Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկայի Դէմ Իրանեան Որեւէ Յարձակում Հազար Անգամ Աւելի Ուժեղ Պատասխանի Պիտի Արժանանայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

September 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` մեկնաբանելով «Փոլիթիքօ»-ի այն հաղորդագրութիւնը, թէ Իրան Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար վրէժ լուծելու համար մահափորձ կը նախապատրաստէ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լանա Մարքսի դէմ, «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարած է, թէ Իրանի կողմէ որեւէ յարձակումի պարագային Միացեալ Նահանգներու պատասխանը «1000 անգամ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ»:

«Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն, Իրան Միացեալ Նահանգներու դէմ սպանութիւն կամ այլ յարձակում կը ծրագրէ` ի պատասխան ահաբեկիչներու ղեկավար Սիւլէյմանիի սպանութեան: Միացեալ Նահանգներու վրայ որեւէ յարձակումի պարագային Իրանը 1000 անգամ աւելի ուժեղ պատասխան պիտի ստանայ», գրած է Թրամփ:

Լրատուամիջոցներուն մէջ հաղորդագրութիւններ տարածուած էին, թէ Իրան Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար վրէժ լուծելու նպատակով մահափորձ կը նախապատրաստէ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լանա Մարքսի դէմ:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բանբերին համաձայն, Փրեթորիայի մէջ Իրանի դեսպանատունը ներգրաւուած է դաւադրութեան մէջ, իսկ Մարքսին սկիզբէն տեղեակ պահուած է իրեն սպառնացող վտանգին մասին:

Կը նշուի, թէ հաւանական է, որ սպանութեան համար Լանա Մարքսը ընտրուած է, որովհետեւ վերջինս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հին ընկերն է:

Աւելի ուշ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէն յայտարարած է, թէ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին դէմ մահափորձ կատարելու Թեհրանի մտադրութեան մասին պնդումները անհիմն են:

Յիշեցնենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին սպաննուած էր 3 յունուարին` Պաղտատի մէջ: Օրեր ետք Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարած էր հրամանատարի սպանութեան համար վրէժ լուծելու գործողութեան սկսելու մասին` հրթիռակոծելով Իրաքի արեւմուտքը գտնուող ամերիկեան Այն Ասատ ռազմակայանը:

 

 

 

Նախորդը

Նաւալնի Կը Մերժէ Իր Թունաւորման Գործի Հետաքննութեան Ծիրին Մէջ Համագործակցիլ Ռուսիոյ Հետ

Յաջորդը

Թրամփ Յայտարարած Է Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Դէմ Պատասխան Քայլերու Ձեռնարկելու Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

January 16, 2026
Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

January 16, 2026
Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.