոխութեան Պահակագունդի Հրամանատարը Կը Խոստանայ Քասեմ Սիւլէյմանիին Վրէժը Լուծել

Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու հասցուած հարուածը վերջնական եւ ամբողջական վրէժ չէր իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար Հուսէյն Սալամին: «Եթէ ամերիկացիները կ՛ուզեն մեզի հետ կռուիլ, անոնք պէտք է տարածաշրջանին մէջ ըլլան, անոնք չեն կրնար մեզի հետ տարածաշրջանէն դուրս պատերազմիլ: Երբ անոնք կը տեղակայուին տարածաշրջանին...

Թուրքիոյ Մէջ Յունաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` «Յունական Թերթի Մէջ Էրտողանի Մասին Ոչ Պատշաճ Վերնագիրին Պատճառով»

Թուրքիոյ Մէջ Յունաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` «Յունական Թերթի Մէջ Էրտողանի Մասին Ոչ Պատշաճ Վերնագիրին Պատճառով»

Անգարայի մէջ Յունաստանի դեսպանը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` յունական թերթերէն մէկուն մէջ լոյս տեսած հրապարակումներու պատճառով, որոնք կը բովանդակէին վիրաւորական արտայայտութիւններ  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին: Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Յունաստանի դեսպանը`...

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Միջեւ Բախումներէ Կը Զգուշացնէ

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Միջեւ Բախումներէ Կը Զգուշացնէ

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէն Քրիսթոֆըր Ռէյ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ լսումներու ընթացքին նշեց, թէ իր ղեկավարած մարմինը  կը հետեւի շարժումներուն այն զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Փորթլենտի եւ Մեծ լիճեր շրջանին մօտ գտնուող Քինոշայի մէջ ցեղապաշտութեան դէմ ցոյցերու ընթացքին բախում ունեցած են: «Այլեւս բռնութեան հրահրման յաւելեալ վառելանիւթ ունինք: Ունինք խմբաւորումներ, որոնք իրարու հակասող տեսակէտներ ունին, ինչ որ կացութեան վտանգաւորութիւնը կ՛աճեցնէ:...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

«Ո՛չ Եւրոպական Խորհրդարանը, Ո՛չ Ալ Եւրոպական Միութիւնը Իրաւասու Են Որոշելու Երրորդ Երկիրներու Սահմաններն Ու Իրաւունքները» Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէ Եւրոպական խորհրդարանի` Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ Թուրքիոյ հորատման աշխատանքները դադրեցնելու կոչ ուղղող բանաձեւը: Այս մասին կը գրէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Եւրոպական խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի` Թուրքիոյ վերաբերեալ 17 սեպտեմբեր 2020-ի խորհրդատուական բանաձեւը հեռու է բացառապէս Եւրոպական Միութեան անդամներուն համերաշխութիւն յայտնելու համար որդեգրուած ըլլալէն եւ շատ առումներով անընդունելի...

Կիպրոսի Նախագահը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Դէմ Աւելի Խիստ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Կիպրոսի Նախագահը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Դէմ Աւելի Խիստ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս յայտարարած է, որ Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները կը հակասեն օրէնքին, եւ որ Եւրոպական Միութիւնը Միջերկրականի արեւելեան հատուածին մէջ Թուրքիոյ գործադրած աշխատանքներուն վերջ տալու համար պէտք է աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատէ այդ երկրին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքերէն ծառայութիւնը: Կիպրոսի նախագահը Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է նաեւ, որ Եւրոպական...

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Յարգելու Պոլսոյ Մէջ  Ընտրութիւնը Կրկնելու Որոշումը

«Կիպրոսի Մէջ Դաշնակցային Դրութեան Մասին Այլեւս Խօսք Չի Կրնար Ըլլալ» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յատնեց. «Յունական կողմը 2017 թուականին զուիցերիական «Քարանս Մոնթանա» համալիրին մէջ գումարուած բանակցութիւններուն մէջ բոլոր առիթները կորսնցուց»: «Մենք հրապարակաւ յայտնեցինք, թէ այսուհետեւ նոր բանակցային հոլովոյթին մէջ դաշնակցային դրութեան մասին պիտի չխօսինք», ըսաւ Աքսոյ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բոլորը գիտեն, թէ 2017-ի բանակցութիւններու ձախողութեան պատճառը յունական կողմին կղզիի թրքական կողմին...

