Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Պիտի Շարունակենք Կատարել Այն, Զոր Լաւագոյնը Կը Նկատենք Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Շահերուն»

Սեպտեմբեր 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած տեսաժողովին ընթացքին յայտնեց. «Արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել բանակցութիւններու ճամբով` պայմանով որ արդարութեան վրայ հիմնուած կառուցողական մօտեցումով կատարուին անոնք»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, թէ Էրտողան նոյն ատեն շեշտած է, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար վճռակամ եւ ազդու քաղաքականութիւն կիրարկել»:

Նշենք, որ Գերմանիան միջնորդութիւն կը կատարէ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ նաեւ յայտարարեց. «Թուրք ժողովուրդին զօրակցութեամբ Թուրքիան պիտի շարունակէ կատարել այն, զոր լաւագոյնը կը նկատէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ շահերուն համար»:

«Պիտի շարունակենք աշխատիլ թուրք ժողովուրդը տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնելու` նոյնիսկ եթէ Եւրոպան ու Ամերիկան տնտեսապէս քայքայուին», աւելցուց ան:

«Թուրքիան վճռակամ է շարունակելու պայքարը մեր բարեկամներուն համար, ինչպէս անոնք կը պայքարին մեզի համար: Ա՛յս է Թուրքիոյ պայքարի բնոյթը, եւ եթէ իրատեսական ու անկեղծ պատասխաններ ստանանք մեր բոլոր հարցումներուն, մեր պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ մեր քաղաքականութիւնները վերատեսութեան ենթարկել», նշեց Էրտողան:

Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի շտապ-բնակարանին մէջ երէկ մեկնարկած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու Միջերկրական ծովուն մէջ լարուածութեան մեղմացման վերաբերող չորրորդ հանդիպումը:

Բանակցութիւնները կը կրեն աշխատանքային բնոյթ, անոնց նպատակն է արեւելեան Միջերկրականի մէջ միջադէպերը կանխարգիլելու համար համաձայնութիւն գոյացնել` զինուորական ուժերու «բաժանման քայլերու» շուրջ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ժողովին Էրտողան ընդգծած է. «Եւրոպական երկիրները պէտք է արդար եւ հետեւողական ըլլան Միջերկրական ծովու արեւելքի հարցին մէջ», եւ որ Թուրքիան «պիտի շարունակէ աշխուժ եւ վճռական քաղաքականութիւն վարել սեփական

իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով»:

Թրքական կողմէն բանակցութիւններուն մասնակցած են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, ազգային հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանը, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթունը, նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալընը եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Հասան Տողանը:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Յանցագործութիւնները Ուսումնասիրող Յանձնախումբը Թուրքիան Եւ Թրքամէտ Ուժերը Մեղադրած Է` Զինուորական Յանցագործութիւններու Համար

Յաջորդը

«Առանց Պաղեստինեան Դատի Լուծման, Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութիւն Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուսիա

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?