Մոսատի Ղեկավարը Չի Բացառեր Մօտ Ժամանակէն Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը

Մոսատի Ղեկավարը Չի Բացառեր Մօտ Ժամանակէն Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Եոսի Քոհեն յայտարարեց, թէ ինք չի բացառեր, որ յառաջիկայ մօտիկ ժամանակին Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն գոյանայ: «Արաբական ծոցի շրջանէն չեղող այլ երկիրներ պիտի միանան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի հետ Իսրայէլի կնքած յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներուն», ըսաւ Քոհեն: Մոսատի ղեկավարը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Պահրէյնի հետ կնքուած համաձայնագիրները կը նկատուին մեծ պատգամներ,...

«Սարաժի Հրաժարելու Մտադրութիւնը Ցաւալի Է»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սարաժի Հրաժարելու Մտադրութիւնը Ցաւալի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւ յայտնեց Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի` իր պաշտօնէն հրաժարելու մտադրութիւնը յայտարարելուն նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան արաբերէն ծառայութիւնը: Թուրքիոյ նախագահը այդ մասին յայտարարած է ուրբաթ օրուան նամազէն ետք` մեկնաբանելով Սարաժի` իր պաշտօնը յաջորդ գործադիր իշխանութեան յանձնելու մտադրութեան յայտարարութիւնը: Էրտողան աւելցուց, որ Սարաժի հետ անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ...

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, խօսելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մասին, նշած է, որ Մոսկուան պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու որեւէ կառավարութեան հետ: Այս մասին Լաւրով յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Մենք, ի հարկէ, պիտի աշխատինք որեւէ երկրի մէջ ընտրուած որեւէ կառավարութեան հետ, եւ ատիկա կը վերաբերի նաեւ Միացեալ Նահանգներուն: Սակայն...

Ինտոնեզիոյ Մէջ Դիմակ Չդնող Անձերը Իբրեւ Պատիժ Կը Ղրկեն «Քորոնա»-էն Մահացածներու Համար Գերեզմանափոսեր Փորելու

Ինտոնեզիոյ Մէջ Դիմակ Չդնող Անձերը Իբրեւ Պատիժ Կը Ղրկեն «Քորոնա»-էն Մահացածներու Համար Գերեզմանափոսեր Փորելու

Ինտոնեզիոյ Արեւելեան Ճաւա նահանգի Կրեսիք շրջանին մէջ որոշած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ընթացքին առանց դիմակի շրջող անձերը պատժել` զանոնք ուղարկելով ժահրին պատճառով մահացածներու համար գերեզմանափոսեր փորելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, թէ գերեզմանափոս փորելու ուղարկուած են առաջին ութ իրաւախախտները: Տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները լրագրողներուն յայտնած են, որ շրջանին մէջ գերեզման փորող միայն երեք մասնագէտ մնացած...

Չինաստան Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Թայուանի Նեղուցին Մօտ

Չինաստան Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Թայուանի Նեղուցին Մօտ

Չինաստան ռազմափորձեր կը կատարէ Թայուանի նեղուցին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ժեն Կոցիանին: Կոցիանի նշած է. «Ասոնք ողջամիտ եւ անհրաժեշտ գործողութիւններ են` ուղղուած Թայուանի նեղուցին մէջ ընթացիկ իրավիճակին եւ ազգային գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան»: Ըստ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին, Թայուան Չինաստանի ներքին գործն է, որ չի հանդուրժեր օտարերկրեայ միջամտութիւն: «Չինաստանի...

Page 429 of 884 1 … 428 429 430 … 884

Արխիւներ